Որոնել

Կոյսերու օծման ծէս Կոյսերու օծման ծէս 

Քահանայապետկան պատգամ Կոյսերու օծման ծէսին հրապարակման 50 ամեակին առթիւ։

«Ձեր կոչումը ի յայտ կը դնէ ամէն ինչ նոր դարձնող Սուրբ Հոգիին բազմատեսակ պարգեւներու հարստութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

50 տարիներ առաջ Աստուածային Պաշտամունքի Սուրբ Ժողովը, Պօղոս Զ Քահանայապետի հրամանով կը հրապարակէր «Կոյսերու օծման» հայող նոր ծէսը։ Սոյն Յոբելեանին առթիւ նախատեսուած էր տօնախմբութեան  յատուկ միջազգային հաւաք մը, որ համաճարակի բերումով յետաձգուեցաւ։ Ֆրանչիսկոս Պապը սակայն ուզեց նոյնպէս միանալ բոլոր նուիրեալ անձերուն ու անոնց հետ միասին գոհաբանութիւն մատուցել Տիրոջ՝ Եկեղեցւոյ շնորհած «հաւատարիմներու կարգին» այդ գեղեցիկ պարգեւին համար, այդ առընչութեամբ հրապարակելով յատուկ պատգամ մը։

«Ձեր կոչումը ի յայտ կը դնէ ամէն ինչ նոր դարձնող Սուրբ Հոգիին  բազմատեսակ պարգեւներու հարստութիւնը» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ, մատնանշելով թէ այդ մէկը նաեւ նշան է յոյսի ու թէ Հօր Աստուծոյ հաւատարմութիւնը այսօր եւս շատ մը կիներու սրտին մէջ կը դնէ իղձը՝ Տիրոջ նուիրուելու, ապրելով կուսակրօնութիւնը։

Սրբազան Պապը հուսկ կը քաջալերէ կուսական կեանքը ընտրող կիները շարունակելու իրենց ուղեւորութիւնը, համագործակցելով Եպիսկոպոսներուն հետ, կոչումի զատորոշումի եւ կազմաւորումի ուղիներ հարթելով։ Ան ապա 50 ամեակին առթիւ կը խրախուսէ չի յագեցնելու իրենց կոչումին մարգարէութիւնը։ «Դուք, կը գրէ Սրբազան Պապը, կանչուած էք ոչ թէ ձեր արժանիքներուն համար, այլ Աստուծոյ ողորմութեան շնորհիւ, ձեր գոյութեամբ ցոլացնելու Քրիստոսի Հարս՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ դիմագիծը, որ կոյս է, որովհետեւ հակառակ որ կազմուած է մեղաւորներէ, իր մէջ կը պահպանէ հաւատքը ու կը ծնի եւ կ՛աճեցնէ նոր մարդկայնութիւն մը։

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր կ՛ուղղէ հուսկ վերաընթերցելու եւ խորհրդածելու Ծիսակատարութեան գրութիւններուն մասին, «ուր կը հնչեն, կը գրէ Ան, ձեր կոչումին իմաստը, որով դուք կանչուած էք փորձարկելու եւ վկայելու՝ որ Աստուած իր Միածին Որդիին միջոցաւ մեզ սիրեց որպէս առաջին ու թէ Անոր սէրը վերապահուած է բոլորին ու կարողութիւնը ունի մեղաւորները սուրբ դարձնելու։ 

Քահանայապետը կ՛ակնարկէ ապա Օծման Կարգի քարոզին ուր նշուած է.  «Սիրեցէք բոլորը ու նախապատւութիւն տուէք աղքատներուն», եւ ասկէ մեկնելով կը խրատէ  որ՝  աւետարանի մօտիկութեան ապրելաձևով, իրենց վկայութիւնը  տան այն միջավայրերուն մէջ ուր կ՛ապրին,   մօտիկ ըլլալով ու սիրելով աղքատը, օգնութեան հասնելով աւելի դիւրաբեկներուն եւ անպաշտպաններուն, ֆիզիկական ու հոգեբանական հիւանդութիւններէ տառապողներուն, փոքրերուն, տարեցներուն ու բոլոր անոնց որոնք մէկդի դրուած են որպէս «աւելորդ»։

«Եղէք ողորմութեան կիներ» կը գրէ Սրբազան Պապը, կիներ որոնք կը հաւատան քնքշութեան եւ գորովի  յեղափոխական զօրութեան»

«Համաճարակը մեզի կը սորվեցնէ որ ժամանակն է վերացնելու անհաւասարութիւնները դարմանելու անարդարութիւնները, որոնք կը սպառնան համայն մարդկութեան առողջութեան» կը նշէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը խրախուսուելով կուսանները անտարբեր չի մնալու այլ դիմագրաւելու ցաւն ու տառապանքը ու շարունակելու Աւետարանը հռչակել բոլորին։

Ան ապա կը զգուշացնէ շատախօսութեան փորձութենէն ու կը հրաւիրէ ըլլալ իմաստուն ու ընդդիմանալ ամբարտաւանութեան եւ կանխել իշխանութեան չարաշահումները։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը իր օրհնութիւնը կը շնորհէ ներկայ եւ ապագայի նուիրեալ կոյսերուն յորդորելով հետեւիլ Նազարէթի Մարիամի օրինակին, Մեծացուսցէի կնոջ, կենդանի Աւետարանի մօր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2020, 15:00