Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Միսիոներական համաշխարհային օրուան առիթով. Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Միսիոներական համաշխարհային օրուան առիթով. 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Միսիոներական համաշխարհային օրուան առիթով. «Ահաւասիկ եմ, ի՛նձ ուղարկէ»:

Այս համաճարակի ժամանակներու ընթացքին Աստուծոյ կամքը հասկնալը մարտահրաւէր մըն է եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Հիւանդութիւնը, տառապանքը, վախը, մեկուսացումը, մեզ կը հարցաքննեն։ Միակութեան մէջ ապրողին աղքատութիւնը, իր ճակատագրին լքուած անձը, աշխատանքն ու օրապահիկը կորսնցուցածը ու տնանկը մեզ կը հարցաքննեն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 31 մայիս 2020-ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին միսիոներական համաշխարհային օրուան նուիրուած պատգամը, որուն բնաբանը քաղուած է Եսայի Մարգարէի խօսքէն «Ահաւասիկ եմ, ի՛նձ ուղարկէ»:

Պատգամին սկիզբը, որ յատկացուած է Եկեղեցւոյ առաքելութեան, Սրբազան Պապը գոհաբանութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ, անցեալ հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին, համայն եկեղեցւոյ կողմէ  յանձնառումով ապրուած միսիոներական արտակարգ ամիսին համար, որուն բնաբանն էր «Մկրտեալներ եւ առաքուածներ. Քրիստոսի Եկեղեցին աշխարհի մէջ առաքելութեամբ»։

«Այս տարի, որ յատկանշուած է տառապանքով եւ Քովիտ19 համաճարակի յառաջացուցած մարտահրաւէրներով, համայն եկեղեցւոյ միսիոներական ընթացքը կը շարունակուի Եսայի մարգարէի խօսքին մէջ. «Ահաւասիկ եմ ինձ առաքէ» (Եսայի 6, 8), որ պատասխանն է Տիրոջ հարցումին «Ո՞վ առաքեմ» կը գրէ Սրբազան Պապը մէջբերելով անցեալ 27 մարտին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մարդկութեան սպառնացող  Քորոնա Ժահրի դադրեցումին համար յատուկ աղերսական աղօթքէն սոյն հատուածը.

«Մենք եւս Աւետարանի աշակերտներուն նման՝ յանկարծակի եկանք անսպասելի ու զայրացած փոթորիկի մը դիմաց։ Անդրադարձանք թէ բոլորս կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն վրայ, ուղեկորոյս ու դիւրաբեկ, եւ անդրադարձանք նաեւ թէ կարեւոր ու հարկաւոր է որ բոլորս միասին թիավարենք, որովհետեւ կարիքը ունինք մէկը միւսի աջակցութեան. Նման այն աշակերտներուն, որոնք անձկութեան մէջ միաձայն կ՛աղաղակեն. «կորսուած ենք» (v. 38), մենք եւս անդրադարձանք թէ կարելի չէ որ իւրաքանչիւրս յառաջ ընթանայ միայնակ, ու թէ պէտք է ընթանանք միասին»։

«Մենք վախցած ենք ուղեկորոյս, վրդոված։ Ցաւն ու մահը մեզի փորձարկել կու տան մեր մարդկային դիւրաբեկութիւնը, սակայն միեւնոյն ատեն մենք մեզ կը ճանչնանք բաժնեկից կեանքի ու չարէն ազատելու իղձին։

Այս ոլորտին մէջ առաքելութեան կոչումը, մենք մեզ դուրս գալու հրաւէրը, Աստուծոյ եւ մերձաւորի սիրոյն համար, կը ներկայանայ որպէս բաժնեկցութեան եւ ծառայութեան հերաւորութիւն» կը շարունակէ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ «Խաչի վրայ զոհաբերումին մէջ աւարտին կը հասնի Յիսուսին առաքելութիւնը, Աստուած կը յայտնէ իր սէրը բոլորին ու մեզմէ կը խնդրէ անձնական տրամադրութիւն առաքուելու։  

Մարդոց սիրոյն համար Հայր Աստուած ուղարկեց իր Միածին Որդին Յիսուսը։ Ան Աստուծոյ առաքեալն է եւ Անոր բոլոր գործը հնազանդութիւն է Հօր կամքին։ Իր կարգին Յիսուս Սուրբ Հոգիի զեղումով  մեզ կը դարձնէ իր աշակերտները ու մեզ կ՛ուղարկէ աշխարհի մէջ տարածելու աւետարանը։

Առաքելութիւնը. դէպի դուրս Եկեղեցին, լոկ օրակարգ մը չէ, կամ իրականացնելիք դիտաւորութիւն։ Քրիստոսն է որ Եկեղեցին դուրս կը մղէ ինքն իրմէ։ Աւետարանը քարոզելու առաքելութեան մէջ կը շարժինք որովհետեւ Հոգին է որ մեզ կ՛առաջնորդէ։

