Որոնել

Պօղոս Զ Քահանայապետ Պօղոս Զ Քահանայապետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց հաւատացեալները հլու ըլլալու Սուրբ Հոգիին։

Քահանայապետը յիշեց նաեւ Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետին ծիսական տօնը որ կը յիշատակուի միւս օրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 27 մայիսի ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն ուղիղ եթերով ունկնդրութեան հետեւող հաւատացեալներուն խրախուսելով զանոնք Պենտեկոստէի տօնի նախապատրաստութեան մթնոլորտին մէջ հլու ըլլալու Սուրբ Հոգիին ներգործութիւններուն, «որպէսզի, ըսաւ Ան, ձեր կեանքը ըլլայ միշտ ջերմութեամբ լի եւ լուսաւորուած այն սիրով, զոր Աստուծոյ Հոգին կը զեղու սրտերուն մէջ»։

Արաբական լեզուի հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ, Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ աղօթքի վրայ, հաստատելով՝ որ աղօթքով Աստուած չի փոխուիր այլ կը փոխենք մենք զմեզ, ան մեզ հլու կը դարձնէ Անոր Հոգիի կամքին։ Աղօթել կը նշանակէ մուտք գործել աստուածային լոյսի ծրագիրին մէջ, որ կը բիւրեղացնէ մեր սիրտը ամէն տեսակ խաւարէ։

Ապա Իտալացի հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց որ միւս օր պիտի տօնախմբուի Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի ծիսական տօնը, այս առընչութեամբ մատնանշելով՝  որ «այդ Հռոմի եպիսկոպոսին օրինակը, որ հասաւ սրբութեան գագաթնակէտին, քաջալերէ իւրաքանչիւրս վեհանձնութեամբ ողջագուրելու աւետարանական իտէալները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2020, 10:16