Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Լոմպարտիա Նահանգի նախագահը, Նահանգի եպիսկոպոսները եւ բուժաշխատողներու պատուիրակութիւն մը։

Այսօր աւելի քան երբեք ի յայտ եկաւ ամէն բան մեր վրայ կեդրոնացնելու եւ անհատականութիւնը ընկերութեան սկզբունքն ու ուղեցոյցը դարձնելու պատրանքը....Բայց պէտք է ուշադիր ըլլալ՝ որովհետեւ հազիւ տագնապը աւարտի, դիւրին է դարձեալ վերադառնալ այդ պատրանքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 20 Յունիս 2020-ի առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը յաջորդաբար ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Մարք Ուելլէն, ապա՝  հրաժեշտի այցելութիւններու առթիւ, Սուրբ Աթոռի մօտ Նիճերիոյ եւ Հնդկաստանի դեսպանները, որոնցմէ ետք  Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Լոմպարտիա նահանգի 60 հոգիէ բաղկացած բժիշկներու եւ  հիւանդապահներու պատուիրակութեան մը, գլխաւորութեամբ  Լոմպարտիա Նահանգի նախագահին ու եպիսկոպոսներուն։

Լոմպարտիա Նահանգի նախագահին Քահանայապետին ուղղած խօսքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը իր կարգին ողջունեց ներկաները  նշելով՝ թէ անոնք կը ներկայացնեն Լոմպարտիան՝ «Իտալիոյ շրջաններէն մին՝ որ առաւելապէս տուժեց COVID-19 համաճարակէն, Փիեմոնթէ, Էմիլիա Ռոմանիա եւ Վենեթօ նահանգներուն հետ միասին»։

Սրբազան Պապը յատուկէն ողջունեց նաեւ Հռոմի «Սփալլանծանի» հիւանդանոցի ներկայացուցիչները եւ ակնարկեց վերջին ամիսներուն ապրուած տագնապին ու անոր ծանր հետեւանքներուն ու այդ տագնապին ընթացքին առաջին գիծի վրայ գտնուող բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, կրօնաւորներուն եւ կամաւորներուն, «որոնք, ըսաւ Քահանայապետը, եղան մարդկայնութեան տեսանելի նշան մը, որ սիրտը կը ջերմացնէ»։

Անոնցմէ շատեր նաեւ ինկան «պատերազմի» դաշտին վրայ, մինչ իրենց պարտականութիւնը կը կատարէին։ «զանոնք կը յիշենք աղօթքի մէջ՝ մեծ երախտագիտութեամբ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, արժեւորելով առողջապահական գործիչներուն գործունէութիւնը, անոնց մօտիկութեան արտայայտութիւնները՝ հանդէպ հիւանդներուն եւ հիւանդներու ընտանեկան պարագաներուն,  մասնագիտական հմտութիւնները միացնելով մարդկային սիրոյ արտայայտութիւններուն։

«Հիւանդները շատ անգամ իրենց մօտ գտան «հրեշտակներ», որոնք զիրենք օգնեցին վերագտնելու առողջութիւն, եւ որոնք միաժամանակ մխիթարեցին զանոնք, թիկունք կանգնեցան ու յաճախ նաեւ առաջնորդեցին Տիրոջ հետ վերջին հանդիպումին» ըսաւ Սրբազան Պապը

Մատնանշելով նաեւ Մատրանապետներու առաքելութեան, Քահանայապետը աւելցուց թէ բուժաշխատողները անոնց հետ միասին,  վկայեցին Աստուծոյ մօտիկութիւնը տառապողին նկատմամբ։

«Անոնք եղան մօտիկութեան եւ քնքշութեան լռելեան արհեստաւորները» հաստատեց Ան, ապա խօսքը ուղղելով բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն նշեց թէ «աշխարհը կարողացաւ ականատես ըլլալ՝ որքան  բարիք գործեցիք՝ այսպիսի մեծ փորձանքի մը ընթացքին»։

«Նոյնիսկ երբ սպառած էիք շարունակեցին յանձնառու ըլլալ նուիրումով եւ  արհեստավարժութեամբ եւ այս մէկը յոյս կը յարուցէ։ Դուք եղաք երկրին հիմնասիւներէն մին։ Ձեզի բոլորիդ յարգանք եւ անկեղծ շնորհակալութիւն», ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով՝ թէ «այժմ պահն է այս դրական ուժը գանձի վերածելու»։ Այս մէկը հարստութիւն մըն է՝ որ տագնապի ողբերգութեան մէջ մէկ կողմէն վստահաբար ի սպառ ընծայուեցաւ, սակայն մեծ մասով ան կարող է եւ պէտք է՝ որ պտուղ տայ, Լոմպարտիայի եւ Իտալիայի ընկերութեան ներկային ու ապագային մէջ» հաստատեց Քահանայապետը։