Մարդկային կեանքը կը ծնի Աստուծոյ սէրէն, կ՛աճի սիրոյ մէջ եւ հակում ունի դէպի սէր։ Ոչ մէկը բացառուած է Աստուծոյ այդ սէրէն։ Աստուծոյ համար չարը ու նոյնիսկ մեղքը մարտահրաւէր կը դառնան սիրոյ, սիրելու ցմիշտ եւ միշտ աւելիով։

Ասոր համար Զատկական Խորհուրւին մէջ աստուածային ողորմութիւնը կը բուժէ մարդկութեան անսկզբնական մեղքը։ Եկեղեցին կը շարունակէ Յիսուսին առաքութեան պատմութիւնը ու մեզ կ՛ուղարկէ ամենուրէք, որպէսզի մեր հաւատքի վկայութեամբ եւ Աւետարանի հռչակումով, Աստուած շարունակէ յայտնել իր սէրը  ու փոխակերպել սրտերը,մտքերը, եւ ամէն ժամանակի եւ ամէն վայրի ընկերութիւններն ու մշակոյթները։

Առաքելութիւնը ազատ եւ գիտակից պատասխանն է Աստուծոյ կոչումին։ Սակայն կարող ենք այդ կոչումը զգալ միայն այն ժամանակ երբ անձնական յարաբերութիւն մը կ՛ապրինք Յիսուսին հետ որ կ՛ապրի իր Եկեղեցւոյ մէջ։

Ասոր համար հարց տալու ենք եթէ պատրաստ ենք ընկալելու Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ, ունկնդրելու առաքելութեան կոչը, ըլլայ ամուսնական կեանքին մէջ, ըլլայ կուսակրօնութեան կամ քահանայական ձեռնադրութեան մէջ։

«Պատրա՞ստ ենք առաքուելու ամենուրէք վկայելու համար մեր հաւատքը, հռչակելու համար փրկութեան Աւետարանը, բաժնեկցելու Սուրբ Հոգւոյն պարգեւները... Պատրա՞ստ ենք Մարիամի նման անվերապահօրէն ծառայելու Աստուծոյ կամքին» հարց կու ապա Քահանայապետը կարեւոր նկատելով ներքին տրամադրութիւնը՝ որպէսզի կարողանանք Աստուծոյ պատասխանել՝ «Ահաւասիկ եմ Տէր՝ ինձ ուղարկէ»։

Այս համաճարակի ժամանակներու ընթացքին Աստուծոյ կամքը հասկնալը մարտահրաւէր մըն է եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Հիւանդութիւնը, տառապանքը, վախը, մեկուսացումը, մեզ կը հարցաքննեն։  Միակութեան մէջ ապրողին աղքատութիւնը, իր ճակատագրին լքուած անձը, աշխատանքն ու օրապահիկը կորսնցուցածը ու տնանկը  մեզ կը հարցաքննեն։

Ենթարկուած Ֆիզիկական  հեռաւորութեան ու  տուներու մէջ մնալով, կանչուած ենք վերագտնելու կարիքը ընկերային յարաբերութիւններուն ու նաեւ հասարակական յարաբերութիւններուն եւ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւններուն։

Որպէս համախմբուած եկեղեցի Սուրբ Զոհը մատուցելու  անկարելիութիւնը  մեզ բաժնեկից դարձուց այն բազմաթիւ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն որոնք չեն կարող ամէն կիրակի մասնակցիլ Սուրբ Պատարագին։ Այս ոլորտէն ներս հարցումը զոր Աստուած կ՛ուղղէ՝ «ո՞վ պիտի ղրկեմ»  մեզի ուղղուած է ու մեզմէ կը պահանջէ վճռակամ ու վեհանձն պատասխան.«ահաւասիկ եմ, ինձ ուղարկէ»։

Աստուած արդարեւ կը շարունակէ փնտռել անձեր, որպէսզի զանոնք առաքէ աշխարհին ու մարդոց՝ վկայելու իր սէրը, մեղքէն ու մահուընէ Անոր փրկութիւնը, չարէն ազատագրումը։

Միսիոներական համաշխարհային օրը տօնախմբել կը նշանակէ վերահաստատել թէ աղօթքը, մտածականը եւ նիւթական օժանդակութիւնները,  հնարաւորութիւններ ենք գործնականապէս մասնակցելու Յիսուսին ու Անոր եկեղեցւոյ  առաքելութեան։

Հոկտեմբեր ամսուայ երրորդ կիրակիին սուրբ պատարագներու ընթացքին կատարուած նուիրատուութիւններուն նպատակն է թիկունք կանգնիլ միսիոներական աշխատանքին, որ իմ անունովս կը կատարուի Քահանայապետական Միսիոներական գործունէութիւններուն միջոցաւ, դիմագրաւելու համար համայն աշխարհի ազգերու ու եկեղեցիներու հոգեկան եւ նիւթական կարիքները։

Թող որ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, Աստղ Աւետարանութեան եւ մխիթարիչ վշտացելոց, իր որդոյն՝ Յիսուսին միսիոնար աշակերտ, շարունակէ բարեխօսել մեզի համար ու մեզի աջակցիլ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2020, 13:00