Վատիկան քաղաքի լուսանկար Վատիկան քաղաքի լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապ որդեգրեց նոր օրէնք մը Վատիկանի մէջ հանրային գործերու պայմանագիրներուն կնքման։

Նոր օրէնքը բաղկացած է 86 յօդուածներէ, որուն կցուած է վէճի դատական պաշտպանութեան պարագաներու հայող 12 յօդուածներու յաւելուած մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, յունիս մէկին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ինքնագիրով մը որդեգրեց Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի գործերու եւ պայմանագիրներուն հայող նոր օրէնք մը։

Ունկնդրէ լուրը

Նոր օրէնքը պտուղն է Վատիկանի տարբեր կառոյցներու միջեւ բաժնուած  չորս տարուան աշխատանքներուն եւ կը կրէ  «Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկան քաղաքի պետական պայմանագիրներուն թափանցիկութեան, հսկողութեան, մրցոյթի  կանոններ» վերնագիրը։

Նոր օրէնքը բաղկացած  է 86 յօդուածներէ, որուն կցուած է  վէճի  դատական պաշտպանութեան պարագաներու հայող 12 յօդուածներու յաւելուած մը։

«Ընտանիքի լաւ հօր մը աշխատասիրութիւնը - գրած  է Ֆրանչիսկոս Պապ - ընդհանուր սկզբունք է՝ գերագոյն յարգանքի արժանի, որուն  հիման վրայ բոլոր մատակարարները պարտաւոր են կատարել իրենց պաշտօնները»:

Օրէնքները կը ծառայեն Վատիկանի մէջ «կնքուած հանրային պայմանագրերու շնորհման ընթացակարգերու թափանցիկութեան, վերահսկողութեան եւ մրցակցութեան խթանման»։

Ապրանքներ, ծառայութիւններ, աշխատանքներ եւ գործեր մատակարարող տնտեսական գործարկումներուն կʼերաշխաւորուի «յատուկ ցուցակի միջոցաւ հաւասար վերաբերմունք եւ մասնակցութեան հնարաւորութիւն»։

Նոր օրէնքին նպատակներու շարքին է ներքին միջոցներու կայուն օգտագործումը, շնորհման ընթացակարգերու թափանցիկութիւնը, եւ սակարկութիւններու մասնակիցներու հանդէպ հաւասար վերաբերմունք, հակազդելու համար մրցակցութեան առընչուած ապօրինի համաձայնագրերուեւ կաշառակերութեան։

Նոր օրէնքի կիրարկումի նպատակն է ձեռքբերել ծախսերու ծրագրաւորում, խուսափելով աւելորդ եւ ոչ անհրաժեշտ գործողութիւններէն`յարգելով մրցոյթի կարգը, որ պէտք է ըլլայ թափանցիկ, առարկայական եւ անաչառ։

Վերջապէս  Վատիկանի տնտեսական  քարտուղարութեան մէջ կը ստեղծուի աշխատաւորներուն եւ ժամանակաւոր մասնագէտ գործակալներու  ցուցակ մը, որոնք պիտի ստանձնեն փորձագիտական ծրագիրներու  եւ մրցոյթի դատական յանձնախումբի մաս կազմելու պարտականութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2020, 12:00