Պենետիկտոս ԺԶ եւ իր եղբայրը՝ Կէորկ Ռացինկեր Պենետիկտոս ԺԶ եւ իր եղբայրը՝ Կէորկ Ռացինկեր 

Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը մեկնեցաւ Գերմանիա իր ծանրապէս հիւանդ եղբօր մօտ։

Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ այսօր ժամանեց Գերմանիա Ռեկենզպուրկ քաղաք, այցելութիւն տալու իր հիւանդ եղբօր Կէորկին։ Վաստակաւոր Քահանայապետին կ՛ընկերանայ անոր յատուկ քարտուղարը՝ գերապայծառ Կէյնզուէյն եւ Վատիկանի Ոստիկանութեան Փոխ Ոստիկանապետը ու այլ համագործակիցներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի Մաթեր Էկլեզիա մենաստանէն դէպի Գերմանիոյ Ռեկենզպուրկ քաղաք ճամբորդութիւն՝ մօտիկ գտնուելու համար 96 ամեայ ծանր հիւանդ ու մահամերձ  եղբօրը։ Ճամբորդութիւնն է զոր կատարեց այսօր՝ 18 Յունիսին, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը, որուն կ՛ընկերանար իր յատուկ քարտուղարը գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյնը, բժիշկ մը, հիւանդապահ մը ու Վատիկանի Պետութեան Փոխ Ոստիկանապետը։

Ռացինկեր եղբայրները իրարու շատ կապուած  են։ Անոնք քահանայական ձեռնադրութիւնը ընդունած են նոյն օրը՝ 1951-ի Յունիսի 29-ին, Ֆրիզինկայի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ  մէջ։

2005-էն 2013 թուականներուն Կէորկ Ռացինկեր  յաճախակի կերպով այցելած էր  իր Քահանայապետ եղբայրը։

 2008 թուականին երբ Քասթել Կանտոլֆոյի քաղաքը ուզեց Պատուոյ Քաղաքացիութիւն շնորհել Կէորկ Ռացիկներին, Վաստակաւոր Քահանայապետը այսպէս արտայայտուեցաւ. «Ծնունդէս ի վեր եղաբարս ինծի համար եղաւ ոչ միայն ընկեր, այլ նաեւ վստահելի առաջնորդ։ Ինծի համար ան եղած է միշտ  կողմնորոշման և յղման կէտ ՝ իր որոշումներու յստակութեամբ և վճռակամութեամբ։

«Քահանայապետը Ռեկենզպուրկ պիտի մնայ հարկաւոր ժամանակի համար», կը նշէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը՝ Տիար Մաթթէօ Պրունի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2020, 15:00