Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Եկ Սուրբ Հոգի, դուն որ ներդաշնակութիւն ես, մեզ դարձուր միութեան կառուցողները»

Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորեց Հոգեգալստեան Սուրբ Պատարագը
Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորեց Հոգեգալստեան Սուրբ Պատարագը

 

Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Պօղոսը Կորընթացիներուն ուղղած նամակին մէջ կը գրէ «Պարգեւները թէպէտ զանազան են, սակայն Հոգին նոյնն է։  Պաշտօնները թէպէտ զանազան են, սակայն Տէրը նոյնն է . ներգործութիւնները թէպէտ զանազան են, սակայն Աստուած նոյնն է (Ա Կորընթ. 12,4-6)։ Զանազան – նոյնը. Սուրբ Պօղոս կը շեշտը դնելով այս իրար հակառակ երկու բառերուն վրայ, մեզի կ՛ուզէ ըսել՝ որ Սուրբ Հոգին այն նոյնն է որ միասին կը դնէ զանազանութիւնները ու թէ Եկեղեցին ծնունդ առաւ այսպէս, մենք, տարբեր իրար միջեւ, միացած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։

Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ, Հոգեգալուստի տօնին օրը, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի «Գահի խորանէն» մատուցած եւ  ուղիղ եթերով սփռուած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին, ի ներկայութեան 50 հաւատացեալներու եւ կղերական դասին։

Քահանայապետը հրաւիրեց մտաբերելու Պենտեկոստէի օրը, երբ աշակերտները որ իրարմէ տարբեր դասակարգի մարդիկ էին, եկած տարբեր փորձառութիւններէ ու ընկերային ոլորտներէ, տարբեր տեսակէտներով, անձնականութեամբ ու զգացումներով, համախմբուած էին վերնատան մէջ։ Յիսուս զանոնք չէր կերպարանափոխած, զանոնք չէր նոյնացուցած, այլ թողած էր անոնց զանազանութեան մէջ եւ այժմ զանոնք կը միացնէր Սուրբ Հոգիի օծումով։ Միութիւնը կը ժամանէ Սուրբ Հոգիով եւ աշակերտները Պենտեկոստէի օրը կը հասկնան Սուրբ Հոգիին միացուցիչ ուժը կկնատես ըլլալով անոր։

Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց ապա նայիլ այսօրուայ եկեղեցւոյ իրականութեան, հարց տալով. «ի՞նչն է որ մեզ կը միացնէ»։ Մեր միջեւ եւս կան տարբերութիւններ, տարեր գաղափարներ, ընտրանքներ եւ փորձութիւնն ունիք յաճախ պաշտպանելու սեփական միտքերը ու համաձայն գտնուելու միայն անոնց հետ՝ որոնք մեզի գաղափարակից են։ Այս մէկը սակայն մեր պատկերի համաձայն հաւատք է եւ ոչ թէ Սուրբ Հոգիին կամքը։

Սուրբ Հոգին մեզի կը յիշեցնէ որ բոլորս Աստուծմէ սիրուած զաւակներ են։ Ան կու գայ մեր մէջ, մեզի ըսելու որ մէկ է Տէրը՝ Յիսուսը ու մէկ է Հայրը,  որուն բերումով  մենք եղբայրներ եւ քոյրեր ենք։

Աշխարհը մեզ կը տեսնէ՝ որպէս աջակողմեան եւ ձախակողմեան, Սուրբ Հոգին մեզ կը տեսնէ որպէս պատկանող Հօր եւ Յիսուսին։ Աշխարհը մեզ կը տեսնէ որպէս պահպանողականներ եւ առաջադէմներ, Սուրբ Հոգին որպէս Աստուծոյ զաւակներ։ Աշխարհի հայեացքը կը տեսնէ կառոյցներ որոնք պէտք է աւելի արդիւնաւէտ դարձնել, Հոգեւոր հայեացքը կը տեսնէ եղբայրներ եւ քոյրեր, որոնք կարիքը ունի ողորմութեան։ Սուրբ Հոգիին համար մենք իր խճանկարի անփոխարինելի մասնիկներ ենք։

