Լիբանանի մէջ ցոյցեր Լիբանանի մէջ ցոյցեր  

«Լիբանանի առաջնորդները կարող ըլլան խաղաղութիւն հաստատելու». Ֆրանչիսկոս Պապը խնդրեց աղօթել Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Եմենի համար։

Քահանայապետը յիշեցուց որ յառաջիկայ 30 Յունիսին տեղի պիտի ունենայ «Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի ապագային հայող Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան չորրորդ խորհրդաժողովը», հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու այդ կարեւոր հանդիպումին համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 յունիս 2020-ին կիրակնօրեայ Մաերմեան աղօթքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն, յիշեցուց որ յառաջիկայ 30 Յունիսին տեղի պիտի ունենայ «Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի ապագային հայող Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան չորրորդ խորհրդաժողովը», հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու այդ կարեւոր հանդիպումին համար,  «որպէսզի սատարէ սուրիացի ժողովրդի ողբերգական իրավիճակը լաւացնելու ու լաւացնելու նաեւ դրացի ժողովուրդներուն իրավիճակը, յատկապէս Լիբանանին, որ կ՛ապրի ընկերաքաղաքական եւ տնտեսական մեծ տագնապ, զոր համաճարակը աւելիով դժուարացուց», յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով՝ թէ «կան բազմաթիւ մանուկներ, որոնք անօթութենէ կը տառապին, որոնք կերակուր չունին…

«Կը խնդրեմ՝ թող որ առաջնորդները կարող ըլլան խաղաղութիւն հաստատելու» կոչ ուղղեց Սրբազան  Քահանայապետը ու հրաւէր ուղղեց՝ աղօթել նաեւ Եմենի համար ու յատկապէս մանուկներուն համար, «որոնք մեծապէս կը տառապին մարդկայնական տագնապի հետեւանքով»։

Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ Արեւմտեան Ուկրանիայի բնակչութիւնը՝ որ թիրախ դարձած է ջրհեղեղի, մաղթելով որ անոնք փորձարկեն Տիրոջ մխիթարութիւնը եւ եղբայրներու օգնութիւնը։

Ողջունելէ ետք տարբեր վայերէ ժամանած ուխտաւորները Քահանայապետը յատուկէն ողջունեց  Քոնկոլացի հասարակութիւնը որ առաւօտեան մասնակցած էր Քոնկոյի համար մատուցուած սուրբ պատարագին։ Ան ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար ու ժամադրութիւն տուաւ վաղուայ՝ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ կայանալիք Մարեմեան Աղօթքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2020, 12:35