1593341779096.jpg

«Աստուծմէ հայցենք համայն կեանքի համար շնորհքը» 29 Յունիսի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Աղօթքի աւարտին Քահանայապետը յիշեց թէ այս տօնակատարութեան առթիւ աւանդութիւն է որ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը Հռոմ ժամանէ՝ մասնակցելու համար տօնի ծիսակատարութեան, սակայն համաճարկի բերումով այս մէկը կարելի չ՛եղաւ։ «Հոգեւոր ողջագուրում մը կ՛ուղարկեմ իր սիրելի եղբօրս Բարթողոմէոսին, այն յոյսով որ մեր փոխադարձ այցելութիւնները շուտով վերսկսին» ըսաւ Ան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 29 Յունիս 2020-ի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան սուրբերուն վրայ ու յատկապէս Սուրբ Պետրոսին վրայ, որուն աճիւնները կը հանգչին Սուրբ Պետրոսի մէջ։

Այսօրուայ ծիսակատարութիւնը մեզի կը յիշեցնէ յատուկ մէկ իրադարձութիւն մը, հայող Սուրբ Պետրոսի բանտարկութեան ու հաւատացեալներուն մտահոգութեան անոր ճակատագրի նկատմամբ ու անոնց անընդհատ աղօթքին ու Սուրբ Պետրոսի հրեշտակի օգնութեամբ ազատագրումին։ (Գործք առաքելոց 12, 1-11)։

«Տարիներ ետք Պետրոս դարձեալ կը բանտարկուի Հռոմի մէջ, սակայն այդ առիթով անոր կեանքը չի խնայուեցաւ», դիտել տուաւ Սրբազան Պապը, հաստատելով՝ որ «Սուրբ Պետրոսի կեանքին մէջ կայ ուղեւորութիւն մը որ կարող է լուսաւորել մեր կեանքին ուղեւորութիւնը։ Տէրը անոր պարգեւեց բազմաթիւ շնորհքներ ու նոյնը կը կատարէ նաեւ մեզի հետ։ Առ աւելին՝ մենք շատ անգամ Անոր կը դիմենք միայն կարիքի պահուն, թէեւ Աստուած կը նայի աւելի անդին, կը հրաւիրէ չի փնտռել միայն իր պարգեւները՝ այլ Զինք, Անոր յանձնելով ոչ միայն մեր հարցերը, այլ մեր կեանքը։ Այսպէսով Ան մեզի կը պարգեւէ ամենամեծ շնորհքը՝ կեանքը զոհելու շնորհքը։

Կեանքին մէջ ամենակարեւոր բանը կեանքը պարգեւի վերածելն է, ու այս մէկը կը վերաբերի բոլորին, եւ  բոլոր վայրերուն մէջ։ Միայն այդ շնորհքով է որ մենք մեծ կը դառնանք նման Սուրբ Պետրոսին։ Ան արդարեւ հերոս չի դարձաւ բանտէն ազատած ըլլալուն համար, այլ իր կեանքը պարգեւելուն համար, եւ անոր պարգեւը այս վայրը դարձուց մահավճիռի վայրէն՝ յոյսի վայր։

Ահա թէ ինչ պէտք է խնդրել Աստուծմէ՝ ոչ միայն այդ պահուն շնորհքը, այլ շնորհքը կեանքին։ Այսօրուայ Աւետարանը մեզի ցոյց կու տայ զրոյցը զոր փոխեց Սուրբ Պետրոսին կեանքը, երբ Ան «ես ով եմ քեզի համար» Յիսուսի  հարցումին կը պատասխանէ «Դուն ես Քրիստոսը կենդանի Աստուծոյ որդին»։ Եւ Յիսուս անոր կ՛ըսէ «երանի քեզի Պետրոս»։

«Երանութեան կեանքի մը գաղտնիքը կը կայանայ Յիսուսը որպէս կենդանի Աստուած ճանչնալուն մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը, որովհետեւ կարեւոր չէ միայն գիտնալ թէ Յիսուս մեծ եղաւ պատմութեան մէջ, բաւարար չէ  գնահատել Անոր ըրածները, կարեւոր ու անհրաժեշտ է իմանալ՝ թէ ո՞ր տեղը կը գրաւէ Ան իմ կեանքիս մէջ։

Յիսուսը դաւանելէ ետքն է որ Պետրոս ունկնդրեց Յիսուսին խօսքերը, դուն վէմ ես եւ այդ վէմին վրայ պիտի կառուցեմ եկեղեցիս։ Ան վէմ կոչուեցաւ ոչ թէ որովհետեւ Պետրոս հաստատ մարդ մըն է։ Ոչ։ Ան  բազմաթիւ սխալներ պիտի գործէ, պիտի ուրանայ նաեւ իր Վարդապետը, բայց Ան ընտրած էր իր կեանքը կառուցել Յիսուսին վրայ, որովհետեւ Յիսուսն է վէմը որուն միջոցաւ Պետրոսը դարձաւ ժայռ։

Այսօր մենք եւս հարց տանք. Իմ կեանքս ի՞նչպէս կարգաւորած եմ։ Կը մտածեմ միայն ժամանակի կարիքներուն կամ կը հաւատամ իմ իսկական կարիքիս զոր Յիսուսն է։ Սուրբ Կոյսը որ ամբողջութեամբ ինքզինք նուիրեց Աստուծոյ մեզ  օգնէ այս առաջադրանքը ընտրելու որպէս մեր ամենօրեայի հիմք։

Մարեմեան աղօթքը արտասանելէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները նշելով թէ  Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի բարեխօսութեամբ կ՛աղօթէ Հռոմի համար, որպէսզի իւրաքանչիւր անձ կարենայ ապրիլ արժանապատւութեամբ ու առիթը ունենայ հանդիպելու Աւետարանի ուրախ վկայութեան։

Սրբազան Պապը յիշեց ապա թէ այս տօնակատարութեան առթիւ աւանդութիւն է որ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը Հռոմ ժամանէ՝ մասնակցելու համար տօնի ծիսակատարութեան, սակայն համաճարկի բերումով այս մէկը կարելի չ՛եղաւ։ Առ այդ՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Հոգեւոր ողջագուրում մը կ՛ուղարկեմ իր սիրելի եղբօրս Բարթողոմէոսին, այն յոյսով որ մեր փոխադարձ այցելութիւնները շուտով վերսկսին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2020, 12:11