Առաքելական պալատի մատենադարանէն կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը Առաքելական պալատի մատենադարանէն կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը 

«Եթէ կը սիրէք զիս՝ պահեցէ՛ք իմ պատուիրաններս» Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ որ զինք սիրենք ու կը բացատրէ թէ այդ սէրը կը պահանջէ նաեւ տրամադրութիւն՝ շարունակելու իր ընթացքը, այսինքն Հօր կամքը եւ այս մէկը ամփոփուած է սիրոյ պատուիրանին մէջ. «Այնպէս ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, դուք ալ զիրար սիրեցէք»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս կիրակի օրուայ Աւետարանը (Յովհաննէս 14, 15-21) կը ներկայացնէ երկու հիմնական պատգամներ. Պատուիրանները պահելը եւ Սուրբ Հոգւոյն պարգեւի խոստումը»։  Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակի 17 մայիս 2020-ի կէսօրին,  սկիզբ տուաւ՝Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան, զոր ան՝  ինչպէս նախորդ շաբաթներուն, ուղիղ եթերով ներկայացուց առաքելական պալատի մատենադարանէն,  որուն ընթացքին դիտել տուաւ՝ որ Յիսուս իրեն հանդէպ սէրը կը կապէ պատուիրանները պահելու իրողութեան եւ ասոր համար իր ճառին մէջ կը շեշտէ «Եթէ կը սիրէք զիս՝ պահեցէ՛ք իմ պատուիրաններս»։

«Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ որ զինք սիրենք ու կը բացատրէ թէ այդ սէրը կը պահանջէ նաեւ տրամադրութիւն՝ շարունակելու Իրեն ընթացքը, այսինքն Հօր կամքը եւ աս մէկը ամփոփուած է սիրոյ պատուիրանին մէջ. «Այնպէս ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, դուք ալ սիրեցէք զիրար», ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց. «Ան մեզ կը սիրէ առանց փոխարէն բան մը սպասելու եւ կ՛ուզէ՝ որ իր այս ձրի սէրը ըլլայ մեր միջեւ կեանքի գործնական կերպը. Այս է Անոր կամքը»։

«Յիսուս ապա՝  օգնելու համար  աշակերտները այդ ճանապարհին վրայ, կը խոստանայ աղօթել Հօր որպէսզի ուղարկէ Հոգին, Մխիթարիչը, Աստուծոյ Սիրոյ  պարգեւը, որ պիտի բնակի քրիստոնեաներու սրտերուն մէջ» շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով՝ որ «Սուրբ Հոգին կ՛առաջնորդէ, կը լուսաւորէ կը զօրացնէ քրիստոնեայ մկրտեալերը, որպէսզի անոնցմէ իւրաքանչիւրը կարողանայ քալել կեանքին մէջ, նոյնիսկ դժուարութեան ու հակառակութեան ընդմէջէն, ուրախութեան եւ տխրութեան մէջ, մնալով Յիսուսին ճանապարհին վրայ»։

Ի տես մեղքի եւ սխալի փորձառութեան  Սուրբ Հոգին մեզ կ՛օգնէ չի յաղթահարուելու ու մեզի թոյլ կու տայ լիովին ապրելու Յիսուսին Խօսքերը «Եթէ կը սիրէք զիս՝ պահեցէ՛ք իմ պատուիրաններս», շեշտեց ապա Սրբազան Պապը հաստատելով՝ որ «պատուիրանները  չեն պարգեւուած հայելիի մը նման, որուն մէջ տեսնել մեր թշուառութիւններն ու թերութիւնները»։

«Ո՛չ, ըսաւ Ան, Աստուծոյ Խօսքը մեզի պարգեւուած է որպէս Կեանքի Խօսք մը, որ կը կերպարանափոխէ, կը վերանորոգէ, որ չի դատեր դատապարտելու համար, այլ կը բուժէ եւ որպէս նպատակ ունի ներումը։

Խօսք մը՝ որ լոյս է մեր քայլերուն համար։ Եւ այս բոլորը Սուրբ Հոգիին գործն է։ Ան Աստուծոյ Պարգեւն է, նոյնինքն Աստուած է, որ մեզ կ՛օգնէ ըլլալու ազատ մարդիկ, մարդիկ՝ որոնք կ՛ուզեն եւ գիտեն սիրել, մարդիկ որոնք  հասկցան թէ կեանքը առաքելութիւն է՝ հռչակելու համար այն սքանչելիքները, զոր Տէրը կ՛իրականացնէ անոնց մէջ, որոնք իրեն կը վստահին»։

«Սուրբ Կոյս Մարիամը, Եկեղեցւոյ տիպարը՝ որ գիտէ ունկնդրել Աստուծոյ Խօսքը եւ կ՛ընկալէ Սուրբ Հոգւոյն պարգեւը, թող մեզի օգնէ, որպէսզի  ուրախութեամբ ապրինք Աւետարանը,  այն գիտակցութեամբ թէ Սուրբ Հոգին մեզի թիկունք կը կանգնի, այն աստուածային կրակը՝ որ կը ջերմացնէ սրտերը եւ կը լուսաւորէ մեր քայլերը» յարեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2020, 12:05