1588501361078.JPG

«Հետեւինք Բարի Հովիւի ձայնին» կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Աստուծոյ ձայնը ու հակառակորդին ձայնը ապա կը խօսին տարբեր միջավայրերու մէջ։ Թշնամին կը նախընտրէ խաւարը, սուտը, չարախօսութիւնը։ Տէրը կը սիրէ արեւին լոյսը, ճշմարտութիւնը, թափանցիկութիւնը ու անկեղծութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 3 մայիս 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մատենադարանէն արտասանեց «Ուրախ Լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, քաղուած  Յովհաննէսի Աւետարանէն (Գլ. 10, 3), ուր նշուած է՝ թէ «Ոչխարները մտիկ կ՛ընեն Բարի Հովիւի ձայնին, ու թէ ան զանոնք կը կոչէ ամէն մին իր անունով»։

«Տէրը, ըսաւ Սրբազան Պապը, մեզ կը կոչէ մեր անունով, որովհետեւ կը սիրէ մեզ։ Աւետարանը սակայն կ՛ըսէ նաեւ թէ կան  ուրիշ ձայներ, որոնց պէտք չէ հետեւիլ, օտար ձայներ, գողերու ու աւազակներու ձայներ, որոնք ոչխարներուն բարիքը չեն ուզեր»։

«Այս տարբեր ձայները կը հնչեն նաեւ մեր մէջ» նշեց Նորին Սրբութիւնը, անոնք փորձիչին ձայնն են ու մեզի կ՛իյնայ սորվիլ զանազանել այդ ձայնը Աստուծոյ ձայնէն։

Փորձիչին ձայնը առինքնող է, կը պարտադրէ, հրապուրիչ ցնորքներ ու հմայիչ բայց անցողական յուզմունքներ կը յառաջացնէ։ Մեզի մտածել կու տայ թէ ամենակարող ենք ապա մեզ կը լքէ ներքին անդունդային դատարկութեան մէջ։ Մինչ Աստուծոյ ձայնը մեզ կ՛ուղղէ, համբերութեամբ, մեզ կը քաջալերէ, կը մխիթարէ ու մշտապէս յոյս կը պարգեւէ։

Փորձիչին ձայնը քմահաճոյքը փնտռող ձայն է, որ կ՛ուզէ ամէն բան շուտով եւ անմիջապէս ձեռք բերել։ Մինչ Աստուծոյ ձայնը ցած գինով երջանկութիւն չի խոստանար ու մեզ կը հրաւիրէ նայելու մեր «ես» էն անդին, գտնելու համար իսկական բարիքը՝ խաղաղութիւնը։  Չարը արդարեւ երբեք խաղաղութիւն չի տար։ Ան միայն յուսախաբութիւն կը թողու։

«Աստուծոյ ձայնը ու հակառակորդին ձայնը ապա կը խօսին տարբեր միջավայրերու մէջ։ Թշնամին կը նախընտրէ խաւարը, սուտը, չարախօսութիւնը։ Տէրը կը սիրէ արեւին լոյսը, ճշմարտութիւնը, թափանցիկութիւնը ու անկեղծութիւնը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութեան աւարտին  հրաւիրելով հաւատացեալները, ուշադիր ըլլալու ձայներուն որոնք կը հասնին մեր սրտին ու հայցելու շնորհքը՝ ճանչնալու եւ հետեւելու Բարիի Հովիւի ձայնին, որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի իսկական ազատութիւն։

«Տիրամայրը, բարի խորհուրդներու Մայրը, թող ուղղէ եւ առաջնորդէ մեր զատորոշումը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2020, 12:06