1589358507748.JPG

«Աղօթքը ծնունդ կ՛առնէ սրտէն» Ֆրանչիսկոս Պապին ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Աստուած հաւատարիմ դաշնակից է նոյնիսկ եթէ մարդիկը դադրին սիրելէ, Ան կը շարունակէ սիրել նոյնիսկ եթէ այդ սէրը կը տանի գողգոթայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 13 մայիս 2020-ին, Ֆաթիմայի Տիրամօր ծիսական տօնին օրը եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին դէմ գործադրուած մահափորձի 39րդ տարեդարձին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը առաքելական պալատի Մատենադարանէն ուղիղ եթերի սփռումով գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին ներկայացուց անցեալ շաբաթ սկիզբ տուած աղօթքի մասին խորհրդածութիւններու շարքին  երկրորդը։

«Աղօթքը կը պատկանի բոլորին,  բոլոր կրօններու մարդոց ու հաւանաբար նաեւ անոնց՝ որոնք չեն դաւանիր ոչ մէկ կրօն։ Աղօթքը կը ծնի մեզի համար այն մտերիմ գաղտնի տեղէն, զոր  հոգևոր հեղինակները յաճախ անուանած են «սիրտ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով՝ որ «Զգացումները կ՛աղօթեն, բայց կարելի չէ ըսել՝ որ աղօթքը միայն զգացում է։ Բանականութիւնը կ՛աղօթէ, աղօթքը սակայն միայն բանական արարք մը չէ։ Մարմինը կ՛աղօթէ, սակայն Աստուծոյ հետ կարելի է խօսիլ նաեւ նոյնիսկ ամենածանր անկարութեան մէջ։ Ուրեմն ամբողջ մարդն է՝ որ կ՛աղօթէ, երբ աղօթէ իր սրտով» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

«Ուստի աղօթելը արուարձային ու երկրորդական իրողութիւն մը չէ, ան մեր ամենամտերիմ անլուծելի խորհուրդն է, որ ծնունդ կ՛առնէ մեր մէջ, որպէս կարօտի սլացք մը՝ Ուրիշի հետ հանդիպումի։ Եւ Քրիստոնեային համար այդ Ուրիշը յայտնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի մէջ, որ կապի մէջ մտաւ մեր հետ», աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով՝ որ «Ոչ մէկը Աստուած տեսաւ, Միածին Որդին է որ կը գտնուի Հօր ծոցին մէջ՝ զԱյն ճանչցուց»։

Առ այդ «Քրիստոնեային աղօթքը ծնունդ կ՛առնէ յայտնութենէ մը՝ Քրիստոնեաները Աստուծոյ կը դիմեն համարձակելով զԱյն կոչել «Հայր»։

Այն փոխյարաբերութիւնը, որ ունինք Աստուծոյ հետ, ծառայականութիւն չէ, որը յատկանշուած է վախով, այլ ուխտ է, ընկերութիւն է, հաղորդութիւն է, ինչպես կը սորվեցնէ Յիսուս աշակերտներուն ուղղած հրաժեշտի երկար ճառին մէջ. «Այլեւս ծառայ չեմ կոչեր ձեզ, որովհետեւ ծառան չի գիտեր թէ իր տէրը ի՛նչ կ՚ընէ. հապա ես բարեկա՛մ կոչեցի ձեզ, որովհետեւ ամէն ինչ որ լսեցի իմ Հօրմէս՝ գիտցուցի ձեզի: Ո՛չ թէ դո՛ւք ընտրեցիք զիս, հապա ե՛ս ընտրեցի ձեզ, ու նշանակեցի ձեզ՝ որպէսզի երթաք եւ պտուղ բերէք, ու ձեր պտուղը մնայ. որպէսզի ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն՝ իմ անունովս, տայ ձեզի (Յովհաննէս 15, 15-16).

Աղօթքի մէջ կարելի է վստահութեան փոխյարաբերութիւնն հաստատել Անոր հետ։ Արդարեւ մենք կարող ենք Անոր պատմել եւ Անորմէ խնդրել ամէն ինչ։ Կարեւոր չէ եթէ մենք թերի ենք այդ փոխյարաբերութեան մէջ. Եթէ մենք լաւ բարեկամներ չենք. Եթէ երախտապարտ զաւակներ չենք… Ան պիտի շարունակէ մեզ սիրել։  Այս մէկը վերջնական կերպով բացայայտուեցաւ Յիսուսի վերջին ընթրիքի պահուն, երբ Ան բաժակը բարձրաբանելով ըսաւ. «Խմեցէք ամէնքդ, ասիկա իմ Արիւնս է. Արիւնը Ուխտին, թափուած բազմութեան մեղքերուն համար»։

Աստուած հաւատարիմ դաշնակից է նոյնիսկ եթէ մարդիկը դադրին սիրելէ, Ան կը շարունակէ սիրել նոյնիսկ եթէ այդ սէրը գողգոթայ կը տանի։ 

Փորձենք ուրեմն աղօթել մուտք գործելով Նոր Ուխտի խորհուրդին մէջ։ Մենք մեզ դնենք Աստուծոյ ողորմած բազուկներուն մէջ, որպէսզի մենք մեզ զգանք պարուրուած այն երանութեան ուրախութեամբ՝ որ է Երրորդութեան կեանքը։

Աղօթենք Աստուծոյ կրկնելով այս խօսքերը  «Կարելի՞ է, որ դուն միայն սէր կը ճանչնաս»: Այս է Աստուածը որուն կ՛աղօթենք։ Սիրոյ Աստուածը։ Ասիկա շիկացած հիմքն է քրիստոնէական իւրաքանչիւր աղօթքի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2020, 09:48