Փոմփէի Տիրամայրը Փոմփէի Տիրամայրը 

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց մասնակցիլ Փոմբէի Տիրամօր նուիրուած աղերսանքին։

Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, Տէրը Եկեղեցւոյ եւ համան աշխարհին պարգեւէ ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Առաքելական պալատէն ներկայացուցած հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց ուղիղ եթերով ունկնդրութեան հետեւող հաւատացեալները, ապա իտալացի հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ յիշեց՝ 8 մայիսին Փոմփէի Սրբավայրին մէջ կայանալիք «Վարդարանի Տիրամօր  նուիրուած աւանդական աղերսանքը»,  խրախուսելով բոլոր հաւատացեալները հոգեպէս միանալու այդ «հաւատքի եւ ջերմեռանդութեան ժողովրդական արարքին, որպէսզի, ըսաւ Ան, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, Տէրը Եկեղեցւոյ եւ համան աշխարհին պարգեւէ ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն»։

Խօսքը ուղղելով հուսկ երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն, Քահանայապետը հրաւիրեց զանոնք՝ իրենք զիրենք դնելու Մարիամի մայրական հովանիին տակ, «վստահ ըլլալով որ Ան երբեք իր սփոփանքը պիտի չի պակսեցնէ փորձանքի պահուն» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա բոլորին վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնն ու Տիրամօր ապաւէնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2020, 10:15