Կարիքը ունինք լրատուամիջոցներու՝ որոնք կարող ըլլան կամուրջներ կառուցել, կեանքը պաշտպանել։ Կարիքը ունինք լրատուամիջոցներու՝ որոնք կարող ըլլան կամուրջներ կառուցել, կեանքը պաշտպանել։ 

Քահանայապետին պատգամը «Catholic Press Association» ընկերակցութեան։

Մենք կարիքը ունինք լրատուամիջոցներու՝ որոնք կարող ըլլան կամուրջներ կառուցել, կեանքը պաշտպանել, խորտակել պատեր, ըլլան անոնք տեսանելի եւ անտեսանելի, որոնք արգելք են անկեղծ երկխօսութեան եւ մարդոց ու հասարակութիւններու միջեւ իսկական հաղորդակցութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 30 Յունիս 2020-ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Catholic Press Association ընկերակցութեան ուղղած պատգամ մը ընկերակցութեան տարեկան լիագումար նիստին առթիւ՝ «որ այս տարի պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով տեղի պիտի ունենայ առցանց, ի տես առողջապահական ճգնաժամին»։

Ունկնդրէ լուրը

«Թոյլ տուէք նախ եւ առաջ իմ մօտիկութիւնս արտայայտել բոլոր անոնց որոնք թիրախ են ժահրին ու նաեւ անոնց՝ որոնք իրենց կեանքը վտանգելով կը շարունակեն յանձնառումով խնամել իրենց եղբայրներն ու քոյրերը, կարիքի այս պահու ընթացքին» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին սկիզբը եւ ակնարկելով հաւաքի նիւթին «Together While Apart», կը նշէ ՝ թէ ան «կ՛արտայայտէ միութեան իմաստը որ ի յայտ եկաւ համաճարակի բերումով ստեղծուած ընկերային հեռաւորութեան փորձառութենէն»։

Մատնանշելով  հուսկ 2019 տարուայ ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուայ պատգամի «Անդամ ենք մէկը միւսին» բնաբանին, Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց՝ թէ համաճարակի պատճառաւ բոլորս գնահատեցինք այդ իրականութիւնը ու այս վերջին ամիսներուն փորձառութիւնը ցոյց տուաւ թէ որքան հիմնական է «զանգուածային լրատուամիջոցներու առաքելութիւնը՝ միացած պահելու համար անձերը, կարճացնելով հեռաւորութիւնները ու տրամադրելով անհրաժեշտ տեղեկատւութիւն, բանալով մտքերն ու սրտերը դէպի ճշմարտութիւնը»:

«Մեր հասարակութիւնները պէտք ունին թերթերու, ռատիօներու, հեռուստակայաններու եւ ընկերային ցանցերու, բաժնեկցելու, հաղորդակցելու, տեղեկացնելու եւ միացնելու համար» կը գրէ հուսկ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ, ակնարկելով նաեւ Միացեալ Նահանգներու կարգախօսին «E pluribus unum» ու նշելով որ ան պէտք է ներշնչէ նաեւ ծառայութիւնը որ  կը մատուցեն լրատուամիջոցները՝ հասարակաց բարիքին համար։

Մենք կարիքը ունինք լրատուամիջոցներու՝ որոնք կարող ըլլան կամուրջներ կառուցել, կեանքը պաշտպանել, խորտակել պատեր, ըլլան անոնք տեսանելի եւ անտեսանելի, որոնք արգելք են անկեղծ  երկխօսութեան եւ մարդոց ու հասարակութիւններու միջեւ իսկական հաղորդակցութեան։

Կարիքը ունինք լրատուամիջոցներու՝ որոնք կարող են օգնել մարդիկը, յատկապէս երիտասարդները, զանազանելու համար չարը բարիէն, մշակելու ուղիղ դատումներ, հիմնուած փաստերու յստակ և անաչառ ներկայացումի վրայ, լրատուամիջոցներ՝ որոնք օգնեն հասկնալու արդարութեան ի նպաստ յանձնառումի կարեւորութիւնը,  ընկերային  հաշտութիւնը եւ հասարակաց տան յարգանքը։

Մենք կարիքը ունինք սկզբունքի տէր մարդոց եւ կիներու, որոնք կը պաշտպանեն հաղորդակցութիւնը ամէն այն բաներէն որոնք կարող են խեղաթիւրել կամ զայն հպատակեցնել այլ նպատակներու։

Ասոր համար ձեզմէ կը խնդրեմ որ ըլլաք միացած եւ նշան միութեան։ Լրատուամիջոցները կարող են ըլլալ մեծ կամ փոքր սակայն եկեղեցւոյ մէջ այդպէս չէ։ Բոլորս մկրտուած ենք միակ Սուրբ Հոգիով ու անդամ դարձած միեւնոյն մարմնին։ Մարմնի մէջ ամէն մէկ անդամ անհրաժեշտ է՝ ուստի մեզմէ իւրաքանչիւրը կանչուած է  սատարելու ճշմարտութեան դաւանումին, սիրոյ մէջ»։

«Իսկական հաղորդավարը ինքզինք ամբողջութեամբ կը նուիրէ ուրիշներու բարօրութեան։ Չենք կրնար իրապէս հաղորդել եթէ անձնապէս ներգրաւուած չենք, եթէ անձնապէս չի փաստենք ճշմարտութիւնը մեր հաղորդած պատգամին մէջ» կը գրէ հուսկ Սրբազան Հարը հաստատելով որ որեւէ մէկ հաղորդակցութիւն իր վերջին ակնաղբիւրը կը գտնէ՝ մի եւ եռեակ Աստուծոյ  կեանքին մէջ, որ մեզի հետ կը կիսէ իր աստուածային կեանքի հարստութիւնը ու կը խնդրէ որ մեր կարգին այդ գանձը հաղորդենք ուրիշներուն, միացած իր ճշմարտութեան ծառայութեան մէջ։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը Սուրբ Հոգիին՝ իմաստութեան, հասկացողութեան եւ  բարի խորհուրդներու շնորհքները կը հայցէ, յաղթահարելու համար՝ ցեղապաշտութեան, անարդարութեան եւ անտարբերութեան հիւանդութիւնները, որոնք մեր միասնական ընտանիքին դիմագիծը կը խաթարեն։

«Շարունակենք աղօթել միասին աշխարհի հաշտութեան եւ խաղաղութեան համար» հրաւէր կ՛ուղղէ  հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու պատգամը կ՛եզրափակէ  բոլորին վստահեցնելով իր աղօթքները ու խնդրելով որ իրենք եւս զինք յիշեն իրենց աղօթքներուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2020, 15:00