Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագ 

«Սուրբ Հաղորդութիւնը մեր մէջ կ՛արթնցնէ ծառայութեան իղձը»։ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։

Միայն սէրն է որ կարող է բուժել վախէն ու մեզ ազատել փակումէն, այնպէս ինչպէս ըրաւ Յիսուս՝ դիւրաբեկ նշխարին մէջ։ Բեկանուած հացը՝ մեզի կը նուիրուի մեզ ազատելու համար մեր եսասիրութիւններէն ու ազատելու նաեւ սրտի անշարժութիւնէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 Յունիս 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Յիսուսի Սուրբ Մարմնոյ եւ Արեան տօնի սուրբ պատարագը որ սփռուեցաւ ուղիղ եթերով եւ որուն՝ ի յարգանս համաճարակի բերումով որդեգրուած դրութիւններուն,  ներկայ  գտնուեցան փոքր թիւով հաւատացեալներ եւ կղերական դասի անդամներ։

Սուրբ Զոհին առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ Յիշողութեան կարեւորութեան վրայ եւ յիշողութիւնը մեկնակէտ ունենալով ուրիշներու ծառայելու հրամայականին վրայ։

Մեկնելով սուրբ զոհի ընթացքին ընթերցուած  Օրինաց Բ գիրքէն քաղուած Մովսէսի հրաւէրէն «Յիշէ այն բոլոր ճանապարհը զոր Տէրը՝ Քու Աստուածդ անապատին մէջ պտտցուց» խօսքէն,  Քահանայապետը շեշտը դրաւ «Յիշէ» բառին վրայ, հաստատելով որ Սուրբ Գրութիւնները մեզի տրուեցան որպէսզի յաղթահարենք մոռացութիւնը եւ ասոր համար կարեւոր է յիշել եւ յիշողութիւն կատարել ու հիմնական է յատկապէս յիշել ընկալուած բարիքը, որովհետեւ առանց յիշողութեան արմատախիլ կ՛ըլլանք այն տարածքէն, որ մեզի սնունդ կու տայ ու կը դառնանք հովէն տարուած  տերեւներ։  «Մինչ յիշողութիւն կատարելը կը նշանակէ մենք մեզ մաս զգալ պատմութեան մը, ու շնչել ժողովուրդի մը հետ միասին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

«Յիշողութիւնը սեփական  բան մը չէ՝ ճանապարհն է որ մեզ կը միացնէ Աստուծոյ եւ  միւսներուն» աւելցուց Սրբազան Հայրը ընդգծելով՝ թէ «ասոր համար է որ Տիրոջ յիշողութիւնը պէտք է փոխանցուի սերունդէ սերունդ»։

«Սակայն կայ հարց մը։ Երբ այդ յիշողութեան փոխանցման ցանցը ընդհատուի ի՞նչ կը պատահի»։ հարց տուաւ Սրբազան Պապը հաստատելով՝ որ «Աստուած գիտէ այս մէկը ու գիտէ նաեւ մեր յիշողութեան դիւրաբեկութիւնը... եւ ասոր համար է որ մեզի  թողուց յիշատակ մը։ Ոչ միայն խօսքեր՝ որովհետեւ կարելի է մոռնալ մեր լսածը։  Ոչ միայն գրութիւն՝ որովհետեւ կարելի է մոռնալ նաեւ մեր կարդացածը։  Ոչ միայն նշաններ, որովհետեւ կարելի է մոռնալ մեր տեսածը։ Ան մեզի թողուց սնունդ մը՝ եւ դժուար է մոռնալ համ մը։ Մեզի թողուց Հաց մը՝ որուն մէջ Ինք կը գտնուի, կենդանի եւ իսկական, իր համայն սիրոյն վայելքով» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով Յիսուսին խնդրանքին «Այս ըրէք իմ յիշատակիս համար» (Ա Կորնթ. 11, 24)։

«Ըրէք։ Սուրբ Հաղորդութիւնը պարզ յիշատակ մը չէ՝ եղելութիւն է։ Եւ Տէրը կը խնդրէ՝ որ միանանք, որպէս ժողովուրդ, Սուրբ Զոհին մէջ, յիշելու եւ յիշատակելու զԻնք։

