Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Խաղաղութիւն ձեզի». Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի թեմի քահանաներուն նամակը։

Կը գրեմ ձեզի նայելով առաջին առաքեալներուն հասարակութեան, որոնք իրենք եւս ապրեցան մեկուսացումի, վախի եւ անորոշութեան, պահեր։ Աշակերտները, երբ վախի մէջ էին եւ իրենց գտնուած վայրի դուռը փակ էր, Յիսուս անակնկալ երեւցաւ անոնց ըսելով «խաղաղութիւն ձեզի։» 

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, մայիս 30ին, Հռոմի թեմի քահանաներուն յղած նամակով մը Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ համաճարակի ճգնաժամային օրերուն, Աստուծոյ ժողովուրդին եւ ծառաներուն ապրած դժուարութիւններուն ու անոնց հետեւանքներուն։ Ան յորդորեց միշտ յիշել Յիսուսի խօսքը «խաղաղութիւն ձեզի»։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը նամակին մէջ գրած Է.

«Շատեր ձեզմէ, է նամակով կամ հեռաձայնային կապով մը, իմ հետս կապ պահեցին, հաղորդելով անսպասելի եւ խռովիչ կացութեան լուրերը, թոյլ տալով, որ  ճանչնամ ձեր առօրեայ կեանքի դժուարութիւնները։ Այս բաժնեկցութիւնը սնուցեց իմ աղօթքս, Աստուծոյ գոհութիւն յայտնելու ձեր տուած քաջարի վկայութիւններուն համար։

Համաճարակի տարածման կանխարգիլման ծիրէն ներս որդեգրուած ընկերային հեռաւորութեան միջոցառումները, արգելք չեղան զօրացնելու պատկանելիութեան, հաղորդութեան եւ առաքելութեան իմաստը, որ մեզի օգնեց, որպէսզի եղբայրսիրութիւնը  եւ դժուարութեան մէջ գտնուող հասարակութիւնները եւս  ինքնամեկուսացումի չ՝ենթարկուին։

Քաջալերուած այս փոխանակումներէն, կը գրեմ ձեզի, որպէսզի աւելի նեցուկ ըլլամ ձեզի՝ ընկերանալու, կիսելու եւ ձեզի հաստատելու ձեր ուղեւորութեան մէջ։ Կը գրեմ ձեզի նայելով առաջին առաքեալներուն հասարակութեան, որոնք իրենք եւս ապրեցան մեկուսացումի, վախի եւ անորոշութեան, պահեր։ Աշակերտները, երբ վախի մէջ էին եւ իրենց գտնուած վայրի դուռը փակ էր, Յիսուս անակնկալ  երեւցաւ անոնց ըսելով «խաղաղութիւն ձեզի։»  Ան ցոյց տուաւ ձեռքերն ու կողը։

Աշակերտները տեսնելով Տէրը՝ ուրախացան։ Յիսուս դարձեալ ըսաւ անոնց.« Խաղաղութիւն ձեզի. Ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ»։ Այս խօսքերը ըսելով՝ փչեց անոնց վրայ եւ ըսաւ. «Առէ՚ք Սուրբ հոգին.։(Յովհ 20, 19-22)։

Այսօր՝ ինչպէս երէկ, կը զգանք որ այսօրուան մարդոց ուրախութիւնները, յոյսերը, տխրութիւնները եւ անձկութիւնները յատուկէն աղքատներունը եւ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին, Քրիստոսի առաքեալներուն անձկութիւններն ու ուրախութիւններն են։

Մարդոց  վիշտերը, խռոված վիճակը մեզի ցաւ պատճառեցին։ Կրնանք ըսել, թէ իբրեւ հասարակութիւն ապրեցանք Տիրոջ ողբի ժամը, լացինք Անոր բարեկամին Ղազարոսի գերեզմանին դիմաց։( Յովհ 11,35)։ Ողբացինք Աստուծոյ ժողովուրդին փակումի դիմաց, Գեթսէմանիի խաւար գիշերուան մէջ ։( Ղուկ 13,14; 19,41)։

Քաջ գիտենք, որ դիւրին չէ այսպիսի պայմաններուն մէջ գտնել մեր կեանքի ուղեւորութիւնը։ Մեր յարաբերութեան, կազմակերպութեան, տօնախմբութեան, աղօթքի սովորական ձեւերը, նոյնիսկ դիմագրաւելիք հարցերու ձեւերը փոփոխութեան ենթարկուեցան  եւ հարցականի տակ դրուեցան՝ անտեսանելի ներկայութենէ մը, զոր փոխակերպեց մեր առօրեայ կեանքը։ Համաճարակը չճանչնար ածականներ, սահմաններ, եւ ոչ մէկը կրնայ մտածել, թէ մինակը կրնայ յաղթահարել զայն։ Բոլորս տուժուած ու ներգրաւուած ենք։ Քաջ գիտենք, որ ցաւալի փորձարարութիւնէն  եւ խռովութիւնէն չէ կարելի դուրս գալ  եւ դառնալ ինչպէս որ էինք նախապէս։

«Յիսուս եկաւ եւ անոնց մէջտեղ կանգնելով ըսաւ անոնց. Խաղաղութիւն ձեզի։ Աս ըսելով՝ անոնց ցոյց տուաւ ձեռքերն ու կողը։ Աշակերտները տեսնելով Յիսուսը ուրախացան։ Յիսուս դարձեալ ըսաւ անոնց խաղաղութիւն ձեզի։» (Յովհ 20,19-21)

