Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Սուրբ Պետրոս Սուրբ Պօղոս առաքելապետերուն տօնին առթիւ ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։

Միութիւն եւ մարգարէութիւն։ Միութիւնը աղօթքէն կը բխի, մինչ մարգարէ կը դառնանք երբ մենք մեզի թոյլ կու տանք Աստուծոյ անակնալութիւններուն առջեւ բացուելու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 29 յունիսին, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերուն ծիսական տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահայնայապետը սուրբ պատարագ մատուցեց ապա քարոզեց Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս։ Քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց միութիւն եւ մարգարէութիւն բառերուն վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Միութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներու միջեւ տարբերութիւններուն։ Անոնք իրարմէ տարբեր էին ծնունդով, նկարագրով, առաքելութեամբ։ Սուրբ Պօղոս հեթանոսներուն քարոզիչն է , մինչ՝ Սուրբ Պետրոս հրէաներուն։ Երկու առաքեալները իրարմէ տարբեր ըլլալով, իրար զիրար իբրեւ եղբայր կը զգային, նման միացած ընտանիքի մը։ Այսօրուան աւետարանի ընթերցումը կը խօսի առաքեալներուն այդ միութեան մասին, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աւեցուց եկեղեցին իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ, հալածանքի , քննադատութիւններու կ՝ենթարկուի ։ Սուրբ Յակոբոս առաքեալը կը սպաննուի։ Սուրբ Պետրոս կը ձերբակալուի։ Քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնը վախի մէջ կ՝ապրի։ Սակայն՝ ոչ մէկը փախուստ կու տայ այդ իրավիճակէն, եւ ոչ մէկը  մինակ կը թուղու ուրիշը։ Բոլորը միասին կ՝աղօթէին։ Աղօթքէն է,  որ քաջութիւնը կը բխի, քրիստոնեաները իրենց քաջութիւնը աղօթքէն կը քաղէին։  Հետեւաբար աղօթքէն է որ կը փխի միութիւն-  ըսաւ սրբազան հայր աւելցնելով, որ միութիւնը սկզբունք մըն է որ կը բխի աղօթքէն, որովհետեւ աղօթքը, Սուրբ Հոգիին թոյլ կու տայ, որ միջամտէ, յոյս ներշնչէ ու դժուարութեան մէջ՝ մեզ միութեան մէջ պահէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա ընդգծեց այլ կէտ մը։ Քրիստոնեաներէն, ոչ մէկը կը գանգատէր հալածանքներուն, դժուարութիւններու համար։ Ոչ մէկը սուրբ Պետրոսը յանցաւոր կը նկատէր՝ գործած արարքներուն համար։ Բոլորը միացած էին՝ աղօթքի միջոցաւ։ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց Աստուծմէ հայցել մէկը միւսին համար աղօթելու շնորհքը։  Սուրբ Պետրոտ կը յորդորէր աղօթել բոլորին համար, նախ եւ առաջ մեր կառավարիչներուն համար։ Լոկ աղօթքն է որ կը հարթէ միութեան ճանապարհը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ 

Մարգարէութիւն

Ան ապա կեդրոնացաւ մարգարէութիւն բառին վրայ յայտնելով թէ,  առաքեալները միշտ հրահրուած էին Յիսուսէն։ Սուրբ Պօղոսի կեանքը փոխուեցաւ Յիսուսի զինք հրահրելէ ետք։ Սաւուղ, Սաւուղ ինչո՞ւ կը հալածէս զիս։  Այսպէսով հպարտ Սէուլը դարձաւ Պօղոս, որ կը նշանակէ փոքրիկ.  Այդ հրահրումներուն եւ կեանքի փոփոխութիւններուն կը յաջորդեն մարգարէութիւնները։  Դուն ժայռն ես  որուն վրայ  կառուցեմ իմ եկեղեցին։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց, որ մարգարէութիւնը կը ծնի այն ժամանակ երբ Աստուծոյ թոյլ կու տանք, որ մեզ հրահրէ , եւ ոչ թէ  հանդարտ կեանք ապրելով։ Աւետարանը երբ  ամէն վստահութիւն կը տապալէ այն ժամանակ  կը բխի մարգարէութիւնը։ Այն անձը, որ ինքզինք թոյլ կու տայ Աստուծոյ անակնկալութիւններուն առջեւ բացուելու, մարգարէ կը դառնայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց որ այսօր՝ մարգարէութեան, իսկական մարգարէութեան պէտք ունինք եւ ոչ թէ խօսքերու, որոնք անկարելի բաներ կը խոստանան։ Պէտք ունինք վկայութիւններու, որ Աւետարանը կարելի է։ Պէտքը կայ Աստուծոյ սիրոյ հրաշքը յայտնելու։ Պէտք չկայ զօրութեան, այլ պէտքը կայ հետեւողականութեան։ Պէտք չկայ խօսքերու այլ աղօթքի ու ծառայութեան։ Պէտք չունինք հարուստներ դառնալու, այլ աղքատները սիրելու։ Պէտք չկայ արդիւնաբեր հովուական ծառայութեան ծրագիրներուն, այլ հովիւներուն, որոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն եւ Աստուծոյ սիրահար են։

Այսպէս Պետրոս եւ Պօղոս Յիսուսը աւետեցին, որպէս սիրահարներ։ Պետրոս, առաջ որ խաչուի ան չմտածեց իր անձին մասին այլ իր տիրոջ մասին՝ ինքզինք, անարժան նկատելով Յիսուսի նման խաչուելու։ Պօղոս գլխատուելէ առաջ իր միակ մտածումը եղաւ կեանքը՝ զոհել ուրիշներու համար։ Այս է մարգարէութիւնը, որ պատմութիւնը կը փոխէ։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ինչպէս Յիսուս Սուրբ Պետրոսի մասին մարգարէացաւ ըսելով «դուն ժայռն են որուն վրայ պիտի կառուցեմ իմ եկեղեցիս», այսպէս մեզի համար ալ կայ նման մարգարէութիւն մը, որ կը գտնուի Սուրբ գիրքի վերջին գիրքին մէջ ,ուր Յիսուս իր հաւատարիմ վկաներուն կը խոստանայ սպիտակ փոքրիկ քար մը, որուն վրայ արձանագրուած է նոր անուն մը։ Ինչպէս Յիսուս Սիմոնը փոխակերպեց քարի, այսպէս բոլորս կը կանչէ,  մեզ բոլորիս  կենդանի քարեր վերածելու՝ կառուցելու համար եկեղեցի մը եւ վերանորոգուած մարդկութիւն մը։ Միշտ կայ միութիւն կործանող եւ մարգարէութիւն խաբանող մէկ մը։ Սակայն Տէրը մեզի կը հաւատայ եւ կը խնդրէ որ միութեան կերտողները դառնանք։ Թոյ տանք, որպէսզի Յիսուսը մեզ հրահրէ  ու քաջութիւնը ունենանք՝ Յիսուսի  «այո՛ կ՝ուզեմ» պատասխանելու։» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2020, 10:20