Չինացի Քրիստոնեաներ Չինացի Քրիստոնեաներ 

Ֆրանչիսկոս Պապը Չինաստանի Կաթողիկէներուն. «Եղէք Աւետարանի ուրախ վկաներ, սէր ու յոյս խթանողներ»

24 Մայիսը Չինաստանի Եկեղեցւոյ համար աղօթքի օր է հռչակուած Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կողմէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի Մայիս 2020-ի կէսօրին Առաքելական պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերով նախագահած «Ուրախ Լեր Թագուհի» կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքի աւարտին. Նորին Սրբութիւնը, խօսքը ուղղելով ցանցի միջոցաւ աղօթքին հետեւող հաւատացեալներուն, հրաւիրեց հոգեպէս միանալ Չինաստանի Կաթողիկէ հաւատաւոր ժողովուրդին, զոր այսօր յատուկ ջերմեռանդութեամբ, Շանկահայի մէջ, կը տօնախմբէ Չինաստանի Պահապան սրբուհի՝ Քրիստոնէից օգնութիւն Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնը։

«Մեր Երկնաւոր մօր հովանիին եւ առաջնորդութեան յանձնենք այդ մեծ երկրի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ  Հովիւներն ու հաւատացեալները, որպէսզի զօրաւոր ըլլան հաւատքի մէջ եւ ամրապնդուած եղբայրական միութեան մէջ, ուրախ վկաներ եւ սէր ու յոյս խթանողներ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, որ ապա խօսքը ուղղելով Չինաստանի Կաթողիկէ հասարակութեան, վստահեցուց թէ Տիեզերական Եկեղեցին, որուն անոնք անբաժանելի մաս են, կը կիսէ անոնց յոյսերը եւ թիկունք կը կանգնի անոնց դժուարութիւններուն։

«Ան ձեզի կ՛ընկերանայ աղօթքով, Սուրբ Հոգիին նոր զեղումի մը համար, որպէսզի ձեր մէջ դարձեալ ցոլայ Աւետարանի լոյսն ու գեղեցկութիւնը, որ Աստուծոյ զօրութիւնն է հաւատացեալներու փրկութեան համար» յարեց Սրբազան Քահանայապետը անոնց  արտայայտելով նաեւ իր վեհանձն եւ անկեղծ սէրը ու շնորհելով  առաքելական յատուկ օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2020, 12:09