Տէրը չփնտռեց եւ ոչ իսկ որոշեց իտէալ կացութիւն մը, իր աշակերտներու կեանքի մէջ մտնելու համար։ Տէրը ներկայանալով փակ վերնայարկին մէջ ուր առաքեալները կ՝ապրէին ու մեկուսացումի, վախին մէջ էին։

Տէրը կարողացաւ փոխել ամէն տրամաբանութիւն, նոր իմաստ մը տալով պատմութեան եւ եղելութիւններուն։ Ամէն ժամանակ յարմար է խաղաղութեան աւետիսին համար, ոչ մէկ միջադէպ զուրկ է իր շնորհքէն։

Չվախենանք դժուար եւ բարդ կացութիւններէն, որովհետեւ հոն ուր կը գտնուինք, Տէրը մեր հետն է։ Ատուած միշտ հրաշք կատարեց բարի պտուղներ տալու համար։ (Յովհ 15,5)։  Քրիստոնէական ուրախութիւնը կը ծնի այդ վստահութենէն։
Ամէնօրեայ հակասութիւններուն եւ անհասկացողութիւններուն ներքեւ, թաքնուած է ՅարուցեալիՆ խօսքը։ Խաղաղութիւն ձեզի։

«Ինչպէս  Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ։ Այս խօսքերը ըսելով՝ փչեց անոնց վրայ եւ ըսաւ. Առէք սուրբ հոգին։ » Յովհ 20, 21-22)

Սիրելի եղբայրներ, որպէս քահանաներու հասարակութիւն, կանչուած ենք աւետելու եւ ապագան մարգարէանալու։ Յիսուսի Յարութիւնը, անցեալի պատմական լոկ եղելութիւն մը չէ՝  յիշելու կամ տօնախմբելու համար, աւելին է, փրկութեան աւետումն է նոր ժամանակի մը, որ կ՝արձագանգէ մեր օրերուն։

Եթէ անտեսանելի ներկայութիւն մը, լուռ, փոխանցիկ ժահր մը մեզ տագնապի մատնեց եւ մեր կեանքը խռովեց, Թոյլ տանք, որ այդ Յիսուսի  Ներկայութիւնը մեզ դարձեալ կանչէ եւ սորվեցնէ չվախենալու իրականութիւնը դիմագրաւելէ։ Թոյլ տանք, որ Յարուցեալին  ներկայութիւնը գծէ մեր ուղին, եւ բանայ նոր հորիզոններ եւ քաջութիւն տայ ապրելու որպէս իւրայատուկ  պատմական պահ մը։

Թոյլ տանք, որ Յարուցեալը անգամ մը եւս մեզի անակնկալի մատնէ։ Թող ինքը, իր վիրաւորուած կողէն մեզ մղէ մեր երեսը չդարձնելու մեր եղբայրներուն դժուարութեան դիմաց։ Թող Տէրը մեզի սորվեցնէ ընկերանալու, խնամելու, մեր ժողովուրդի վէրքերը, առանց վախի այլ քաջութեամբ։

Թող, որ Յարուցեալին վիրաւորուած ձեռքերը, սփոփէ մեր տրտմութիւնները,  վերականգնէ  մեր յոյսերը  եւ մեզ մղէ որոնելու Աստուծոյ արքայութիւնը ,մեր սովորական ապաստարաններէն անդին։

Իբրեւ քահանաներ, որդիներ եւ անդամներ քահանայական ժողովուրդի մը մեր պարտականութիւնն է ստանձնել ապագային պատասխանատուութիւնը եւ զայն ցոլացնել որպէս եղբայրներ։

Որպէս Սուրբ Նուէր, Աստուծոյ վիրաւորուած ձեռքերուն մէջ զետեղենք մեր եւ մեր ժողովուրդին դիւրաբեկութիւնը, ինչպէս նաեւ համայն ժողովուրդինը։ Տէրը, Ան  է որ կը փոխէ ու մեզ  կ՝օգտագործէ որպէս հաց, մեր կեանքը իր ձեռքերուն մէջ կառնէ, մեզ կ՝օրհնէ եւ մեզ կը կիսէ ու կը բաժնէ իր ժողովուրդին։

Մենք կը կրենք նեղութիւններն ամէն կողմէ, սակայն չենք ընկճուիր։ Գիտենք յուսալ սակայն երբեք յուսահատիլ, կը հալածուինք, սակայն չենք լքուած,։ Մենք միշտ կը կրենք եւ ամէն տեղ մեր մարմինին մէջ չարչարանքներն Յիսուի մահուան, որպէսզի Յիսուսի կեանքն յայտնուի մեր մահկանացու մարմինին մէջ։ (Բ.  Թուղթ Կորնթ. 4, 8-10)։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակած է նամակը Պօղոս առաքեալին վէրոնշեալ խօսքերով։ Ան ապա գրած է,

«Թոյլ տանք որ հեզութեամբ օծուինք Պօղոս առաքեալին խօսքով, որպէսզի այդ խօսքերը իբրեւ անուշահոտ իւղ տարածուի մեր քաղաքներուն անկիւններուն մէջ արթնցնելով շատերու սրտերուն մէջ պահպանուած յոյսը։

Այս բոլոր բաները մտածեցի եւ զգացի համաճարակի ժամանակաշրջանին եւ կ՝ուզեմ զանոնք եղբայրաբար կիսել ձեր հետ, որպէսզի մեզի օգնեն մեր Տիրոջ փառաբանութեան ուղեւորութեան մէջ, ինչպէս նաեւ եղբայրներուն ծառայութեան մէջ։

Յուսամ, որ մեզի բոլորիս օգտակար դառնայ՝ աւելիով ծառայելու եւ սիրելու համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2020, 16:32