Որոնել

1592740872079.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապին 21 Յունիսի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Այն որ զիս կը խոստովանի մարդոց առջեւ, ես ալ զինք կը խոստովանիմ իմ Հօրս առջեւ որ երկինքն է: Եւ այն որ զիս կ՚ուրանայ մարդոց առջեւ, ես ալ զինք կ՚ուրանամ իմ Հօրս առջեւ, որ երկինքն է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Չկայ ծածուկ բան, որ չյայտնուի, եւ գաղտնի բան, որ չի գիտցուի:  Ինչ որ ձեզի կ՛ըսեմ խաւարի մէջ, դուք զայն ըսէք լոյսի՛մէջ. Եւ ինչ որ կը լսէք ականջի մէջ փսփսուքով, հրապարակեցէ՛ք տանիքներու վրայ:   Եւ մի՛վախնաք անոնցմէ, որ մարմինը կը սպանեն, բայց հոգին սպանել չեն կրնար. Այլ դուք առաւել վախցէ՛ք անորմէ, որ կարող է գեհենի մէջ կորստեան մատնել հոգին եւ մարմինը:   Չէ՞որ երկու ճնճղուկ մէկ դահեկանի կը ծախուին, բայց անոնցմէ եւ ոչ մէկը առանց ձեր Հօր գետին չի իյնար. եւ ձեր գլխի մազերը բոլորն ալ հաշուըւուած են:  Արդ, մի՛ վախնաք, քանի որ բազում ճնճղուկներէ աւելի արժէք ունիք դուք:  Այն որ զիս կը խոստովանի մարդոց առջեւ, ես ալ զինք կը խոստովանիմ իմ Հօրս առջեւ որ երկինքն է:  Եւ այն որ զիս կ՚ուրանայ մարդոց առջեւ, ես ալ զինք կ՚ուրանամ իմ Հօրս առջեւ, որ երկինքն է»։

Մատթէոս Աւետարանիչէն  քաղուած (Մատթ. 10, 26 -33) սոյն հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին զոր Ան ներկայացուց 21 յունիսի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

«Այս կիրակի օրուայ Աւետարանին մէջ կը հնչէ Յիսուսին հրաւէրը ուղղուած իր աշակերտներուն վախ չունենալու եւ ըլլալու զօրաւոր եւ վստահ՝ ի դէմ կեանքի մարտասէրներուն, նախազգուշացնելով այն դժուարութիւններուն մասին որոնք զիրենք  կը սպասեն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը

Աւետարանի այսօրուայ հատուածը միսիոներական ճառ մըն է, որուն մէջ Վարդապետը առաքեալները կը պատրաստէ Աստուծոյ Արքայութեան քարոզութեան առաջին փորձառութեան։ Ան կը պնդէ «Մի վախնաք», եւ վախը քրիստոնէական կեանքի ամէնագէշ թշնամիներէն մին է եւ ասոր համար է որ Յիսուս կը խրախուսէ «մի վախնաք, մի վախնաք»,  ու կը ներկայացնէ գործնական իրադարձութիւնները ՝ որոնց առջեւ կարող ենք գտնուիլ։

Նախ եւ առաջ Աստուծոյ Խօսքը լռեցնել ուզողներու հակառակութիւնը, որոնք լռութեան կ՛ուզեն մատնել ան, որ Աստուծոյ Խօսքը կը հռչակէ։ Այս պարագային Յիսուս կը քաջալերէ աշակերտները տարածելու փրկութեան պատգամը, զոր Ինք յանձնեց անոնց։ Լոյսին մէջ հռչակեցէք ինչ որ ես ձեզի կ՛ըսեմ խաւարի մէջ։

Երկրորդ դժուարութիւնը կը հայի ֆիզիկական սպառնալիքին, զոր Քրիստոսի աշակերտները կարող են դիմագրաւել, այսինքն հալածանքները, մինչեւ սպանութիւն։ «Մարգարէութիւն մը՝ որ բոլոր ժամանակներու ընթացքին իրականացաւ...ցաւալի իրականութիւն մը, որ կը հաստատէ վկաներուն հաւատարմութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ հազարաւոր քրիստոնեաներուն, որոնք այսօր եւս հալածուած են աշխարհին մէջ, մերօրեայ նահատակները։

Յիսուս կը յանձնարարէ «Մի վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպանեն, սակայն ոչ մէկ իշխանութիւն ունին հոգիին վրայ»։ «Միակ վախը զոր աշակերտը պէտք է ունենայ՝ աստուածային պարգեւը կորսնցնելու վախը ըլլալու է, որ հետեւանքն է մեղքին», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ներկայացուց երրորդ դժուարութիւնը, որուն առջեւ կրնան գտնուիլ առաքեալները. «Զգացումը զոր մի գուցէ Աստուած իսկ զանոնք լքած ըլլայ»։ Յիսուս եւս փորձարկեց այս մէկը խաչին վրայ.«Հայր իմ ինչու լքեցիր ցիս»։ Սակայն պէտք չէ վախնանք որովեհետւ Հայրը  հոգ կը տանի մեզի՝ որովհետեւ իր աչքերուն համար մենք մեծ արժէք ունինք։ Եւ Յիսուսէն իր Հօր առջեւ ճանչցուած ըլլալու պայմանը՝ հաւատքի վկայութեան անկեղծութիւնն է.այսինքն Յիսուսը խոստովանիլ մարդոց առջեւ եւ յառաջ ընթանալ բարիք գործելով։

Սրբազան Պապը Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյսէն որ հակառակութեան եւ վտանգի պահերուն մեզ օգնէ՝ յուսալքումի չի մատնուելու այլ մշտապէս վստահելու Յիսուսին եւ անոր  շնորհքին, որ աւելի հզօր է չարէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2020, 12:23