1592129810056.JPG

«Կարելի չէ մասնակցիլ պատարագին առանց յանձնառու ըլլալու փոխադարձ անկեղծ եղբայրութեան մը մէջ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Թող Սուրբ Կոյսը մեզ օգնէ զարմանքով եւ երախտապարտութեամբ ընկալելու Յիսուսին մեծ նուէրը՝ զոր մեզի պարգեւեց Իր Սուրբ Մարմնոյն Եւ Արեան Խորհուրդովը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 յունիս 2020-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն  արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Պապը ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այսօր Իտալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ կը յիշատակուի Յիսուսի Սուրբ Մարմնոյ եւ Արեան Տօնը։ Օրուան Սուրբ գրային ընթերցումներուն մէջ Սուրբ Պօղոսը կը նկարագրէ Սուրբ Հաղորդութեան տօնախմբութիւնը (Ա Կորընթ. 10, 16-17)։ Ան կ՛ընդգծէ բաժնեկցուած սկիհին եւ բեկանուած հացին  երկու հետեւանքները՝ խորհրդական ազդեցութիւնը եւ հասարակական ազդեցութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Սկիզբը առաքեալը կը հաստատէ «Օրհնութեան գաւաթը՝ որ մենք կ’օրհնենք չէ՞ որ Քրիստոսին արեան հաղորդութիւնն է. հացը որ մենք կը կտրենք, չէ՞ որ Քրիստոսին մարմնին հաղորդութիւնն է»։ Ասոնք կ՛արտայայտեն հաղորդութեան խորհրդական կամ հոգեւոր ազդեցութիւնը որ կը հայի Քրիստոսին հետ միութեան, որ գինիի եւ հացին մէջ կը նուիրուի բոլորի փրկութեան համար։ Յիսուս ներկայ է Հաղորդութեան մէջ մեզի համար  սնունդ եւ շարժիչ ուժ դառնալու համար, որ մեզի կը վերապարգեւէ ուժանիւթ եւ իղձ՝ ամէն մէկ կանգ առնելէ եւ անկումէ ետք դարձեալ ճանապարհի վրայ դնելու մենք զմեզ։

Այս մէկը սակայն կը պահանջէ մեր հաւանութիւնը մեր տրամադրութիւնը թոյլ տալու փոխակերպուիլ, փոխել մեր մտածելակերպը, մեր վարուելակերպը, ապա թէ ոչ պատարագները որոնց կը մասնակցինք կը դառնալ լոկ դատարկ եւ ձեւական ծիսակատարութիւն։

Երկրորդ ազդեցութիւնը հասարակականն է եւ Սուրբ Պօղոս զայն կ՛արտայայտէ սոյն բառերով «Քանզի մենք շատերս մէկ հաց մէկ մարմին ենք, վասն զի ամէնքս ալ այդ մէկ հացէն կը վայելենք»։ Այս կը հայի հասարակական հաղորդութեան բոլոր անոնց՝ որոնք կը մասնակցին սուրբ պատարագին մինչեւ այն աստիճան, որ անոնք կը դառնան մէկ մարմին, ինչպէս մէկ է հացը որ կը բեկանուի եւ կը բաժնուի։

«Կարելի չէ մասնակցիլ պատարագին առանց յանձնառու ըլլալու փոխադաըձ անկեղծ եղբայրութեան մը մէջ», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «Տէրը լաւապէս գիտէ թէ մեր մարդկային ուժերը բաւարար չեն» միութիւնը եւ եղբայրութիւնը ապրելու համար։ Աշակերտներուն միջեւ արդարեւ  յաճախ կը ծագի մրցակցութեան, նախանձի, նախապաշարումի եւ բաժանումի փորձութիւնը…ասոր համար է որ Ան մեզի թողուց իր իսկական Ներկայութեան Խորհուրդը, որպէսզի միացած մնալով Իրեն մենք կարողանանք մշտապէս ապրիլ եղբայրութեան սիրոյ պարգեւը։ «Մնացէք իմ սիրոյս մէջ» ըսաւ Յիսուս իր բարեկամներուն եւ այս մէկը կարելի է Սուրբ Հաղորդութեան շնորհիւ։

Սուրբ Հաղորդութեան սոյն կրկնակի պտուղը Քրիստոսի  հետ միութիւնը եւ հաղորդութիւնը՝ անոնց միջեւ որոնք կը սնանին Անկէ, մշտապէսս կը վերակենդանացնէ եւ կը վերանորոգէ քրիստոնեայ հասարակութիւնը։

Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը Եկեղեցւոյ սահմանադրութեան մէջ կը հաստատէ՝ թէ «Անիկա Քրիստոսի մէջ խորհուրդ մըն է. Նշանը եւ գործիքը Աստուծոյ հետ մտերիմ  միութեան եւ համայն մարդկութեան միութեան։ Ուրեմն շիտակ է որ Եկեղեցին Հաղորդութիւն է սակայն աւելի հիմնական է գիտնալ որ Հաղորդութիւնն է որ Եկեղեցին կ՛իրագործէ ու անոր թոյլ կու տայ դառնալու առաքելութիւն ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը որ խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ զարմանքով եւ երախտապարտութեամբ ընկալելու Յիսուսին մեծ նուէրը, զոր մեզի պարգեւեց Իր Սուրբ Մարմնոյն Եւ Արեան Խորհուրդովը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2020, 12:06