Լորէթոյի Սրբավայրը Լորէթոյի Սրբավայրը 

Մաչերաթա – Լորեթօ ուխտագնացութիւն։ «Դուք Սուրբ Կոյսին ուխտաւորներն էք». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Մաչերաթա - Լորեթօ հետիոտն աւանդական ուխտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ առցանց՝ Լորեթոյի Տիրամօր Սրբավայրին մէջ կազմակերպուած յատուկ մէկ աղօթքի արարողութեամբ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քորոնա ժահրի համաճարակի տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ առնուած քայլերուն բերումով՝ 2020 տարուայ Մաչերաթա - Լորեթօ հետիոտն ուխտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ առցանց Լորեթոյի Տիրամօր Սրբավայրին մէջ կազմակերպուած յատուկ մէկ աղօթքի արարողութեամբ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շատ փոքր թիւով հաւատացեալներ, որպէս աշխարհի տարբեր վայրերէն ցանցի միջոցաւ կապուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայացուցիչներ։

28 Քմ երկարութեամբ տարեկան վերոնշեալ ուխտագնացութիւնը, որ այս տարի բոլորեց 42 ամեակը, տեղի պիտի ունենար 13 Յունիսէն  14 Յունիս երկարող գիշերուան ընթացքին,  մեկնելով Մաչերաթա քաղաքէն ու հասնելով Լորեթոյի Տիրամօր նուիրուած Սրբավայր։ Սակայն, ինչպէս նշեցինք, համաճարակի բերումով  ուխտագնացութիւնը վերածուեցաւ՝  Սրբավայրն մէջ կայացած Սուրբ Վարդարանի աղօթքի, որուն ուղիղ եթերով իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր հաւատացեալներ եւ որուն ընթացքին ներկայացուեցան երգեր եւ վկայութիւններ, որոնք աւարտեցան հաւատացեալներուն ցանցի միջոցաւ ուղարկած աղերսական աղօթքները մատուցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին։

«Այս առաջին անգման է որ կը հետեւիմ «վերացական» ուխտագնացութեամբ մը»  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ յատուկ աղօթքի երեկոյեան առթիւ հեռաձայնային կապ հաստատեց Մաչերաթա - Լորեթօ ուխտագնացութեան կազմակերպիչ՝ Ֆապրիանօ Մաթելիքա Թեմին երբեմնի եպիսկոպոսս՝ գերապայծառ Ճանքարլօ Վեչերրիքային հետ ու Լորեթոի Արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ֆապիօ Տալ Չինի հետ։

«Սիրելի գերապայծառ. սիրելի «վիրթուալ» ուխտաւորներ, սիրելի պատանիներ, կիներ եւ այրեր,  դուք բոլորդ այս պահուն կը գտնուիք Յոյսի Տիրամօր՝ Լորեթոյի Սրբավայրէն դուրս, Մայրը՝ որ մեզ կ՛օգնէ նայելու աւելի անդին, այս այնքան դժուար պահուն երբ կարիքը ունինք յոյսով նայելու աւելի անդին» ըսաւ Սրբազան Պապը։

«Մօտիկ եմ ձեզի այս վերացական ուխտագնացութեան ընթացքին եւ կ՛աղօթեմ ձեզի հետ եւ ձեզի համար ու դուք աղօթեցէք ինծի համար» աւելցուց Քահանայապետը խրախուսելով զանոնք քաջութիւն ունենալու,  «որովհետեւ յետ համաճարակի ժամանակները դիւրին չեն, բայց  հաւատքի քաջութեամբ եւ յոյսով կարող ենք յառաջ ընթանալ» ըսաւ Ան հրաւիրելով այդ քաջութիւնը հայցել Սուրբ Կոյսէն։

 Ֆրնաչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնելով Սրբավայրին մէջ համախմբուած հաւատացեալներու փոքրիկ խումբին  պատգամը եզրափակեց ըսելով «Դուք Տիրամօր ուխտաւորներն էք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2020, 19:08