1589105851149.JPG

«Թող չխռովին ձեր սրտերը» Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Կան ճանապարհներ որոնք երկինք չեն տանիր՝ իշխանութեան, աշխարհիկութեան, ինքնաբարձացումի ճանապարհը։ Եւ կայ Յիսուսին ճանապարհը. Խոնարհ սիրոյ, աղօթքի, հեզութեան եւ վստահութեան ճանապարհը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 10 մայիս 2020-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատի Մատենադարանէն ուղիղ եթերի սփռումով  արտասանեց «Ուրախ Լեր» Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածին վրայ (Յովհ 14, 1-12), որուն սկիզբը Յիսուս աշակերտներուն ուղղած հրաժեշտի խօսքին մէջ կ՛ըսէ.  «Թող չխռովին ձեր սրտերը»։

«Խօսք մը որ Ան կ՛ուղղէ նաեւ մեզի կեանքի ողբերգութիւններու ընթացքին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  հարց տալով «ի՞նչ ընել՝ որպէսզի մեր սրտերը խռովութեան մէջ չիյնան» ու այս ուղղութեամբ նշեց՝ որ Տէրը մեզի կու տայ երկու դարման։

Առաջինը «Հաւատացէք ինծի»։ Յիսուս գիտէ որ խռովութիւնը կը ծագի մենք մեզ միակ կարծելու զգացումէն, եւ այդ անձկութիւնը, ուր դժուարութեան կ՛աւելցնէ դժուարութիւն, կարելի չէ յաղթահարել միայնակ։ Ասոր համար է որ Յիսուս կը խնդրէ որ հաւատանք Իրեն, այսինքն հենունք իր վրայ որ միշտ մեզի մօտիկ է։

Երկրորդ դարմանը Յիսուս կ՛արտայայտէ սոյն խօսքերով «Բազմաթիւ օթեւաններ կան Հօրս տան մէջ…կ՛երթամ ձեզի տեղ պատրաստելու» (Յովհ 14, 2)։ Ահա թէ ի՞նչ կ՛ընէ Յիսուս մեզի համար, իր վրայ առաւ մեր մարդկայնութիւնը, զայն Երկինք առաջնորդելու համար։ Եւ այս մէկը մեզի համար մխիթարութիւն է, որովհետեւ գիտենք թէ իւրաքանչիւրիս համար կայ վերապահուած տեղ մը։  «Մենք չենք ապրիր աննպատակ։ Մենք սպասուած ենք, թանկարժէք ենք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով՝ որ «Աստուած կը սիրէ իր զաւակները ու մեզի համար պատրաստեց գեղեցիկ ու յարմար վայր մը՝ Դրախտը։ Այն է մեզ սպասող օթեւանը։ Մենք ստեղծուած ենք Երկինքի համար, յաւիտենական կեանքին համար. Երկրի վրայ ժամանակաւոր ենք» յարեց  Նորին Սրբութիւնը։

Ան ապա հարց տուաւ «Սակայն ի՞նչպէս հասնիլ դրախտ։ Ո՞րն է ճանապարհը», ու դարձեալ մէջբերեց Յիսուսին խօսքը «Ես եմ ճանապարհը» (Յովհ 14, 6)։ Արդարեւ Երկինք երթալու համար ճանապարհը Յիսուսին է, այս կը նշանակէ անոր հետ ունենալ կենսունակ կապ մը, անոր նմանիլ սիրոյ մէջ, հետեւիլ Անոր քայլերուն։

«Կան սակայն ճանապարհներ որոնք երկինք չեն տանիր՝ իշխանութեան, աշխարհիկութեան, ինքնաբարձացումի ճանապարհը։ Եւ կայ Յիսուսին ճանապարհը. Խոնարհ սիրոյ, աղօթքի, հեզութեան եւ վստահութեան ճանապարհը» հաստատեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով հաւատացեալները Յիսուսէն՝ Ճանապարհէն, հայցել  դէպի Երկինք ուղղութեան ցուցմունքները։ Եւ այս ուղղութեամբ հայցեց Տիրամօր՝ Երկնքի Թագուհիին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ ՝ «հետեւելու Յիսուսին, որ մեզի համար բացաւ Դրախտին դռները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2020, 12:06