Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պարտադրուած փախչիլ Յիսուս Քրիստոսի նման. ընդունիլ, պաշտպանել, յառաջացնել եւ ներգրաւել ներքին տեղահանուածները։»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը «Գաղթականներու եւ Փախստականներու Միջազգային 106րդ Օրուան» առթիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, մայիս 15ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատգամ մը ուղղեց տարւոյս սեպտեմբեր 27ին կայանալիք «Գաղթականներու եւ Փախստականներու Միջազգային 106րդ Օրուան» համար։ Պատգամին մէջ ան կը յիշէ 2020ի յունուար 9ին դիւանագէտներու իր ուղղած զեկոյցը, ուր ըսած էր «մարդկային ճգնաժամեր եւ հակամարտական վիճակները, կլիմայական փոփոխութիւններու ծանրացումը, կʼաճեցնեն տեղահանուածներու թիւը եւ անդրադարձ կʼունենան այն անհատներուն վրայ, որոնք արդէն կʼապրին ծանր աղքատութեան վիճակի մէջ։ Այս վիճակը ապրող շատ մը երկիրներ չունին պատշաճ համակարգեր որոնք թոյլ կու տան ընդառաջելու տեղահանուածներու կարիքներուն»։

Ունկնդրէ լուրը

Տարւոյս մայիս 5ին Սուրբ Աթոռի «Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի» Խորհուրդի «Գաղթականներու եւ Փախստականներու Բաժանմունք»ը հրապարակած էր ներքին տեղահանուածներու հովուականի հայող փաստաթուղթը, որ կʼառաջարկէր ոգեշնչել եւ ոգեւորել յիշեալ խնդրի հայող Եկեղեցւոյ հովուական գործունէութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ կը յիշէ տեղահանուածներու խնդրին հետ առընչուած ճգնաժամային վիճակը, որուն զոհ են միլիոնաւոր անձեր, եւ որ սրած էր համաճարակի պատճառով։

Սրբազան Պապը ապա կը յիշէ Պիոս ԺԲ. Քահանայապետի Exul Familia Առաքելական Սահմանադրութիւնը (1952, օգոստոս 1) եւ ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ Յիսուսի վրայ, որ ստիպուած էր փախչիլ դէպի Եգիպտոս (հմմտ Մտթ Բ. 13-15, 19-23)։ «Դժբախտաբար, մեր օրերուն, միլիոնաւոր ընտանիքներ կրնան իրենք զիրենք ճանչնալ այս տխուր իրականութեան մէջ։ Գրեթէ ամէն օր հեռատեսիլը եւ լրագիրները կու տան լուրեր փախստականներու մասին, որոնք կը փախչին սովէ, պատերազմէ, այլ ծանր վտանգներէ, փնտռելով ապահովութիւն եւ արժանավայել կեանք մը իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն համար։ Յիսուս ներկայ է անոնց բոլորին մէջ, որոնք, պարտադրուած են փախուստ տալ՝ փրկուելու համար։ Պէտք է անոնց մէջ ճանչնանք Քրիստոսը՝ անօթի, ծարաւի, մերկ, հիւանդ, պանդուխտ եւ բանտարկեալ որ մեզի հարց կʼուղղէ (հմմտ Մտթ ԻԵ. 31-46)։ Եթէ կը ճանչնանք Զայն, պէտք է շնորհակալ ըլլանք Անոր որ կարելիութիւնն ունեցանք հանդիպիլ Իրեն, սիրել Զինք եւ ծառայել Իրեն։»

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամը կը ծաւալէ չորս հիմնական կէտերով՝ «ընդունիլ, պաշտպանել, յառաջացնել եւ ներգրաւել»։

Ան կը շեշտէ, թէ պէտք է դիմացինը ճանչնալ զայն հասկնալու համար։ Երբ կը խօսուի տեղահանուածներու մասին, պէտք չէ թիւերու վրայ կենդրոնանալ, այլ պէտք է ճանչնալ եւ հասկնալ զանոնք. անոնք թիւեր չեն, այլ անհատներ։ Ապա Սրբազան Հայրը յիշելով բարի Սամարացիին առակը (Ղուկ ԻԴ. 15-16) նկատած է, թէ պէտք է ընդունիլ անհատ մը իբր ընկեր, կարենալ ծառայելու անոր։ Պէտք չէ տարուիլ վախէ եւ նախապաշարումներէ։ Մօտենալ անհատի մը շատ անգամ կը նշանակէ նաեւ ենթարկուիլ վտանգներու, «ինչպէս սորվեցուցին մեզի բժիշկներ եւ հիւանդապահներ վերջին ամիսներուն։»

