Ֆրանչիսկոս Պապը միացեալ նահանգներու մէջ անկարգութիւններու մասին. «Ցեղապաշտութիւնը անհանդուրժելի է, սակայն ո՛չ բռնութեան»։

Սիրելի բարեկամներ չենք կրնար հանդուրժել եւ ոչ իսկ մեր աչքերը խփել որեւէ ցեղապաշտ կամ բացառումի արարքի դիմաց, եւ չենք կրնար չի պահանջել իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի սրբութեան պաշտպանութիւնը։ Միաժամանակ հարկաւոր է ճանչնալ, թէ վերջին մի քանի գիշերուան բռնութինները, ինքնակործան եւ ինքնավնաս են։ Ոչինչ կարելի է շահիլ բռնութեամբ, ու շատ բան կը կորսուի»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 3 յունիսին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ծիրէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ  ինչպէս միշտ տարբեր լեզուներով ողջունեց հրապարակային ունկնդրութեան հետեւող օտարերկրեայ հաւատացեալները։

Ունկնդրէ լուրը

Ողջունելով Անգլիախօս հաւատացեալները Սրբազան հայրը անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին իրադարձութիւններուն ըսելով,

«Միացեալ նահանգներու, Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ, այս օրերուն ձեր երկրին մէջ տեղի ունեցող  ընկերային ցաւալի անկարգութիւններուն՝ Տիար Ճորճ Ֆլոյտի ողբերգական մահուան հետեւանքով։ ։

Սիրելի բարեկամներ չենք կրնար հանդուրժել եւ ոչ իսկ մեր աչքերը խփել որեւէ ցեղապաշտ  կամ բացառումի արարքի դիմաց, եւ չենք կրնար չի պահանջել իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի սրբութեան պաշտպանութիւնը։ Միաժամանակ հարկաւոր է ճանչնալ, թէ վերջին մի քանի գիշերուան բռնութինները, ինքնակործան եւ ինքնավնաս են։ Ոչինչ կարելի է շահիլ բռնութեամբ, ու շատ բան կը կորսուի»։ Ըսաւ նորին Սրբութիւնը  ապա ապահովեցուց իր աղօթքը՝ Ճորճ Ֆլոյտի հոգիին յաւիտենական հանգստին  համար ըսաւ   «Այսօր կը միանամ Սուրբ Փոլի, Մինէափոլիսի եկեղեցւոյ եւ համայն Միացեալ  Նահանգներու եկեղեցւոյ,  Ճորճ Ֆլոյտի հոգիին յաւիտենական հանգիստի աղօթքներուն եւ բոլոր անոնց հոգիներուն համար, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ցեղապաշտութեան մեղքի պատճառաւ։


Աղօթենք ընտանիքներու եւ վշտահար բարեկամներուն մխիթարութեան համար, աղօթենք ազգային համերաշխութեան եւ խաղաղութեան համար, որուն կը ցանկանանք։

Թող Կուտալուփէի Տիրամայրը, Ամերիկայի Մայրը բարեխօսէ բոլոր անոնք որոնք կը գործեն խաղաղութեան արդարադատութեան համար՝ ձեր երկրին եւ աշխարհին մէջ


Թող Աստուած ձեզի եւ ձեր ընտանիքները օրհնէ»  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը» անգլիախօս հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքի աւարտին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2020, 10:49