Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին խորհրդածութիւնը։

Այսօրուան Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Աստուածային երեք անձերուն՝ Հօր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, Սուրբ Երրորդութեան խոհուրդին նշելով երեքին միակ ծրագիրն է փրկել աշխարհն ու մարդկութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 7 յունիսի՝ կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն ,կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ առաջ ներկայացուց փոքրիկ խորհրդածութիւն մը անդրադառնալով օրուան աւետարանին ու տօնակատարութեան։

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօրուան Աւետարանը՝ Յիսուսի եւ Նիկոդեմոսի միջեւ զրոյցը (Յովհ, 3,16-18) ու Սուրբ Երրորդութեան տօնակատարութիւնը, մեզի ցոյց կու տան աշխարհի, արարչագործութեան նկատմամբ Աստուծոյ սէրը։ Նիկոդեմոսի հետ ունեցած կարճ զրոյցին մէջ, Յիսուս ներկայացաւ իբրեւ Ան, որ լրումին հասցուց, աշխարհի ի նպաստ փրկագործութեան Աստուծոյ ծրագիրը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ ապա անդրադառնալով Յիսուսի խօսքին, «Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ անգամ իր Միածին Որդին տուաւ» նշեց թէ «Աւետարանի այդ խօսքերը ցոյց կու տան, որ երեք Աստուածային անձերուն գործողութիւնը՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգին, սիրոյ միակ ծրագիրն է, որ կը փրկէ աշխարհն ու մարդկութիւնը։ Փրկութեան ծրագիր մըն է՝ մեզի համար։ Աստուած աշխարհը ստեղծեց բարի, գեղեցիկ, սակայն մեղքըաշխարհը բնորոշեց չարիքով եւ կաշառակերութեամբ ու մենք՝ այրեր ու կիներ, մեղաւորներ ենք։

Աստուած առ այդ կրնար միջամտել ՝ աշխարհը դատելու, չարը կործանելու  եւ մեղաւորները պատժելու։ Սակայն՝ Աստուած  կը սիրէ աշխարհը, հակառակ անո բոլոր մեղքերուն։ Աստուած կը սիրէ մեզմէ իւրաքանչիւրս, նոյնիսկ երբ սխալ կը գործենք ու Անորմէ  կը հեռանանք» ըսաւ ապա ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով՝  որ «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը  որ զայն փրկելու համար պարգեւեց իրեն համար ամենարժէքաւորը՝  Միածին Որդին, որ իր կեանքը զոհեց մարդոց համար,  յարութիւն  առաւ, Հօր քով վերադարձաւ ու Անոր հետ միասին Սուրբ Հոգին ղրկեց»։

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը  խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդին վրայ։

«Սուրբ Երրորդութիւնը սէր է համայն  ի ծառայութիւն աշխարհին, զոր կ՛ուզէ վերաստեղծել ու փրկել։ Եւ այսօր մտածելով Ատսուծոյ՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, կը մտածենք Աստուծոյ սիրոյն։ Աստուած կը սիրէ։ Այս է այսօրուան զգացումը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը։

Երբ Յիսուս  կ՝ըսէ  «Հայրը իր Միածին Որդին տուաւ», բոլորս կը մտաբերենք Ծննդոց գիրքի Աբրահամն ու անոր Իսահակ որդիին զոհաբերումին դրուագը։ Կը մտածենք նաեւ թէ ինչպէս  Աստուծոյ կը յայտնուի Մովսէսին, լի քաղցրութեամբ, ողորմածութեամբ, գթասրտութեամբ։ Եւ Մովսէս քաջալերուած Աստուծոյ հետ այդ հանդիպումէն  չվախցաւ Աստուծոյ եւ Ժողովուրդին միջեւ կանգնելու եւ ըսելու.«Ով Տէր, եթէ  հիմա քու առջեւդ շնորհք գտայ կ՝աղաչեմ, թող իմ Տէրը մեզի հետ երթայ եւ ներէ մեր անօրէնութիւնը ու մեր մեղքերը»։ Ելից ( 34, 9)

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Սուրբ Երրորդութեան տօնը մեզ կը հրաւիրէ  թոյլ տալու դարձեալ հրապուրուելու Աստուծոյ գեղեցկութեամբ։ Աստուած որ գեղեցկութիւն, բարի ու անսպառ ճշմարտութիւն է ինչպէս նաեւ հեզ ու մօտիկ է,  որ մարմնացաւ մեր կեանքին ու պատմութեան մէջ մտնելու համար, եւ  որպէսզի իւրաքանչիւր այր մարդ ու կին կարենայ Անոր հանդիպիլ  եւ ունենայ յաւիտենական կեանք։Այս է հաւատքը, ընկալել Սիրոյ Աստուածը, որ  կը նուիրուի Քրիստոսի մէջ եւ թոյլ կու  տալ,  որ իրեն հանդիպինք ու վստահինք։ Այս է Քրիստոնէական կեանքը. Սէր, հանդիպիլ Աստուծոյ, փնտռել զԱստուած որ մեզ կը փնտռէ մեզմէ առաջ։

«Սուրբ Կոյս Մարիամը,  Երրորդութեան օթեւանը, օգնէ բոլորիս Աստուծոյ սէրը բաց սրտով ընկալելու համար, որ մեզ ուրախութեամբ կը լիացնէ եւ իմաստ կու տայ այս աշխարհի մէջ մեր ուղեւորութեան,  ուղղորդելով դէպի նպատակ , որ է երկինքը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2020, 12:09