Միանանք Ֆրանչիսկոս Պապին Վարդարանի աղօթքին Միանանք Ֆրանչիսկոս Պապին Վարդարանի աղօթքին 

Քորոնաժահր. Միանանք Ֆրանչիսկոս Պապին Վարդարանի աղօթքին՝ հայցելու համար Տիրամօր հովանին եւ աստուածային օգնութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապը անգամ մը եւս հրաւէր կ՛ուղղէ մարդկութեան՝ միասին աղօթելու, ի փրկութիւն Քորոնաժահրի համաճարակէն եւ հայցելու աստուածային օգնութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մայիս ամիսը Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր նուիրուած ամիսն է, որուն ընթացքին քրիստոնեայ հաւատացեալները սովորութիւն ունին եկեղեցիներու մէջ կազմակերպել Սուրբ Վարդարանի ջերմերանդական աղօթքը ու Սուրբ Կոյս Մարիամի նուիրուած Լիթանիան։

Այս տարի Մայիս ամսուայ սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը յատուկ նամակ մը յղած էր  հաւատացեալներուն, հրաւէր ուղղելով ամսուայ ընթացքին ընտանեկան յարկերուն տակ աւելի ջերմեռանդ կերպով աղօթելու Սուրբ Վարդարանը, ու նամակին կցած էր Տիրամօր նուիրուած երկու յատուկ աղերսական աղօթքներ, ուր կը հայցուի Տիրամօր բարեխօսութիւնը՝ որպէսզի «Ան մեզի օգնէ, յոյսով եւ հաւատքով դիմագրաւելու համար մեր այս ապրած համաճարակի փորձանքի ժամանակը»։

Աշխարհի Տիրամօր նուիրուած Սրբավայրերը կը միանան Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքին

Այսօր՝ 30 Մայիս 2020-ին, ամսուայ եզրափակումի վերջընթեր օրուան առթիւ, Սրբազան Պապը Վատիկանի պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր նուիրուած քարայրին առջեւ, Հռոմի ժամանակացոյցով յետմիջօրէի 5.30-ին,  կը գլխաւորէ  ուղիղ եթերով սփռուած մայիս ամսուայ եզրափակիչ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը, որուն պիտի միանան աշխարհի տարբեր երկիրներու Մարեմեան 34 մեծ Սրբավայրերը, ինչպէս Եւրոպայէն՝ Լուրտի, Ֆաթիմայի, Փոմփէի եւ Չեսթոքովայի Տիրամօր նուիրուած Սրբավայրերը, Միացեալ Նահանգներէն Ուաշինկթընի Անարատ Յղացեալ սրբավայրը. Ափրիկէէն  Նիճերիոյ Էլէլէ եւ Փղոսկրեայ Ափունքի «Խաղաղութեան Տիրամայր» սրբավայրերը, Լատին Ամերիկայէն  Մեքսիքայի Կուտալուփի Տիրամօր Սրբավայրը, Քոլոմպիայի Չիքուինքիրայի եւ Արժանթինի Լուժան եւ Մլակրօ Սրբավայրերը։

Արարողութիւնը ՝  կազմակերպուած է Նոր Աւետարանութեան խթանումին Քահանայապետական խորհուրդի կողմէ, որպէս բնաբան ունենալով «Ամէնքը միասիրտ կը յարատեւէին աղօթքի մէջ՝Մարիամին հետ միասին» (Գործք Առաք 1,14)։

Վարդարանը պիտի աղօթեն Քովիտ19 ժահրի թիրախ տարբեր դասակարգերու պատկան այրեր ու կիներ

Վարդարանի հատիկները պիտի աղօթեն մարդիկ ու կիներ, որոնք կը ներկայացնեն Քովիտ19 ժահրի թիրախ տարբեր դասակարգերը, որոնց շարքին բժիշկ մը եւ հիւանդապահուհի մը, կամաւոր մը իր ընտանեկան պարագաներուն հետ, քորոնա ժահրէն բուժուած անձ մը, քորոնա ժահրի զոհի մը ընտանիքի անդամներ, հիւանդանոցի մատրանապետ Քահանայ մը, Քորոնա ժահրէն վարակուած եւ բժշկուած մայրապետ մը, դեղագործ մը, լրագրող մը եւ երեք ընտանիքներ որոնք ուրախութիւնն ունեցան համաճարակի ընթացքին աշխարհ բերելու զաւակ մը։

Տիրամօր արձանի  ոտքին ֆրանչիսկոս Պապը պիտի զետեղէ մարդկութեան բազմաթիւ անձկութիւններն ու ցաւերը, որոնք վերջերս աւելի ծանրացած են  Քովիտ19 ժահրի տարածումին պատճառաւ։ Այս աղօթքի պահը առաւել եւս նշան է մօտիկութեան եւ մխիթարութեան, բոլոր անոնց որոնք տարբեր ձեւերով թիրախ եղան քորոնաժահրին, այն վստահութեամբ թէ մեր Երկնաւոր Մայրը  անպատասխան չի ձգեր իրեն ուղղած պաշտպանութեան մեր աղերսները։

Աղօթքին Կարելի է հետեւիլ Վատիկանի հաղորդամիջոցներու կայաններու շնորհիւ։

Վատիան Նիուզ կայքէջ  «vaticannews.va»

կամ 

Վատիկանի youtube ի հասցէէն  https://www.youtube.com/user/vatican

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2020, 07:36