1589106755670.JPG

Նորին Սրբութիւնը յիշեց Եւրոպական Միութեան ընդելուզման գործընթացին 70 ամեակը ու շնորհաւորեց Մայրերու տօնը։

«Շումընի Յայտարարութեան ոգին թող շարունակէ ըլլալ ներշնչման աղբիւր՝ անոնց, որոնք Եւրոպական Միութեան մէջ պատասխանատուութիւններ ունին ու կանչուած են համերաշխութեան ու համագործակցութեան հոգիով դիմագրաւել համաճարակին ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքները»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 10 մայիսին՝ առաքելական պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերով գլխաւորած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով առցանց կապով իրեն հետեւող հաւատացեալներուն ուզեց յատուկէն յիշել Եւրոպան եւ Ափրիկէն։

«Եւրոպան՝  9 մայիս 1950-ին Շումընի Յայտարարութեան 70 ամեակին առթիւ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով որ այդ յայտարարութիւնը ներշնչում եղաւ եւրոպական ընդելուզման գործընթացին, սատարելով երկրորդ աշխարհամարտէն ետք, ցամաքամասի ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան հաստատումին։

«Շումընի Յայտարարութեան ոգին թող շարունակէ ըլլալ ներշնչման աղբիւր՝  անոնց, որոնք Եւրոպական Միութեան մէջ պատասխանատուութիւններ ունին ու կանչուած են համերաշխութեան ու համագործակցութեան հոգիով դիմագրաւել համաճարակին ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքները» ըսաւ Սրբազան Պապը  որ հայեացքը ուղղելով Ափրիկէին յիշեց՝ 40 տարիներ առաջ, 10 մայիս 1980-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ այդ ցամաքամասին կատարած առաքելական առաջին ճամբորդութիւնը, որուն առթիւ Ան ձայն տուաւ Սահելի ժողովուրդներուն որոնք ծանրապէսս վնասուած էին երաշտէն։

Այսօր կ՛ուզեմ գնահատանքս արտայայտել Սահելի երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու երիտասարդներու խումբին, որոնք ձեռնարկեցին «Գովեալ Ըլլաս. Ծառեր» ծրագիրը, որուն նպատակն է Սահելի տարածաշրջանին մէջ տնկել մէկ միլիոն ծառեր, որոնք մաս պիտի կազմեն Ափրիկէի «Մեծ Կանաչ Պատին», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթանք յայտնելով՝ որ «ուրիշներ եւս հետեւին այս երիտասարդներու զօրակցութեան օրինակին»։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա թէ այսօր շատ մը երկիրներու մէջ կը յիշատակուի Մայրերու Տօնը ու շնորհաւորելով Մայրերը, զանոնք յանձնեց «Մարիամին՝ մեր Երկնաւոր Մօր» ըսաւ Ան, յատուկէն յիշեով նեաւ բոլոր այն մայրերը, որոնք անցած են անդի աշխարհ ու մեզի կը հետեւին երկինքէն։

Սրբազան Պապը Մարեմեան Աղօթքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի, հուսկ ուղղուեցաւ իր գրասենեակի պատուհան, որտեղէն  սովոր էր արտասանել Մարեմեան աղօթքը եւ Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակը դիտելով աշխարհին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2020, 12:10