Աստուածային ողորմութիւնը Աստուածային ողորմութիւնը 

«Փնտռենք եւ ապրինք Սուրբ Հաղորդութիւնը»՝ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քահանայապետը հրաւիրեց Յիսուսին Սուրբ Սրտին նուիրել մեր սրտերուն բոլոր անձկութիւնները ու մեր անկատար սէրը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 10 Յունիս 2020-ի առաւօտեան Առաքելական Մատենադարէն ուղիղ եթերով գլխաւորած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց ցանցի եւ հեռուստակայանի միջոցաւ ունկնդրութեան հետեւող հազարաւոր հաւատացեալներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Իտալացիներուն ուղղած խօսքին մէջ Քահանայապետը ակնարկեց վաղը յիշատակուող Յիսուսին Սուրբ Մարմնի եւ Արեան Տօնին, որ համաճարակի բերումով կարելի պիտի չըլլայ յիշատակել հանրային կերպով, «թէեւ՝ ըսաւ Սրբազան Պապը,  մենք կարող ենք ապրիլ Սուրբ Հաղորդութիւնը։ Նշխարը կը պարունակէ Քրիստոսին անձը ու մենք կանչուած ենք զայն փնտռելու եկեղեցւոյ տապանակին մէջ ու նաեւ այն տապանակին՝ որ կը ներկայանայ ամենավերջիններուն մէջ, տառապողներուն, միայնակներուն ու աղքատներուն մէջ»։

Խօսքը ուղղելով ապա տարեցներուն, երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, Քահանայապետը խրախուսեց զանոնք Սուրբ Հաղորդութեան մէջ գտնելու հարկաւոր ուժանիւթը՝ քրիստոնէական ուժով ապրելու  համար դժուար պահեր։

Մինչ Լեհ հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ Քահանայապետը հրաւիրեց Յիսուսին Սուրբ Սրտին նուիրել մեր սրտերուն բոլոր անձկութիւնները ու մեր անկատար սէրը։

Թող որ Փրկչին խոցուած սրտէն համայն մարդկութեան համար բխի մխիթարութեան աղբիւրը եւ Աստուածային Ողորմութեան Ովկիանոսը։

Յիսուս հեզ եւ խոնարհ սրտով մեր սրտերը դարձնէ իր սրտին նման։

«Ձեզ կ՛օրհնեմ ի սրտէ» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով ընդհանուր ունկնդրութիւնը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2020, 10:21