Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Աղօթենք Վարդարանը եւ ըլլանք Յարուցեալ Քրիստոսի վեհանձն վկաները։

« Յիսուս Քրիստոս, երկինք համբառնալով համայն եկեղեցւոյ օրակարգը համարուող պատգամ մը կը թողու. «Գացէ՛ք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը…անոնց սորվեցուցէք պահել այն բոլոր բաները որ ձեզի պատուիրեցի (Մատթ 28, 19-20)։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 20 մայիս 2020-ին առաքելական պալատի մատենադարանէն նախագահած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Սրբազան Պապը ողջունելով ուղիղ եթերի սփռումով ունկնդրութեան հետեւող հաւատացեալները, խրախուսեց զանոնք ըլլալու Յարուցեալ Քրիստոսի վեհանձն վկաները, «լաւապէս իմանալով՝ որ  Ան միշտ մեր հետն է եւ թիկունք կը կանգնի մեր ճանապարհին» ըսաւ Սրբազան Պապը Իտալացի հաւատացեալներուն  ուղղած իր խօսքին մէջ, մինչ Փորթուկալի հաւատացեալներուն պատուիրեց Մարիամին նուիրուած այս ամսուայ ընթացքին ամէն օր աղօթելու սուրբ Վարդարանը , Սուրբ Կոյս Մարիամէն սորվելով հայեցողական հայեացք ունենալ, մեր կեանքի բոլոր իրադարձութիւններուն վրայ։

Լեհ հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Պապը վերյիշեց  այս օրերուն նշուող Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծննդեան հարիւր ամեակը։ «Մեծ հաւատքով Հովիւ մը՝ որ կը սիրէր աղօթքի միջոցաւ Աստուծոյ յանձնել եկեղեցին եւ համայն մարդկութիւնը։ «Ընտրելով «Ամենեւին Քուկդ» կարգախօսը ան ցոյց տուաւ որ դժուար պահերուն մենք պէտք է դիմենք Աստուծոյ Մօր, որ մեզի կարող է օգնել բարեխօսելով մեզի համար» յարեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ ողջոյններու շարքին աւարտին յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն։ Յիշելով վաղը տօնախմբուող Համբարձման տօնը, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ « Յիսուս Քրիստոս, համբառնալով երկինք, համայն եկեղեցւոյ օրակարգը համարուող պատգամ մը կը թողու. «Գացէ՛ք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը…անոնց սորվեցուցէք  պահել այն բոլոր բաները  որ ձեզի պատուիրեցի (Մատթ 28, 19-20)։

Թող որ Քրիստոսի փրկարար խօսքը ճանչցնելը ու զայն առօրեայ կեանքի մէջ վկայելը, ըլլայ ձեր յանձնառումն ու իտէալը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ունկնդրութեան աւարտին աղօթեց  «Հայր մեր» աղօթքը եւ բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2020, 10:10