«Սարկաւագները Եկեղեցւոյ ծառայութեան պահապաններ»։ Քահանայապետին մայիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը։

Աղօթենք որպէսզի սարկաւագները՝ հաւատարիմ Խօսքի ու աղքատներու ծառայութեան,. ըլլան համայն եկեղեցւոյ համար կենսալից նշանը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սարկաւագները երկրորդ դասակարգի քահանաներ չեն։ Անոնք մաս կը կազմեն կղերական դասին եւ իրենց կոչումը կ՛ապրին ընտանիքին մէջ եւ ընտանիքին հետ։

Կը նուիրուին աղքատներու ծառայութեան, անոնց որոնք իրենց մէջ կը կրեն տառապող  Քրիստոսին դիմագիծը։

Սարկաւագները Եկեղեցւոյ ծառայութեան պահապաններն են։

Աղօթենք որպէսզի սարկաւագները՝  հաւատարիմ  Խօսքի ու աղքատներու ծառայութեան, ըլլան համայն եկեղեցւոյ համար կենսալից նշանը։»

Այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մայիս ամսուայ համար առաջարկած աղօթքի դիտաւորութիւնը, որ լոյս տեսաւ այսօր՝ 5 Մայիս 2020ի յետմիջօրէին, Քահանայապետին լսատեսողական պատգամով մը։

Սարկաւագութիւնը Եկեղեցւոյ քահանայական երեք աստիճաններէն մին է քահանայութեան եւ եպիսկոպոսութեան հետ եւ կը շնորհուի ձեռնադրութեամբ։ Սարկաւագներուն պարտականութեան մաս կը կազմէ Աստուծոյ Խօսքի քարոզութիւնը, սպասաւորութիւնը եւ աղքատներու ծառայութիւնը։ Անոնք յատուկ կերպով կը մասնակցին Քրիստոսի  առաքելութեան։  Քահանաները նախ քան քահանայութեան կարգը ընդունիլը՝ կը ստանան սարկաւագական աստիճան։ Կան նաեւ մնայուն սարկաւագները, որոնք ընդհանրապէս ամուսնացեալ թեկնածուներ են, «որոնք իրենց կոչումը կ՛ապրին ընտանիքին մէջ եւ ընտանիքին հետ» ինչպէս կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը։ Աշխարհի մէջ մնայուն սարկաւագներու թիւը 46 հազար է։

Յայտնենք թէ վերոնշեալ դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը ամէն ամիս կը հրապարակուի «Քահանայապետին աղօթքի համաշխարհային ցանց»ին կողմէ, որուն տնօրէնը Յիսուսեան միաբանութեան անդամ՝ Հայր Ֆետերիք Ֆորնոսն է, որ ներկայացնելով այս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը նշեց՝ թէ  Յիսուս եւս իր աշակերտներուն հետ անցուցած վերջին ժամերուն, յայտնուեցաւ որպէս Աստուծոյ ծառայ։ Անոր համայն կեանքը եղաւ ծառայութիւն. «Մարդու որդին չէ եկած ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու եւ իր կեանքը պարգեւելու շատերու փրկութեան համար»։

«Եկեղեցւոյ մէջ բոլոր հաւատացեալներս պէտք է որդեգրենք սարկաւագներու ծառայութեան վերաբերմունքը ու անոնց նման ըլլալ, համայն եկեղեցւոյ կենսալից նշան» կը հաստատէ Հայր Ֆորնոս աւելցնելով՝ որ «Եկեղեցին կարիքը ունի այս մէկին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2020, 17:00