Դառնալով Պենտեկոստէի օրուան կը բացայայտենք թէ եկեղեցւոյ առաջին գործը՝ հռչակելն է։ Բայց աշակերտները  ռազմավարութիւն չեն ծրագրեր այդ ուղղութեամբ, անոնք ժամանակ չեն պահանջեր պատրաստուելու այդ առաքելութեան, Սուրբ Հոգին է որ կը բանայ անոնց մտքերը, կը մղէ զանոնք վախեցող հաւատքի մը ցանկապատերէն անդին… աշխարհը հիմնուած է կարգաւորուած ռազմավարութեան վրայ, ապա թէ ոչ կը մոլորի…եկեղեցւոյ մէջ միութիւն  երաշխաւորողը Սուրբ Հոգին է եւ ասոր համար է որ առաքեալները կը մեկնին անպատրաստս միայն մէկ իղձ ունենալով իրենց սրտերուն մէջ. պարգեւել այն ինչ որ ստացան։

Միութեան գաղտնիքը պարգեւն է, որովհետեւ Սուրբ Հոգին պարգեւ է, Ան կ՛ապրի նուիրուելով։ Աստուած  պարգեւ է, Անոր վարուելակերպը առնելը չէ այլ տալն է։ Եւ ասկէ մեկնելով է որ մենք  որպէս հաւատացեալներ պէտք է օրինակ առնենք ու հետեւինք Աստուծոյ։ Պէտք է ըմբռնենք թէ մեր ունեցածը պարգեւ է, մենք Աստուծոյ պարգեւն ենք, ձրի պարգեւ ու մեք կեանքը վերածելու ենք պարգեւի։ Սիրելով հեզութեամբ, ծառայելով ձրիութեամբ եւ ուրախութեամբ, աշխարհին կը պարգեւենք Աստուծոյ դիմագիծը։

Հարց տանք ի՞նչն է որ մեզի արգելք կը հանդիսանայ նուիրուելու։ Պարգեւը ունի երեք թշնամիներ, ինքնահաճութիւնը, զոհի մտայնութիւնը, յոռետեսութիւնը։ Ինքնահաճութիւնը կը մղէ անտարբերութեան, զոհի մտայնութիւնը մշտապէս դժգոհելու ուրիշներէն ապա յոռետեսութիւնը շարունակական կերպով կրկնել է թէ ոչ մէկ բան լաւ կ՛ընթանայ։ Երեք թշնամիներ որոնք մեծապէս վնասակար են՝ մեր ապրած համաճարակի այս օրերուն։

Այս բոլորին վստահաբար կը պակսի յոյսը։ Կ՛ ապրինք յոյսի քաղցը եւ կարիքը ունինք արժեւորելու կեանքի պարգեւը, ասոր համար կարիքը ունին Սուրբ Հոգիին որ Աստուծոյ պարգեւն է,  որ մեզ կը բուժէ ինքնահաճութեան, զոհի մտայնութեան եւ յոռետեսութեան հիւանդութիւններէն։

Աղօթենք. Ով Սուրբ Հոգի, Աստուծոյ յիշողութիւն, վերակենդանացուր մեր մէջ ընկալուած պարգեւին յիշատակը։ Ազատէ մեզ եսասիրութեան անշարժութենէն, մեր մէջ հրահրէ ծառայելու եւ բարիք ընելու զգացումը։ Որովհետեւ այս տագնապէն աւելի վատ կը մնայ միայն տագնապը վատնելու ողբերգութիւնը՝ մենք մեր մէջ փակուելով։

Եկ Սուրբ Հոգի, դուն որ ներդաշնակութիւն ես, մեզ դարձուր միութեան կառուցողները։ Դուն որ մշտապէսս կը պարգեւես դուն քեզ՝ քաջութիւնը տուր մենք մեզէ դուրս ելլելու, սիրելու եւ օգնելու զիրար որպէսզի դառնանք միակ ու մէկ ընտանիք։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2020, 10:38