« Չկայ իսկական սէր առանց խաչի»։ Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Յիսուս ապա իր աշակերտներուն կ՛ըսէ «Ա՛ն որ իր խաչը չ՚առներ ու իմ ետեւէս չի գար, արժանի չէ ինծի (38): Այս կը նշանակէ հետեւիլ նոյնինքն Տիրոջ ուղեւորութեան, առանց դիւրանցուկներ փնտռելու։ Չկայ իսկական սէր առանց խաչի։

Ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր հայրը կամ մայրը՝ արժանի չէ ինծի, եւ ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր որդին կամ աղջիկը՝ արժանի չէ ինծի:  Ա՛ն որ իր խաչը չ՚առներ ու իմ ետեւէս չի գար, արժանի չէ ինծի:  Ա՛ն որ կը գտնէ իր անձը՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ա՛ն որ իր անձը կը կորսնցնէ ինծի համար՝ պիտի գտնէ զայն»:

«Ա՛ն որ ձեզ կ՚ընդունի՝ զի՛ս կ՚ընդունի. եւ ա՛ն որ զիս կ՚ընդունի՝ կ՚ընդունի Ան որ զիս ղրկեց:  Ա՛ն որ մարգարէ մը կ՚ընդունի՝ մարգարէի անունով, մարգարէի վարձատրութիւն պիտի ստանայ. ու ա՛ն որ արդար մը կ՚ընդունի՝ արդարի անունով, արդարի վարձատրութիւն պիտի ստանայ:  Եւ ո՛վ որ այս պզտիկներէն մէկուն միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ՝ աշակերտի անունով, ճշմա՛րտապէս կ՛ըսեմ ձեզի, բնա՛ւ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ»

Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս կիրակի օրուայ Աւետարանը (Մատթ. 10, 37-42) զօրեղ կերպով կը հնչեցնէ հրաւէրը լիութեամբ  եւ առանց տատամսումներու ապրելու Տիրոջ մեր նուիրումը։ Յիսուս իր աշակերտներէն կը խնդրէ լուրջի առնել աւետարանական պահանջները, նոյնիսկ երբ այդ մէկը զոհողութիւն կը պահանջէ»։  Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ներշնչուելով օրուան սուրբ աւետարանական ընթերցումէն, սկիզբ տուաւ կիրակի օրուայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին, զոր արտասանեց 28 Յունիսին իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Անդրադառնալով Յիսուսին խնդրանքներուն Քահանայապետը նկատել տուաւ՝ թէ Յիսուս իրեն  հետեւող անձերէն կը պահանջէ իրեն հանդէպ սէրը զետեղել աւելի վեր քան ընտանեկան սէրը։ «Ով որ իր հայրը եւ մայրը…իր որդին ու դուստրը կը սիրէ ինձմէ աւելի, արժանի չէ ինծի (37)։

Յիսուսին նպատակը ծնողներու եւ զաւակներու նկատմամբ սէրը ստորադասելը չէ, բայց Ան գիտէ որ ընտանեկան կապերը, երբ առաջնահերթ տեղ գրաւեն, կարող են մեզ շեղել իսկական բարիքէն։ Այս ի յայտ կու գայ նաեւ  կաշառակերութեան տարածուած երեւոյթէն, երբ շատ մը քաղաքական առաջնորդներ հայրենիքի սիրոյն կը նախընտրեն  ազգականներու սէրը։ Բազմաթիւ օրինակներ կան այս ուղղութեամբ։ 

Մինչ երբ այդ սէրը բիւրեղացած եւ ոգեւորուած է Տիրոջ սիրով այդ պահուն ան կը դառնայ լիապէս պտղաբեր ու պտուղներ կը պարգեւէ ընտանիքին մէջ ու նաեւ ընտանիքէն անդին։

Յիսուս ապա իր աշակերտներուն կ՛ըսէ «Ա՛ն որ իր խաչը չ՚առներ ու իմ ետեւէս չի գար, արժանի չէ ինծի  (38):  Այս կը նշանակէ հետեւիլ նոյնինքն Տիրոջ ուղեւորութեան, առանց դիւրանցուկներ փնտռելու։

Չկայ իսկական սէր առանց խաչի։ Եւ երբ Խաչը կրենք Յիսուսին հետ,  ան վախ չի յառաջացներ, որովհետեւ Տէրը միշտ մեզի մօտիկ է, որպէսզի մեզի թիկունք կանգնի ամենադժուար պահուն ու մեզի ուժ եւ քաջութիւն պարգեւէ։

Յիսուս ապա կ՛ընդգծէ «Ա՛ն որ կը գտնէ իր անձը՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ա՛ն որ կը կորսնցնէ իր անձը ինծի համար՝ պիտի գտնէ զայն» (39): Ինչպէս կը պատահի մեր այս համաճարակի օրերուն, երբ բազմաթիւ անձեր իրենց կանքը կը զոհեն ուրիշներուն համար։ Կեանքի եւ ուրախութեան լիութիւնը արդարեւ ի յայտ կու գայ մենք մեզ զոհաբերելով Աւետարանին ու մեր եղբայրներուն համար, բացուելով, հիւրընկալելով եւ բարեացակամութեամբ։

Այսպէսով կարող ենք փորձարկել Աստուծոյ առատաձեռնութիւնն ու երախտագիտութիւնը։ Յիսուս մեզի կը յիշեցնէ ««Ա՛ն որ ձեզ կ՚ընդունի՝ զի՛ս կ՚ընդունի. եւ ա՛ն որ զիս կ՚ընդունի՝ կ՚ընդունի Ան որ զիս ղրկեց ….Եւ ո՛վ որ այս պզտիկներէն մէկուն միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ՝ բնա՛ւ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ» (40, 42)

Աստուծոյ վեհանձն երախտագիտութիւնը նկատի կ՛առնէ նոյնիսկ  սիրոյ ու ծառայութեան ամենափոքր արարքը։ Վարակիչ երախտագիտութիւն մըն է որ կ՛օգնէ իւրաքանչիւրիս մեր կարգին  ըլլալու երախտապարտ անոնց նկատմամբ՝ որոնք հոգ կը տանին  մեր կարիքներուն։

Երբ մէկը մեզի ծառայութիւն մը մատուցէ պէտք չէ մտածենք թէ այդ մէկը պարտադիր էր։ Մտաբերենք այն բազմաթիւ կամաւորները որոնք սիրոյ համար ծառայութիւն կը մատուցեն համաճարակի այս օրերուն։ «Այդ կ՛ընեն միայն սիրոյ համար» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Երախտագիտութիւնը նախ եւ  առաջ բարի կրթութեան նշան է, ու նաեւ քրիստոնեայի  յատկանիշ։ Ան հարազատ եւ պարզ նշանն է Աստուծոյ թագաւորութեան, որ ձրի եւ երախտապարտ սիրոյ թագաւորութիւն է։

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը որ Յիսուսը սիրեց իրեն կեանքէն աւելի ու Անոր հետեւեցաւ մինչեւ խաչ, մեզ օգնէ մենք մեզ միշտ դնելու Աստուծոյ առջեւ, հնազանդ սրտով, թոյլ տալով որ Անոր Խօսքը դատէ մեր ընտրանքներն ու վարուելակերպը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2020, 12:10