1590919961862.JPG

Համաճարակի բերումով երեք ամիս դադարէ ետք Քահանայապետը Մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն։

Պենտեկոստէի տօնը կը նորոգէ գիտակցութիւնը՝ թէ մեր մէջ գոյութիւն ունի Սուրբ Հոգիին կենդանարար ներկայութիւնը։ Ան մեզի կը պարգեւէ քաջութիւնը դուրս գալու «վերնատուները» պաշտպանող ցանկապատերէն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ Մարտ ամիսէն ի վեր Սրբազան Պապը, համաճարակի տարածումին կանխարգիլման ուղղութեամբ որդեգրուած միջոցներու հիման վրայ,  Մարեմեան աղօթքները ու հրապարակային ունկնդրութիւնները կը կատարէր՝ ուղիղ եթերի սփռումով, Առաքելական Պալատի Մատենադարանէն, առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան։ Այդ միջոցներու՝ Իտալիոյ տարածքին վերջերս ընդունուած թուլացումներու բերումով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 31  Մայիսին, Հոգեգալուստի տօնին օրուան Մարեմեան Աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ներկայ գտնուող, եւ ընկերային հեռաւորութիւնը յարգող, հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Սկիզբ տալով Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, հաճելի է որ հրապարակը բաց է, եւ դուք վերադարձաք։ Այսօր կը յիշատակենք Պենտեկոստէի մեծ տօնը, յիշելով Սուրբ Հոգւոյն գալուստը Քրիստոնէական առաջին հասարակութեան վրայ։

Օրուան Աւետարանը՝ քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն, մեզ կը տանի Սուրբ Զատկուայ գիշերուան, մեզի ցոյց տալով Յիսուսը որ կը յայտնուի վերնատան մէջ, ուր ապաստան գտած էին աշակերտները։ Անոնց յայտնուելով Յիսուս կ՛ըսէ «խաղաղութիւն ձեզի»։

Յարուցեալին արտասանած այս առաջին բառերը «խաղաղութիւն ձեզի», ողջոյնէ աւելի կ՛արտայայտեն ներումը՝ շնորհուած այն աշակերտներուն որոնք Յիսուսը լքեցին։ Հաշտութեան խօսքերն են ուղղուած անոնց որոնք վախի մէջ են, որոնք տակաւին կը դժուարանան հաւատալ իրենց տեսածին, դատարկ գերեզմանը…

Ներելով եւ իր շուրջ հաւաքելով աշակերտները Յիսուս անոնցմով կը կազմէ Եկեղեցին, հաշտուած հասարակութիւն մը, որ պատրաստ է առաքելութեան։ Աշակերտներուն Յիսուսի հետ հանդիպումը  բոլորովին կը փոխէ անոնց էութիւնը, զանոնք դարձնելով արի վկաներ։

Արդարեւ Յիսուս անոնց կ՛ըսէ «Այնպէս ինչպէս Հայրը զիս առաքեց, ես ալ ձեր կ՛առաքեմ»։ Խօսքեր որոնք կը յայտնեն թէ Առաքեալները կանչուած են շարունակելու Հօր Աստուծմէ Յիսուսին յանձնուած առաքելութիւնը։

Եւ այդ առաքելութիւնը ոգեւորելու համար Յիսուս առաքեալներուն կը պարգեւէ իր Հոգին՝ Սուրբ Հոգին, որ մեղքը այրող կրակ է եւ նոր մարդիկ ու կիներ կը ստեղծէ։ Ան կրակ է սիրոյ, որով աշակերտները կարող են հրկիզել աշխարհը, այդ քնքշութեան սէրը՝ որ նախապատուութիւն կու տայ փոքրերուն, աղքատներուն եւ բացառուածներուն։

Սուրբ Մկրտութեան եւ Դրոշմի խորհուրդին միջոցաւ մենք ընդունեցանք Սուրբ Հոգին ու անոր պարգեւները՝ իմաստութիւնը, հանճարը, խրատը,  զօրութիւնը, գիտութիւնը, աստուածպաշտութիւնը եւ Աստուծոյ երկիւղը։ Այս վերջինը կը հակառակի վախին որ անշարժ դարձուցած էր աշակերտները, անիկայ սէր է Տիրոջ նկատմամբ, հաւաստիութիւն անոր ողորմութեան ու անոր բարութեան, վստահութիւն թէ կարող ենք շարժիլ Անոր մեզի ցոյց տուած ուղղութեամբ, առանց որ մեզի պակսի Անոր ներկայութիւնն ու թիկունքը։

Պենտեկոստէի տօնը կը նորոգէ գիտակցութիւնը՝ թէ մեր մէջ գոյութիւն ունի Սուրբ Հոգիին կենդանարար ներկայութիւնը։ Ան մեզի կը պարգեւէ քաջութիւնը դուրս գալու «վերնատուները» պաշտպանող ցանկապատերէն։

 Մեր մտքերը ուղղենք Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, Պենտեկոստէի հրաշալի փորձառութեան դերակատարին ու աղօթենք որպէսզի Ան Եկեղեցւոյ համար ընդունի  միսիոներական հոգին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2020, 12:07