Համաճարակը խորապէս դրոշմեց մարդոց կեանքը եւ հասարակութեան պատմութիւնը։

«Առ ի յարգանք հիւանդներուն ու մահացածներուն եւ յատկապէս տարեցներուն, որոնց կեանքի փորձառութիւնը պէտք չէ մոռացութեան մատնուի, հարկաւոր է կառուցել մեր վաղըն։ Այս մէկը կը պահանջէ յանձնառում, ու բոլորին նուիրումն ու ուժը» ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը, դիտել տալով թէ այս կը նշանակէ մեկնիլ վեհանձն եւ ձրի սիրոյ անհամար վկայութիւններէն, որոնք անջնջելի դրոշմ մը ձգեցին ընկերութեան խճին մէջ, սորվեցնելով թէ որքան կարիքը կայ մօտիկութեան, խնամքին, եւ զոհաբերութեան, խթանելու համար եղբայրութիւնը եւ քաղաքական համակեցութիւնը։

“Պէտք է ուշադիր ըլլալ՝ որովհետեւ հազիւ տագնապը աւարտի, դիւրին է դարձեալ վերադառնալ նախկին պատրանքներուն։”

«Այսպէսով մենք այս տագնապէն դուրս կու գանք աւելի զօրեղ՝ ըլլայ հոգեւոր ըլլայ բարոյական գետնի վրայ ու այս մէկը կախեալ է մեզմէ իւրաքանչիւրիս խիղճէն եւ պատասխանատուութենէն։ Բայց ոչ միայնակ այլ միասին՝ Աստուծոյ շնորհքով» ըսաւ ապա Քահանայապետը։

«Աստուած մեզ ստեղծեց հաղորդութեան եւ եղբայրութեան համար եւ այսօր աւելի քան երբեք՝ ապացուցուեցաւ թէ ամէն բան մեր վրայ կեդրոնացնելն եւ անհատականութիւնը ընկերութեան սկզբունքն ու ուղեցոյցը դարձնելը պատրանք է։

Բայց պէտք է զգոյշ ըլլալ՝ որովհետեւ հազիւ տագնապը աւարտի, դիւրին է դարձեալ վերադառնալ այդ պատրանքին։

Դիւրին է շուտով մոռնալ թէ պէտք ունինք ուրիշներուն, անհատի մը՝ որ հոգ տանի մեզի...Դիւրին է մոռնալ թէ ամէնքս կարիքը ունինք Հօր մը՝ որ մեզի ձեռք կ՛երկարէ»։

Պատգամին վերջին մասը Քահանայապետը յատկացուց Քահանաներուն։

«Այս ամիսներուն մարդիկը թէեւ չի կրցան ներկայ գտնուիլ ծիսական արարողութիւններուն բայց եւ այնպէս շարունակեցին իրենք զիրենք զգալ որպէս հասարակութիւն, աղօթելով առանձին ու միասին, ընկերային հաղորդամիջոցներու շնորհիւ եւ օգնութեամբ…. Քահանաներուն հովուական նուիրումն ու ստեղծագործ մօտիկութիւնը օգնեցին հաւատացեալներուն շարունակելու հաւատքի ուղեւորութիւնը, ու միայնակ չի գտնուելու վախի եւ ցաւի դիմաց» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հիացում արտայայտելով բազմաթիւ քահանաներուն առաքելական հոգիին համար, որոնք մնացին Աստուծոյ ժողովուրդի կողքին, հանդիսանալով Աստուծոյ մխիթարիչ ներկայութիւնը։ Անոնցմէ շատեր եւա մահացան։ Ոմանք ալ հիւանդացան եւ փառք Աստուծոյ ապաքինեցան։

«Շնորհակալ եմ Իտալիոյ  բոլոր կղերական դասի անդամներուն, որոնք քաջութիւն եւ սէր ցուցաբերեցին մարդոց» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը եւ պատգամը աւարտելէ առաջ դաարձեալ շեշտադրեց բժիշկներուն, կամաւորներուն, բուժօգնութիւն մատուցողներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ աշխարհականներու աշխատանքի կարեւորութիւնը։ «Դուք սկիզբ տուիք հրաշքի մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը  հաւաստիացնելով թէ ինք կը շարունակէ աղօթել իրենց եւ իրենց հասարակութիւններուն համար ու խնդելով որ բարեհաճին չի մոռնալ աղօթելու իրեն համար։

Առաքելական Օրհնութիւնը շնորհելէ ետք Սրբազան Քահանայապետը յստակացուց թէ հարկաւոր է հնազանդիլ որդեգրուած դրութիւններուն ու թէ ողջոյնի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ իշխանութիւններու հրահանգներուն համեմատ։ «Ես կը մօտենամ ձեր մօտ ու ձեզ կ՛ողջունեմ այնպէս ինչպէս հրահանգուած է» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ այսպէսով՝ «որպէս եղբայրներ իրար կ՛ողջագուրենք ու կ՛աղօթենք մէկը միւսին համար» աւելցուց Ան հրաւիրելով կատարել նաեւ խմբանկարը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2020, 12:30