«Լազար» ընկերակցութեան անդամներու հանդիպումը Ֆրանչիկսոս Պապին հետ «Լազար» ընկերակցութեան անդամներու հանդիպումը Ֆրանչիկսոս Պապին հետ 

«Լազար» ընկերակցութեան անդամներու հանդիպումը Ֆրանչիկսոս Պապին հետ

Գրեթէ մէկ ժամ տեւած վերոնշեալ ունկնդրութեան ընթացքին Քահանայապետը յօժարակամ պատասխանեց իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն, որոնք ընդգրկեցին՝ մարդ անհատի արժանապատուութիւնը, ներումը ու եկեղեցւոյ հարստութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 29 Մայիս 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Լազար ֆրանսական ընկերակցութեան հիմնադրութեան 10րդ տարեդարձին առթիւ Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լազար ընկերակցութեան անդամներու փոքրիկ պատուիրակութիւն մը, համաճարակի տարածման  կանխարգիլման միջոցներու հիման վրայ, մինչ ընկերակցութեան միւս անդամները հանդիպումին հետեւացան առցանց։

Գրեթէ մէկ ժամ տեւող վերոնշեալ ունկնդրութեան ընթացքին Քահանայապետը յօժարակամ պատասխանեց  իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն, որոնք ընդգրկեցին՝ մարդ անհատի արժանապատուութիւնը,  ներումը ու  եկեղեցւոյ հարստութիւնը։

Լազար ընկերակցութիւնը յատուկ համայնք մըն է որ կը զբաղի տնանկներով անոնց ապաստան տալով ընկերակցութեան անդամներու սեփական բնակարաններուն մէջ։

Հանդիպումին մանրամասնութիւնները ի լոյս ընծայուեցան միայն  5 Յունիսին՝  ընկերակցութեան կայքին միջոցաւ։

Խօսելով Մարդու արժանապատւութեան մասին  Սրբազան Պապը հաստատած է. Դուն կարող ես ըլլալ ամենալաւ մարզիկը, կրնաս երկաթի նման առողջ ըլլալ. բայց եթէ արժանապատուութիւն չունիս ոչինչ ես։ Որովհետեւ արժանապատուութիւնը լաւ ապրելու պայմանն է։ Հարուստ թէ աղքատ, հիւանդ թէ առողջ, արժանապատուութիւնը Աստուծոյ եւ միւսներուն դիմաց ապրելու ձեւն է, այն ներքին զօրութեամբ որ կը բխի Աստուծոյ զաւակ ըլլալու իրականութենէն։

Ներումի մասին արտայայտուելով Քահանայապետը ընդգծեց ներելու եւ ներուելու կարեւորութիւնը, զայն նմանեցնելով երդ ու դարձ տոմսակի։ «Կարեւոր է քալել ներումի ճանապարհին վրայ՝ համբերութեամբ եւ խոնարհութեամբ» նշեց Սրբազան Պապը, մինչեւ հասնինք այն պահուն երբ մեր սիրտը բժշկուած գտնենք։ Ներում կը նշանակէ Աւետարանը ապրիլ սրտին մէջ։ Քրիստոնեային կեանքը պէտք է վկայութիւն ըլլայ եւ ինչպէս  կ՛ըսէ Պենետիկտոս ԺԶ-ը  «Եկեղեցին չ՛աճիր մարդորսորդութեամբ այլ վկայութեան ճանապարհով» յարեց Սրբազան Քահանայապետը որպէս օրինակ տալով մօտ ատենէն Սուրբերու շարքին դասուող Շարլ Տը Ֆուքոն։

«Ի՞նչու եկեղեցին հարուստ է երբ աշխարհի մէջ բազմաթիւ աղքատներ կան» հարցումին պատասխանելով Քահանայապետը բացատրեց թէ «Եկեղեցի» բառը ընդարձակ իմաստով բառ մըն է։

Այլապէս կարելի է ըսել՝ որ այն չափով որ մարդ կը պատկանի հարստութեան, դրամին, կը հեռանայ Աստուծմէ, որովհետեւ անոր սիրտը կապուած է անոնց։ Մինչ որքանով ան կը մօտենայ Աստուծոյ կը դառնայ աղքատ։ Այսօր եւս կան հարուստներ՝ որոնք հարստութիւնը կը մատակարարեն Աւետարանի ուսուցումի հիման վրայ. Աղքատ սրտով։

Քահանայապետը մը, եպիսկոպոս մը, քահանայ մը, կրօնաւոր մը, երբ այս անձերէն մէկը հարուստ է անիկա գայթակղութիւն է եկեղեցւոյ համար։ Ան որ կանչուած է հետեւելու Յիսուսին պէտք է հեռու մնայ հարստութենէն եւ ունենայ աղքատ սիրտ մը։ Եւ եթէ կանչուած ենք մատակարարելու հարստութիւնները, այդ մէկը պէտք չէ ըլլայ անձնական բարիքի համար, այլ ուրիշներու ծառայութեան համար», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը որ հանդիպման աւարտին խորհրդածութեան որպէս նիւթ առաջարկեց հարցում մը «Ի՞նչ ձեւով կը համապատասխանենք առատաձեռնութեան եւ սիրոյն որ ընկալեցինք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2020, 09:14