Հողագործութեամբ զբաղող գաղթական։ Հողագործութեամբ զբաղող գաղթական։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «բոլորիս համար տագնապ է, սակայն պէտք է յարգել  աշխատաւորներու եւ անձերու արժանապատւութիւնը։

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, ֆրանչիսկոս Պապին կոչը կապուած աշխտաւորներու միջազգային տօնին օրուան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, մայիս 6-ին, առաւօտեան, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ծիրէն ներս, ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով աշխատաւորներու միջազգային տօնին,  որ նշուեցաւ մէկ մայիսին,  կոչ ուղղեց չշահագործելու աշխատաւորները, որոնք ստէպ խստօրէն շահագործուած են։   

Ունկնդրէ լուրը

Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

«Մայիս մէկին առթիւ, շատ մը պատգամներ ստացայ,  որոնք կը վերաբերին աշխատանքի աշխարհին ու անոր կապուած հարցերուն։  Յատուկէն զիս շատ տպաւորեց գիւղատնտեսութեան բանուորներու պատգամը, որոնցմէ շատերը գաղթականներ են  կ՝աշխատին Իտալիոյ դաշտերուն մէջ։ Դժբախտաբար անոնցմէ շատերը, խստապէս շահագործուած են։ Այո, շիտակ է, որ բոլորիս համար տագնապի ժամանակաշրջանն է , սակայն անձերու արժանապատւութիւնը, պէտք է, որ յարգուի։ Հետեւաբար, կ՝ողջունեմ  այդ աշխատաւորներուն կոչը ինչպէս նաեւ  այն բոլոր աշխատաւորներու կոչը, որոնք շահագործուած են ու կը հրաւիրեմ տագնապը առիթ նկատել, վերստին կեդրոնական տեղ տալու աշխատանքի եւ անձի արժանապատուութիւնը ։»  Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ կոչին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2020, 10:16