Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ղպտիներու Պատրիարք Թաուատրոս Բ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ղպտիներու Պատրիարք Թաուատրոս Բ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հեռաձայնային կապ պահեց Ղպտիներու պատրիարք Թաուատրոս Բ-ի հետ։

Վերջին հեռաձայնային կապի ժամանակ, Ֆրանչիսկոս Պապ արտայայտած է «իր սէրը եւ գնահատանքը Եգիպտոսի եւ եգիպտացիներու հանդէպ»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, մայիս 11ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հեռաձայնով խօսած է Ղպտիներու Պատրիարք Թաուատրոս Բ.ի հետ, նորոգելով եղբայրական կապերը եւ խոստանալով առօրեայ փոխադարձ աղօթք։ Յատկապէս համաճարակի այս դժուարին օրերուն կարեւոր նկատած են շեշտել այդ կապը եւ խաղաղութեան հաւաստիացումը։

Ունկնդրէ լուրը

Մայիս 10ը արդէն անցած է տարեգրութիւններու մէջ իբր համամիութենական էջ մը։ 1973 թուականին, առաջին անգամ ըլլալով Պօղոս Զ. Սրբազան Պապը հանդիպած էր Ղպտիներու Պատրիարք Շենուտա Գ.ի հետ։ Նոյնպէս 2013 թուականի մայիս 10ին, «եղբայրական սիրոյ օրը», Սրբազան Պապը եւ Պատրիարք Թաուատրոս Բ. հանդիպած էին  Վատիկանի մէջ։

Վերջին հեռաձայնային կապի ժամանակ, Ֆրանչիսկոս Պապ արտայայտած է «իր սէրը եւ գնահատանքը Եգիպտոսի եւ եգիպտացիներու հանդէպ»։ Սրբազան Պապը եւ Պատրիարքը յանձնառու եղած են միասնաբար աղօթել «աշխարհի խաղաղութեան համար, մանաւանդ այս դժուարին օրերուն»։ Հեռաձայնային խօսակցութեան աւարտին անոնք խոստացած են աղօթել որ «Աստուած ողորմի աշխարհին, Եկեղեցւոյ եւ բոլոր հաւատացեալներուն»։ «Մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէի» նախաձեռնութեամբ մայիս 14ը հաստատած են համաշխարհային աղօթքի, ծոմի եւ բարի գործերու օր՝ ազատելու համար երկրագունդը համաճարակէն։

Յիշեալ «Բարձրագոյն Կոմիտէն», որուն կը մասնակցին քրիստոնեաներ, իսլամներ եւ հրեայներ, կազմուած է կրօնական ղեկավարներէ, գիտնականներէ եւ մշակոյթի գործիչներէ, ոգեշնչուած «Մարդկային Եղբայրութեան» հայող փաստաթուղթէն, որ ստորագրուած է 2019ի փետրուար 4ին, Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ալ Ազհարի մեծ իմամ Ահմատ ալ-Տայիեպի կողմէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2020, 10:36