Համաճարակէն պաշտպանուելու դիմակներ Համաճարակէն պաշտպանուելու դիմակներ 

Քահանայապետը մտահոգութեամբ կը հետեւի Քովիտ19 ժահրի տարածման հետեւանքներուն։

Մինչեւ այսօր աշխարհի մէջ պաշտօնապէս արձանագրուած են 4 միլիոնէ աւելի վարակումներ, որոնց երեք երրորդը Եւրոպայի եւ Միացեալ նահանգներու մէջ։ Մինչ մահացածներու թիւը գերազանցած է 280 հազարը եւ կը շարունակէ օրէ օր բարձրանալ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկու ամիս առաջ 11 մարտին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարեց որ Քովիտ19 ժահրը համաճարակ է։

Մինչեւ այսօր աշխարհի մէջ պաշտօնապէս արձանագրուած են 4 միլիոնէ աւելի վարակումներ, որոնց երեք երրորդը Եւրոպայի եւ Միացեալ նահանգներու մէջ։ Մինչ մահացածներու թիւը գերազանցած է 280 հազարը եւ կը շարունակէ օրէ օր բարձրանալ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեծ մտահոգութեամբ եւ հայրական հոգածութեամբ կը հետեւի լուրերուն եւ կը ջանայ կարելիին չափ բոլոր ձեւերով իր մօտիկութիւնը ցուցաբերել, ըլլայ աղօթքներով ըլլայ շօշափելի արարքներով, բոլոր անոնց որոնք թիրախ են համաճարակին ու նաեւ անոնց՝ որոնք պայքար կը մղեն յաղթահարելու համար մարդկութիւնը տանջող այս չարիքը։

Ան արդարեւ միշտ կապի մէջ է տարբեր երկիրներու ղեկավարներուն ու նաեւ եպիսկոպոսներուն հետ ու վերջերս հեռաձայնային կապ հաստատած է Պրազիլի Սան Փաոլօ թեմին Մետրոպոլիտ Կարդինալ Օտիլօ Փետրօ Շերերի հետ, որուն յայտնած է իր մտահոգութիւնը Պրազիլի մէջ քովիտ19 ժահրէն վարակուածներու  թիւին  աճումին ի տես,  ուր մեռեալներու  թիւը  գերազանցած է 10 հազարը։

«Քահանայապետը տեղեկութիւններ ուզեց ունենալ յատկապէս աղքատներուն ապրած իրավիճակի մասին, որովհետեւ շատեր բնակարան մը չունին  եւ նաեւ կարելիութիւն չունին հետեւելու ժահրի վարակումի կանխարգիլման ուղղութեամբ ի գործ դրուած միջոցներուն» յայտնած է Կարդինալ Շերեր, որ ապա նշած է թէ Քահանայապետը ապահովեցուցած է իր  մօտիկութիւնն ու աղօթքը խնդրած է նաեւ աղօթքներ իրեն համար։

Պրազիլի մէջ ամենաշատ վարակուածներու թիւով քաղաքը Սան Փաոլոն է ուր մինչեւ օրս կան 3200 աւելի մեռեալներ, մինչ բնակչութեան միայն 47 առ հարիւր կը յարգէ ինքնամեկուսացման դրութիւնները, ինչ որ աւելիով կը դժուարացնէ վարակի տարածման կանխարգիլումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2020, 08:15