Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

«Լիպիան միշտ ներկայ է իմ աղօթքներուս մէջ». Քահանայապետին մտահոգութիւնն ու կոչը Լիպիոյ ողբերգական իրավիճակին ի տես:

«Կ՛աղօթեմ նաեւ հազարաւոր գաղթականներու, փախստականներու, ապաստան խնդրողներու եւ Լիպիոյ ներքին տեղահաններուն համար»
Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 Յունիս 2020ի կէսօրին առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յատուկ կոչ ուղղեց Լիպիայի համար։

Ունկնդրէ լուրը

«Մեծ մտահոգութեամբ ու նաեւ ցաւով կը հետեւիմ Լիպիայի ողբերգական կացութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ Լիպիան՝ վերջին օրերուն, միշտ ներկայ է իր աղօթքներուն մէջ. ապա խրախուսելով Միջազգային հաստատութիւնները ու բոլոր անոնք՝ որոնք քաղաքական ու ռազմական պատասխանատուութիւններու տէր են, «համոզումով ու վճռակամութեան վերսկսելու դէպի բռնութիւններու կասեցում տանող ճանապարհի  մը փնտռտուքը, որ նպաստէ Երկրի մէջ միութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան»։

«Կ՛աղօթեմ նաեւ հազարաւոր գաղթականներու, փախստականներու, ապաստան խնդրողներու եւ Լիպիոյ ներքին տեղահաններուն համար» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով առողջապահական ներկայ կացութեան ու տագնապին, «որ աւելիով ծանրացուց վերոնշեալ մարդոց արդեն դիւրաբեկ իրավիճակը», զանոնք թիրախ դարձնելով նաեւ չարաշահումներու եւ բռնութիւններու։

«Հրաւէր կ՛ուղղեմ միջազգային հասարակութեան հաշուի առնելու անոնց իրավիճակը, որոնելով ուղիներ եւ միջոցներ, անոնց ապահովեցնելու համար պաշտպանութիւն, արժանավայել պայմաններ եւ յոյսի ապագայ մը» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտելով «ասոր մէջ բոլորս պատասխանատու ենք, ոչ մէկը զերծ է անկէ»։  «Աղօթենք լռութեամբ Լիպիայի համար» հրաւէր ուղղեց Քահանայապետը, որ ապա յիշեց  այսօր յիշատակուող  «Արեան նուիրումի Համաշխարհային օրը», որ «առիթ է խրախուսելու ընկերութիւնը, ըլլալու աւելի զօրակից եւ զգայուն  կարիքաւորներուն նկատմամբ» յարեց Քահանայապետը, ողջունելով հրապարակը համախմբուած կամաւորները ու գնահատելով անոնց ծառայական աշխատանքը ։

Նորին Սրբութիւնը յատուկ ողջոյն մը ուղղելէ ետք բոլոր անոնց՝ որոնք հաղորդամիջոցներու կապով կը հետեւին Մարեմեան Աղօթքին,  բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2020, 12:13