Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթք 

Պենտեկոստէի տօն։ Կը վերսկսին Ս. Պետրոսի հրապարակի վրայ հաւատացեալներու ներկայութեամբ Քահանայապետական Մարեմեան աղօթքները։

Անցեալ 8 մարտին էր որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յարմարուելով Քովիտ19 համաճարակի տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ որդեգրուած միջոցներուն, որոշած էր Մարեմեան Աղօթքը ու նաեւ չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը կատարել Առաքելական Պալատի Մատենադարանէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յառաջիկայ 31 Մայիս 2020-ին Պենտեկոստէի տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10-ին, ուղիղ եթերով սուրբ պատարագ պիտի մատուցէ՝ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքաի Ամենասուրբ Հաղորդութեան մատուռէն, առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան, մինչ սուրբ զոհին  յաջորդող Մարեմեան աղօթքը, ժամը 12-ին, տեղի պիտի ունենայ Քահանայապետական գրասենեակի պատուհանէն եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը նշելով նաեւ՝ որ ապահովական ուժերը պիտի երաշխաւորեն հաւատացեալներու ներկայութիւնն ու  ապահով մասնակցութիւնը, նկատի առնելով  ընկերային հեռաւորութեան  պահպանումը։

Անցեալ 8 մարտին էր որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յարմարուելով Քովիտ19 համաճարակի տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ որդեգրուած միջոցներուն, որոշած էր Մարեմեան Աղօթքը ու նաեւ չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը կատարել Առաքելական Պալատի Մատենադարանէն։

Այդ առթիւ ան ըսած էր «Հրեշտակ Տեառն-ի այսօրուայ աղօթքը  քիչ մը տարօրինակ է, Քահանայապետը բանտարկուած է մատենադարանին մէջ, սակայն ես ձեզ կը տեսնեմ, ձեզի մօտիկ եմ»։

Ասով հանդերձ Սրբազան Պապը ամէն կիրակի, Մատենադարանէն ուղիղ եթերով արտասանած  Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, կ՛ուղղուէր իր գրասենեակի պատուհան այնտեղէն օրհնելով սուրբ Պետրոսի, ընդհանրապէս դաստարակ հրապարակը ու այդ օրհնութիւնը տարածելով համայն աշխարհին։ Այժմ որ Իտալիոյ մէջ որդեգրուեցան սահմանափակումներու  որոշ թուլացումներ կարելի պիտի ըլլայ, կամաց կամաց, վերադառնալ համաճարակէն առաջ ապրուած կեանքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2020, 16:56