Սրբազան Հայրը հարկաւոր կը նկատէ «լսել»ը։ Որովհետեւ միայն խոնարհաբար եւ ուշադրութեամբ լսելով մարդիկ կրնան հասնիլ հաշտութեան։ 2020 թուականի համաճարակի ժամանակ «շաբաթներ շարունակ լռութիւնը կը տիրէր մեր փողոցներուն վրայ։ Այդ լռութիւնը մեզի առիթ ընծայեց լսելու աղաղակը ամենէն խոցելիներուն, տեղահանուածներուն եւ մեր ծանրօրէն հիւանդ մոլորակին։ Եւ, լսելով, առիթն ունինք հաշտուիլ ընկերոջ հետ, բազմաթիւ լքուածներու հետ, մեր անձերուն հետ եւ Աստուծոյ հետ, որ երբեք չի յոգնիր մեզի ընծայելէ իր ողորմածութիւնը։»

Յիշելով քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնը, որ «մէկ սիրտ, մէկ հոգի էր, եւ ոչ մէկը անոնցմէ իր ինչքերը իր սեփականութիւնը կը նկատէր, այլ ամէն բան հասարակաց էր» (Գործք Դ. 32), Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտած է թէ աճելու համար պէտք է ուրիշները բաժնեկից դարձնել. պէտք է միասնաբար աճիլ։ Սրբազան Հայրը կը շարունակէ, թէ ուրիշները յառաջ տանելու համար պէտք է ներգրաւել զանոնք, ինչպէս վարուած էր Յիսուս սամարացի կնոջ հանդէպ (հմմտ Յովհ Դ. 1-30)։ Եթէ իրապէս կʼուզենք յառաջ տանիլ անհատները, որոնց կը մատուցանենք մեր օգնութիւնը, պէտք է ներգրաւենք զանոնք եւ դարձնենք իրենց անձի փրկագինի դերակատարներ։

Վերջապէս, Ֆրանչիսկոս Պապ կը նակատէ, թէ «կառուցելու համար հարկաւոր է համագործակցիլ», ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կը յանձնարարէր Կորնթոսի հասարակութեան. «Կʼաղաչեմ ձեզի, եղբայրներ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով, դուք ամէնքդ ունեցէք միեւնոյն բարբառը, ձեր մէջ թող չըլլան բաժանումներ, պահեցէք սերտ միութիւնը միեւնոյն հոգիով եւ միեւնոյն մտքով» (Ա. Կոր Ա. 10)։ «Աստուծոյ Արքայութիւնը կառուցել, բոլոր քրիստոնեաներու հասարակաց պարտականութիւնն է» կʼըսէ Սրբազան Հայրը, աւելցնելով, «ասոր համար հարկաւոր է որ սորվինք համագործակցիլ, առանց թոյլ տալու որ նախանձ, անհամաձայնութիւն եւ բաժանում մեզ փորձութեան ենթարկեն։» Յիշելով 2020ի ապրիլ 12ի Urbi et Orbi պատգամը, Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ. «Ժամանակը չէ եսակենդրոնութեան, որովհետեւ մարտահրաւէրը որ կը դիմագրաւենք կը հայի բոլորիս եւ անհատներու տարբերութիւն չի դներ։» Սրբազան Հայրը կը փակէ պատգամը, ըսելով. «Հասարակաց տունը պահպանելու եւ զայն միշտ աւելի Աստուծոյ նախնական ծրագրին նմանցնելու համար, պէտք է ճիգ թափենք ապահովելու միջազգային համագործակցութիւնը, տիեզերական զօրակցութիւնը եւ տեղական յանձնառութիւնը, առանց դուրս լքելու ոեւէ մէկը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2020, 13:00