Մարզիկ Ալէքս Զանարտի Մարզիկ Ալէքս Զանարտի 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը մարզիկ Ալէքս Զանարտիին։

Շնորհակալութիւն որովհետեւ ուժ պարգեւեցիր անոնց որոնք կորսնցուցած էին զայն։ Այս ցաւալի պահուն քեզի մօտ եմ եւ կ՛աղօթեմ քեզի համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆորմուլա մէկի նախկին վարորդ՝ Ալէքս Զանարտի, որ 2001-ին ահաւոր արկածի մը ընթացքին կորսնցուց իր երկու ոտքերը, այդ արկածէն ետք դարձաւ արժէքաւոր վկայ մը՝ թէ ինչպէս կարելի է դարձեալ վերսկսիլ, նոյնիսկ անկար վիճակի մէջ։

Անցեալ ուրբաթ օր սակայն, ան այլ ահաւոր արկած մը ունեցաւ, երբ որպէս հաշմանդամութեամբ  մարզիկ  կը մասնակցէր «handbike»ի մրցումի  մէկ բարեսիրական ձեռնարկին։ Ան այժմ կը գտնուի  Սինայի Սանթա Մարիա Ալլէ Քոթթէ հիւանդանոցի յատուկ խնամքի բաժանմունքի մէջ, առողջապահական մտահոգիչ կացութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ մէկ գրութեամբ, որ լոյս տեսաւ իտալական «“La Gazzetta dello Sport” մարզական օրաթերթին մէջ, շնորհակալական խօսք ուզեց ուղղել Անոր, իր քաջութիւն ներշնչելու կարողութեան համար, նոյնիսկ մեծ տառապանքի պահերու ընթացքին։

Սիրելի Ալեսսանտրօ, քու պատմութիւնդ տիպար է թէ ինչպէս կարելի է դարձեալ վերսկսիլ յանկարծակի կանգ առնելէ ետք։ Մարզանքի միջոցաւ սորվեցուցիր կեանքը ապրիլ՝ որպէս դերակատար, հաշմանդամութիւնը վերածելով մարդկայնական դասի։ Շնորհակալութիւն՝ ուժ պարգեւելուդ համար անոնց, որոնք կորուսեցուցած էին զայն։ Այս ցաւալի պահուն քու մօտդ եմ, կ՛աղօթեմ քեզի եւ քու ընտանիքիդ համար։ Տէրը օրհնէ քեզ ու Տիրամայրը ըլլայ ապաւէն». գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2020, 11:40