Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քրաքովիայի երիտասարդներուն՝ ՅՊԲ-ի ծննդեան 100 ամեակին առթիւ։

Ես յոյսով եմ, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ծննդեան հարիւրամեակի տօնախմբութիւնները ձեր մէջ հրահրեն իղձը՝ արիութեամբ ընթանալու Յիսուսին հետ։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծննդեան 100 ամեակին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը  հեռարձակուեցաւ Լեհաստանի պետական ​​հեռուստակայանէն (Telewizja Polska Program 1) տեղական ժամով 20: 00-ին։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի երիտասարդներ,

այս տարի կը տօնախմբենք Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ծննդեան հարիւր ամեակը։

Գեղեցիկ առիթ է ինծի համար դիմելու ձեզի՝ Քրաքովիայի երիտասարդներ, խորհելով թէ որքան Ան կը սիրէր երիտասարդները, եւ յիշելով իմ այցս ձեր մօտ 2016-ին ԵՀՕ-ի առթիւ։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. եղաւ Աստուծոյ արտակարգ նուէր մը՝ Եկեղեցւոյ եւ Լեհաստանին՝ ձեր հայրենիքը։ Անոր երկրային ուխտագնացութիւնը, սկիզբ առած՝ 18 մայիս 1920-ին Վատովիցէի մէջ ու վերջ գտած՝ 15 տարիներ առաջ Հռոմի մէջ, յատկանշուեցաւ կեանքի նկատմամբ սիրով եւ Աստուծոյ խորհուրդին, աշխարհին ու մարդուն հանդէպ հրապոյրով։

Զայն կը յիշեմ որպէս հսկայ մը ողորմութեան. Կը մտածեմ «Dives in misericordia» շրջաբերականին, Սրբուհի Ֆաուսթինայի սրբադասումին եւ Ողորմութեան կիրակիին հաստատումին։

Աստուծոյ ողորմած սիրոյ լոյսով Ան կը նկատէր մարդոց եւ կիներուն կոչումի գեղեցկութիւնն ու առանձնայատկութիւնը, կը հասկնար մանուկներուն, երիտասարդներուն եւ չափահասներուն կարիքները, հաշուի առնելով նաեւ մշակութային եւ ընկերային պայմանները։

Բոլորն ալ կարող էին փորձարկել այդ մէկը։ Դուք ալ այսօր կարող էք փորձարկել զայն, ճանչնալով անոր կեանքը, անոր ուսուցումները՝ որոնք մատչելի են բոլորին, շնորհիւ համացանցին։

Ձեզմէ իւրաքանչիւրը, սիրելի մանչեր եւ աղջիկներ, կը կրէ իր ընտանիքին դրոշմը, անոր ուրախութիւններով եւ ցաւերով։ Ընտանիքին նկատմամբ սէրն ու խնամքը՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի բնորոշ առանձնայատկութիւնն են։

Անոր ուսուցումը կը ներկայանցէ՝ միանշանակ յղման կէտ, գործնական լուծումներ գտնելու համար,  դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, զոր ընտանիքները  կը դիմագրաւեն մեր օրերուն (Պատգամ «Յովհաննէս Պօղոս Բ. Ընտանիքի Քահանայապետ», գիտաժողով, Հռոմ 30 հոկտեմբեր 2019)։

Սակայն անձնական եւ ընտանեկան հարցերը արգելք չեն սրբութեան եւ երջանկութեան ճանապարհին։

Արգելք չէին ոչ իսկ երիտասարդ Քարոլ Վոյթիլային համար, որ երիտասարդ տարիքին տառապեցաւ իր մօր, եղբօր ու հօր կորուստին համար։

Որպէս ուսանող՝ ան փորձարկեց  նացիութեան վայրագութիւնները, որ իրմէ խլեցին շատ մը բարեկամներ։ Պատերազմէն ետք, որպէս քահանայ եւ եպիսկոպոս, ստիպուած եղաւ դիմակայել անաստուած համայնավարութիւնը։

Դժուարութիւնները, նոյնիսկ ամենածանր, ապացոյց են հասունութեան եւ հաւատքի եւ հարցերը կը յաղթահարուին միայն հիմնուելով մեռած եւ յարութիւն առած Քրիստոսի զօրութեան վրայ։

Յովհաննէս Պօղոս Բ. այս մէկը յիշեցուց համայն Եկեղեցւոյ իր առաջին Շրջաբերականէն սկսեալ, «Redemptor hominis» ուր կ՛ըսէ. «Մարդը որ կ՛ուզէ ինքզինք հասկնալ լիովին…պէտք է իր անհանգստութիւններով եւ անորոշութիւններով ու նաեւ իր տկարութեամբ եւ մեղաւորութեամբ, իր կեանքով ու մահով, մօտենայ Քրիստոսին: Ան պէտք է, այսպէս ըսուած, Անոր մէջ մտնէ իր բոլոր էութեամբ»  (թիւ 10):

Սիրելի երիտասարդներ, այս կը մաղթեմ  իւրաքանչիւրիդ. մտնել Քրիստոսի մէջ ձեր բոլոր կեանքով։ Եւ յոյսով եմ,  որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ծննդեան հարիւրամեակի տօնախմբութիւնները ձեր մէջ հրահրեն իղձը՝ արիութեամբ ընթանալու Յիսուսին հետ, որ  «Տէրն է վտանգին, Տէրն է մշտապէս աւելիին… Տէրը՝ Պենտեկոստէի օրուան նման կ՛ուզէ իրականացել ամենամեծ հրաշքներէն մին, զոր կարող ենք փորձարկել. այնպէս ընել որ քու ձեռքերդ, իմ ձեռքերս, մեր ձեռքերը՝ փոխակերպուին ու դառնան նշան հաշտութեան, հաղորդութեան եւ ստեղծագործութեան։

Ան կ՛ուզէ ունենալ ձեր ձեռքերը՝ տղաք եւ աղջիկներ, կ՛ուզէ ձեր ձեռքերը որպէսզի շարունակէ  կառուցել  այսօրուան աշխարհը  (Քրաքով՝ 30 Յուլիս 2016 – ԵՀՕ հսկումի ճառ)։

Ձեզ բոլորդ կը յանձնեմ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի բարեխօսութեան ու ձեզ կ՛օրհնեմ ի սրտէ։ Եւ դուք եթէ կը բարեհաճիք, մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար։ Շնորհակալութիւն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2020, 20:15