Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  Խմբագրական

18 Մայիսին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ նուիրուած պատարագով կը դադրին ուղիղ եթերով Սանթա Մարթայի պատարագները։

«18 մայիսը յատուկ թուական է որ կը զուգադիպի երջանկայիշատակ Քարոլ Վոյթիլայի ծննդեան 100 ամեակին եւ ասոր համար Ֆրանչիսկոս Պապը առաւօտեան սուրբ պատարագը պիտի մատուցէ Սուրբ Պետրոսի մէջ Սուրբ Քահանայապետին շիրիմի խորանին վրայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Անտրէա Թոնիելլիի խմբագրականը։ 

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Մաթթէօ Պրունի լրագրողներուն ուղղած հարցումի մը պատասխանելով յայտարարեց թէ «յառաջիկայ երկուշաբթի՝ 18 մայիսի առաւօտեան եօթին, Ֆրանչիսկոս Պապին մատուցած  Սուրբ Պատարագով կը դադրին Սանթա Մարթայի մատուռէն ամէն օր ուղիղ եթերով սփռուած Քահանայապետական պատարագները»։

Վերոնշեալ լուրի առնչութեամբ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի Խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն՝  Տիար Անտրէա Թորնիելլի հրապարակեց խմբագրական մը,  որուն մէջ գրեց՝ թէ «18 մայիսի պատարագը պիտի հանդիսանայ երկու ամիսներէ ի վեր ամենօրեայ պատարագներու  շարքին վերջինը, զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը մատուցէր Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուռէն, միլիոնաւոր հաւատացեալներուն առիթ ընծայելով հետեւելու սուրբ զոհին»։ 

«Իտալիոյ մէջ համաճարակի կանխարգիլման միջոցներուն թուլացման ծիրէն ներս, կարելի պիտի ըլլայ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ վերսկսիլ եկեղեցիներու մէջ պատարագները եւ ասոր համար է որ Սրբազան Քահանայապետը որոշեց դադրեցնել ուղիղ եթերի սփռումով  պատարագները»,  կը գրէ միշտ Տիար Թորնիելլի ընդգծելով, որ «18 մայիսը յատուկ թուական է որ կը զուգադիպի երջանկայիշատակ Քարոլ Վոյթիլայի ծննդեան 100 ամեակին եւ ասոր համար Ֆրանչիսկոս Պապը առաւօտեան սուրբ պատարագը պիտի մատուցէ Սուրբ Պետրոսի մէջ Սուրբ Քահանայապետին շիրիմի խորանին վրայ»։

«Պատարագը պիտի սփռուի ուղիղ եթերով եւ պիտի հանդիսանայ վերջինը, այն ուղիղ եթերով սփռուած պատարագներուն, որուն հետեւեցան միլիոնաւոր հաւատացեալներ, որոնք իրենք զիրենք զգացին առաջնորդուած Քահանայապետէն, որ ամէն առաւօտ մեղմիկ կերպով կը թակէր անոնց տան դռները»։

« Այդ արարողութիւններու քարոզներու գեղեցկութիւնն ու պարզութիւնը  մեզի թոյլ տուին մտնելու Աւետարանի էջերուն մէջ։ Միլիոնաւոր հաւատացեալներ հետեւեցան անոնց ու բազմաթիւ եղան նաեւ շնորհակալական նամակները։ Հիմա՝ որ կարելի պիտի ըլլայ մասնակցիլ  հանրային  արարողութիւններուն,  սկիզբ կ՛առնէ նոր շրջան մը, թէեւ  մի գուցէ շատերուն պակսի այդ ամենօրեայ  ժամադրութիւնը, սակայն, ինչպէս ըսաւ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը, կարիքը կայ վերադառնալու Տիրոջ հետ խորհուրդներու մէջ առօրեայ հասարակական ընտանութեան,  ֆիզիկապէս մասնակցելով արարողութիւններուն, առանց մոռնալու սակայն Քահանայապետին հրաւէրը՝ ամէն օր յաճախելու Աւետարանի էջերը, այնպէս  ինչպէս մեզի վարժեցուցին ուղիղ եթերով սուրբ պատարագները»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2020, 18:00