Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մարդ անհատը աւելի կարեւոր է տնտեսութենէն»

«Մարիամի, Ամազոնի Մօր բարեխօսութեամբ, կ՝աղօթեմ այդ սիրելի տարածաշրջանի ու նաեւ համայն աշխարհի աղքատներուն եւ անպաշտպաններուն համար, եւ կոչ կ՝ընեմ, որպէսզի ոչ մէկուն պակսի առողջապահական խնամակալութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը

Ռոպէր Աթթարեան- Վատիկան

Կիրակի, մայիս 31-ին կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած «Ուրախ լեր» Մարեմեան աղօթքէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն հրաւիրեց զանոնք աղօթելու համաճարակի թիրախ Ամազոնեան տարածաշրջանին  համար։

Կոչ Ամազոնի տարածաշրջանին համար։

 «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, եօթը ամիսներ առաջ, եզրափակուեցաւ Ամազոնի նուիրուած եպիսկոպոսներու սինոդը։ Այսօր Պենտեկոստէի տօնն է։ Սուրբ Հոգիէն հայցենք, որ լոյս եւ ուժ շնորհէ համաճարակէն ծանրապէս տուժուած Ամազոնեան ընկերութեան  եւ Եկեղեցւոյ համար» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «վարակակիրներու եւ մեռեալներուն թիւը բարձր է նաեւ բնիկ ժողովուրդներուն մօտ, նամանաւանդ խոցելիներուն թիւը»։

«Տիրամօր, Ամազոնի Մօր բարեխօսութեամբ կ՝աղօթեմ այդ սիրելի տարածաշրջանի ու նաեւ համայն աշխարհի  աղքատներուն եւ անպաշտպաններուն համար, եւ կոչ կ՝ընեմ, որպէսզի ոչ մէկուն պակսի առողջապահական խնամակալութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, շեշտելով թէ հարկաւոր է բուժել մարդիկը ու թէ տնտեսական խնայողութիւն կատարել։ Բուժել մարդիկը որ շատ աւելի կարեւոր են քան տնտեսութիւնը։  Մենք Սուրբ Հոգիին  տաճարներն ենք  տնտեսութիւնը ոչ» ըսաւ Ան, ապա յիշեց  որ «այսօր Իտալիոյ մէջ կը նշուի Ազգային սփոփանքի օրը՝ խթանելու համար հիւանդներուն նկատմամբ զօրակցութիւնը»։

Աղօթք առողջապահութեան գործիչներուն համար

«Իմ բարձր գնահատանքս կը վերանորոգեմ, բոլոր  անոնց՝ որոնք յատկապէս  այս ժամանակաշրջանին նուիրեցին ու կը շարունակեն նուիրել  մերձաւորի նկատմամբ իրենց հոգատարութեան վկայութիւնը», յարեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց յատկապէս աղօթել անոնց համար՝ որոնք այս համաճարակի ընթացքին իրենց կեանքը զոհեցին խնամք տանելով ուրիշներուն։

«Աղօթենք լռութեամբ բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, կամաւորներուն համար ու բոլոր առողջապահական գործիչներուն համար որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին այս ժամանակներու ընթացքին» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը ապա  Պենտեկոստէի բարի կիրակի մաղթեց ներկաներուն, մատնանշելով թէ «բոլորս յոյժ կարիքը ունինք Սուրբ Հոգիին ճրագին ու զօրութեան»։

Եկ Սուրբ Հոգի

«Անոր կարիքը ունի նաեւ Եկեղեցին, համերաշխութեամբ եւ քաջութեամբ ընթանալու համար՝ վկայելով Աւետարանը։ Համայն մարդկային ընտանիքը եւս կարիքը ունի անոր, որպէսզի այս ճգնաժամէն դուրս գայ աւելի միացած՝ եւ ոչ թէ բաժնուած» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ յիշեցնելով դարձեալ թէ այդ տագնապէն կարելի է դուրս գալ կամ աւելի լաւ կամ աւելի վատ։

«Թող որ քաջութիւնը ունենանք  փոխուելու, ըլլալու աւելի լաւ, առաջուընէ աւելի լաւ դրական կերպով կառուցելու համար յետ համաճարակի տագնապը» յարեց Սրբազան Պապը ու հրաժեշտ առաւ ներկաներէն   խնդրելով՝ որ «չմոռնան աղօթելու իրեն համար», ապա ժամադրութիւն տուաւ անոնց յաջորդ կիրակիին՝ «հրապարակի վրայ»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2020, 12:36