Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ- ին լուսանկարը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ- ին լուսանկարը 

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորեց Սուրբ Թովմաս Աքուինացի համալսարանէն  ներս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ  անուամբ մշակութային նոր մասնաճիւղի բացումը։

Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի քահանայապետական համալսարանի փայլուն աշակերտներէն մին էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի ծննդեան հարիւր ամեակի առիթով, Հռոմի Սուրբ Թովմաս Աքուինացի քահանապայապետական համալսարանի իմաստասիրութեան բաժանմունքէն ներս բացումը կատարուեցաւ, համալսարանի նախկի սաներէն, փայլուն դէմքերէն մէկուն նուիրուած՝ «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ» անուամբ մշակութային մասնաճիւղին։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ , երկուշաբթի, 18 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը շնորհաւորական գիր մը յղեց վերոնշեալ քահանայապետական համալսարանի մեծաւորին, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով սոյն ձեռնարկին համար ,  փոխանցելով նաեւ իր ջերմ ողջոյնները համալսարանի հասարակութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին  ծրագիրի իրականացման, յատուկէն երկու Լեհ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն. Futura Iuventa e Saint Nicholas։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական գիրին մէջ անդրադառնալով քահանայապետական համալսարանի նոր մշակութային մասնաճիւղին գլխաւոր նպատակին , որ է մտածել ժամանակակից մշակոյթին մասին նշեց, թէ Սուրբ ՅՊԲ Պապը ներշնչումի աղբիւր  եւ կարեւոր դերակատար է իր թողած ժառանգութեան համար, ինչպէս նաեւ Անոր ունեցած բաց հոգիին բերումով, որ սիրահարուած էր Աստուծոյ, մարդու պատմութեան եւ արուեստին։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նամակին մէջ նկատել տուաւ, որ Սուրբ ՅՊԲ Պպին կեանքի փորձառութիւնները, որոնք յաճախ յատկանշուած են անձնական տառապանքներով, անոր ժամանակակից ողբերգական դէպքերով, Սուրբ Հոգին զայն առաջնորդած է զարգացնելու  մարդու մասին խորին մտորումներ, հիմնուելով  աւետարանին վրայ։ Նորին Սրբութիւնը ապա մէջբերելով Սուբր ՅՊԲ-ի առաջին առաքելական յորդորագիրէն հատուած մը նշեց թէ Սուրբ Պապը, մարդկային մշակոյթի եւ գաղափարախօսութիւններու մերձեցման գործընթացէն ներս միշտ անհրաժեշտ նկատած է  առաքելական կեցուածքը։ Եկեղեցի մը, որ   կ՝ուզէ դուրս գալ եւ չի բաւարարուիր  պահել ու մատակարարել  այն ինչ որ ունի եւ կ՝ուզէ հաւտարիմ մնալ իր առաքելութեան պէտք  է կենդանի պահել Յիսուսի առաջին առաքեալներուն միսիոներական կեցուածքը։

Ֆրանչիստկոս Պապ շնորհաւորական գիրը աւարտած է դարձեալ իր ուրախութիւնը յայտնելով Քահանայապետական համալսարանի նոր ծրագիրին համար նշելով, թէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացիին համալսարանը  յաճախուած է  աշխարհի բոլոր կողմերէն ժամանած դասատուներէ եւ աշակերտներէ եւ ասոր համար Համալսարանը ատակ վայր է մեկնաբանելու ժամանակակից աշխարհի մշակութային կարեւոր մարտահրաւէրները։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորագիրի աւարտին իր բարի մաղթանքներն ու ողջոյնները փոխանցեց բոլոր անոնց որոնք սատարեցին  քահանայապետական համալսարանի նոր մասնաճիւղի իրականացման։ Ան ապա   բարի աշխատանք մաղթեց համալսարանի անձնակազմին ու աշակերտներուն փոխանցելով բոլորին իր  առաքելական օրհնութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2020, 12:45