«Շատերուն յիշողութիւնը յատկանշուած է սիրոյ պակասով, յուսախաբութիւնով…պիտի ուզենայինք անցեալին վերադառնալ փոխելու համար շատ մը բաներ սակայն անկարելի է» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Աստուծոյ մեր յիշողութեան մէջ զետեղած աւելի մեծ սիրոյն՝ Իր սէրը, որ կը դարմանէ մեր յիշողութեան որբութիւնը։ Յիսուսին սէրը որ գերեզմանը վերջակէտէն վերածեց մեկնակէտի՝ եւ Ան նոյն ձեւով կարող է փոխակերպել նաեւ մեր կեանքը։ Մեզի կու տայ Սուրբ Հոգին որ մեզ կը մխիթարէ ու մեզ երբեք միայնակ չի թողուր։

Տէրը Սուրբ Հաղորդութեամբ կը դարմանէ նաեւ մեր բացասական յիշողութիւնը, որ մեզ կը մղէ մտածելու թէ ոչ մէկ բան լաւ կ՛ընթանայ ու թէ միայն սխալներ կը գործենք… Յիսուս կու գայ մեզի ըսելու՝ թէ այնպէս չէ։ Մեզի կը յիշեցնէ թէ մենք թանկարժէք ենք, թէ իր սեղանին սպասուած  հիւրերն ենք, ոչ միայն որովհետեւ Ինք առատաձեռն է, այլ որովհետեւ Ան մեզի սիրահարուած է։ Տէրը լաւապէսս գիտէ թէ չարն ու մեղքը մաս չեն կազմեր մեր ինքնութեան։ Անոնք հիւանդութիւններ են եւ ասոր համար կու գայ զանոնք դարմանելու Սուրբ Հաղորդութեամբ, որուն մէջ պարունակուած են հակաթոյները։ Թէեւ անկումները, հարցերը մեր աչքին առջեւ են, սակայն անոնց բեռը Յիսուսին հետ մեզ պիտի չի ճնշէ։  Որովհետեւ Սուրբ Հաղորդութիւնը մեզ կը դարձնէ Աստուած պարունակողներ։

Սուրբ Հաղորդութիւնը կը դարմանէ նաեւ մեր փակ յիշողութիւնը։ Մեր մէջ գտնուող վէրքերը հարցեր չեն յարուցանէր միայն մեզի համար, այլ նաեւ մեր շուրջիններուն։ Մեզ կը դարձնեն վախեցող եւ անտարբեր։ Թէեւ միայն սէրն է որ կարող է բուժել վախէն ու մեզ ազատել փակումէն։ Բեկանուած հացը մեզի կը նուիրուի մեզ ազատելու համար մեր եսասիրութիւններէն ու ազատելու նաեւ սրտի անշարժութիւնէն։ Ան մեզ կը հրաւիրէ մեր կեանքը չի վատնելու հետապնդելով անիմաստ եւ անպէտք բաներ, որոնք մեր մէջ կը թողուն միայն դատարկութիւն։ Սուրբ Հաղորդութիւնը մեր մէջ կը վարէ ծառայելու իղձը։ Մեզի կը յիշեցնէ թէ մենք միայն անօթի բերաններ չենք, այլ նաեւ Տիրոջ ձեռքերն ենք մերձաւորին անօթութիւնը յագեցնելու համար։ Հրատապ է այսօր հոգ տանիլ անոնց՝ որոնք կերակուրի եւ արժանապատուութեան սովէն կը տառապին, անոնց՝ որոնք գործազուրկ են ու դժուարութեամբ յառաջ կ՛ընթանան։ Այս ընելու ենք գործնական գետնի վրայ այնպէս ինչպէս գործնական է Հացը որ Յիսուս մեզի կը պարգեւէ։

«Անհրաժեշտ է իրական մօտիկութիւնը։ Անհրաժեշտն են  զօրակցութեան իսկական շղթաներ։ Յիսուս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ մեզի մօտիկ կը դառնայ, մենք ալ միայնակ չի թողունք անոնք որոնք մեզի մօտիկ են» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով շարունակել  սուրբ պատարագը՝որ «պէտք է Եկեղեցւոյ ու կեանքին մէջ դասել առաջին կարգին» յարեց Ան նկատել տալով որ այդ մէկը մեզ կը բուժէ ներքնապէս՝ յատկապէս այս ժամանակներուն երբ անոր կարիքը ունինք իսկապէս»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2020, 10:22