Կարդինալ Թակլէ Կարդինալ Թակլէ 

Քահանայապետը կը հրաւիրէ Քրիստոնէական սովորական կեանքին մէջ վերագտնել առաքելութիւնը։

«Propaganda Fide» ի Ժողովուրդներու Աւետարանման Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Անթոնիօ Թակլէ զեկուցելով Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետական առաքելական գործունէութիւններու ուղղած պատգամի մասին, կը հաստատէ թէ հարկաւոր է վերադառնալ առաջին Եկեղեցւոյ մէջ ապրուած Հոգիին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետական առաքելական գործունէութիւններու ուղղած պատգամի հրատարակումէն մէկ շաբաթ ետք, Ժողովուրդներու Աւետարանման Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Անթոնիօ Թակլէ Վատիկան Նիուզի եւ Օսսերվաթորէ Ռոմանոյի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց  պատգամի կարեւոր նիւթերը, դիտել տալով, որ ան հրատապ հրաւէր է՝ վերագտնելու միսիոներական իսկական հոգին։ 

«Քահանայապետը կ՛ուզէ՝ որ համայն Եկեղեցին ու համայն Աստուծոյ ժողովուրդը կարդայ այդ պատգամը, սորվի եւ խորհրդածէ անոր վրայ» ըսաւ Կարդինալ Թակլէ, հաստատելով՝ որ  «Առաքելութիւնը Սուրբ Հոգիին պարգեւն է, եւ եթէ մենք անջատուինք այդ շնորհքի արմատէն, Եկեղեցւոյ արարքները կը դառնան լոկ գործառոյթներ և գործողութեան ճշգրիտ նախշեր»։

«Արդիւնաւէտութեան գործիքները կարող են սատարել այդ գործին, սակայն անոնք պէտք չէ փոխարինեն Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը» աւելցուց Ծիրանաւորը, դիտել տալով՝ որ «ամենէ արդիւնաւէտ եկեղեցական կազմակերպութիւնը եւս կարող է յայտնուիլ որպէս ամենանուազ միսիոներականը»։

Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովին կառավարիչը մատնանշեց ապա ինքնահաճութեան «հիւանդութեան»,  որ կը «ներկայացնէ այն հայելին զոր Քահանայապետը կը հրաւիրէ կործանել»։

«Այդ ինքնահաճութեան դէմ պատուաստը մենք մեզմէ դուրս ելլելն է։ Այս պատուաստանիւթը կը կոչուի դէպի դուրս Երկեկցի» ըսաւ Կարդինալ Թակլէ նշելով՝ որ «միայն այն ժամանակ  մենք մեզ կը վերագտնենք իսկապէս», եւ  յիշեցնելով՝ որ Քահանայապետը կը քաջալերէ Եկեղեցին եւ Քահանայապետական առաքելական գործունէութիւնները՝ առաքելութեան իրականացումի իմաստը վերազետեղելու քրիստոնէական կեանքի առօրեային մէջ, առաքելութիւնը դարձնելով քրիստոնէական կեանքին պարզ եւ ոչ թէ բարդ մաս մը։

Անդրադառնալով ապա դրամահաւաքի հարցի մասին  Կարդինալ Թակլէ մատնաանշեց՝ թէ «երբ պարգեւին հորիզոնը փոխարինուած է կազմակերպութեան մը մատակարարումի արդիւնաւէտութեամբ, այդ պարագային նուիրատուութիւնները կը դառնան միայն գործածուելիք կենսամիջոցներ, փոխանակ՝ որ անոնք ըլլան սիրոյ, աղօթքի եւ բաժնեկցութեան  շօշափելի նշաններ, մարդկային աշխատանքի պտուղներ»։

Ասոր համար հարկաւոր է յիշեցնել մեր հաւատացեալներուն թէ նոյնիսկ անոնց ամենափոքր նուիրատուութիւնը, սատարը, երբ միասին դրուին, կը դառնան Սրբազան Քահանայապետի միսիոներական բարեգործութեան շօշափելի արտայայտութիւնը, յօգուտ կարիքի մէջ գտնուող եկեղեցիներուն։

Ժողովուրդներու Աւետարանումի Ժողովին կառավարիչը խօսելով ապա ապրուած համաճարակի օրերու մասին, ակնարկեց՝ թէ «չենք կրնար եւ ոչ ալ պէտք է անտեսենք անոր ազդեցութիւնը՝ Եկեղեցւոյ ու անոր արաքելութեան վրայ։ Շատ տարիներ կ՛ուզեն որպէսզի կարողանանք լաւապէս հասկնալ այս իրադարձութիւնը մեր կեանքէն ներս։ Այսուհանդերձ կարող ենք հաստատել ՝ որ հակառակ անորոշութիւններուն, մեկուսացումին, գործազրկութիւն, եկամուտի կորուստի և համաճարակի բազմաթիւ այլ հետևանքներուն, Սուրբ Հոգին զեղուց իր գթութեան, հերոսութեան, ընտանիքի նկատմամբ սիրոյ, ջերմեռանդ աղօթքի եւ Աստուծոյ Խօսքը վերագտնելու, պարզունակ կեանքի վերադառնալու եւ արարչութեան հոգ տանելու պարգեւները։

«Այն պահուն երբ եկեղեցին ինքզինք զգաց սահմանափակ, Սուրբ Հոգին շարունակեց իր առաքելութիւնը, առանց որեւէ սահմանափակումի» յարեց Կարդինալ Թակլէ զեկոյցի աւարտին։ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2020, 15:32