Ֆրանչիսկոս Պապը Պրազիլի մէջ (2013) Ֆրանչիսկոս Պապը Պրազիլի մէջ (2013) 

«Կ՛աղօթեմ համաճարակէն հարուածուած Պրազիլի համար». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Պրազիլի ժողովուրդին ըսէք թէ ոչ միայն կ՛աղօթեմ անոնց համար, այլ կ՛ընկերանամ սրտով»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ափարեսիտայի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Օրլանտօ Պրանտէսի հետ ունեցած հեռախօսային զրոյցի մը ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը, սէրն ու գուրգուրանքը փոխանցեց Պրազիլի ժողովուրդին որ ծանր վիճակ մը կը դիմագրաւէ Քովիտ19 համաճարակի բերումով, որուն հետեւանքով մինչեւ օրս արձանագրուած են  40 հազար զոհեր։

«Պրազիլի ժողովուրդին ըսէք թէ ոչ միայն կ՛աղօթեմ անոնց համար, այլ կ՛ընկերանամ սրտով» այսպէս արտայայտուած Ֆրանչիսկոս Պապը գերապայծառ Պրանտէսին հետ ունեցած կուսակցութեան ընթացքին, չորեքշաբթի 10 յունիսին՝ Յիսուսին Մարմնոյ եւ Արեան Տօնի նախօրեակին,  ապահովելով իր աղօթքները ու յանձնարարելով վստահիլ Ափարեսիտայի Սուրբ Կոյս Մարիամին, որուն հանդէպ Նորին Սրբութիւնը ունի մեծ ջերմեռանդութիւն եւ2016-էն ի վեր  անոր սրբապատկերը զետեղուած է Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապը  հուսկ խրախուսած է բոլոր պրազիլցիները  քաջութիւն ու հաւատք ունենալու, հուսկ գերապայծառ Պրանտէսին յանձնարարած է օրհնել Պրազիլի ժողովուրդը՝ աղօթքներ խնդրելով նաեւ իրեն համար։

Համաճարակի սկիզբէն ի վեր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այլ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Պրազիլի մէջ գործող եկեղեցականներուն հետ։ Անցեալ 25 ապրիլին հեռաձայնած էր Մանաուսի եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Լէոնարտօ Սթէյնըրի ապա 9 մայիսին Սան Փաոլոյի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Փետրօ Շրէրին, անոնց եւս փոխանցելով  իր զօրակցութիւնը։

«Այս երեք հեռաձայններով Քահանայապետը այնպէս ըրաւ որ անոր սիրտը մօտ ըլլայ մեզի ու  տրոփէ մեր սրտին հետ, մեզի ընկերանալով որպէս հայր մը» ըսած է Գերապայծառ Պրանտէս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2020, 07:54