Հոգ տանիլ հասարակաց տան Հոգ տանիլ հասարակաց տան 

Յատուկ տարի մը նուիրուած Գովեալ Ըլլաս շրջաբերականին։ Ֆրանչիսկոս Պապ

Յատուկ տարի մը խորհրդածելու համար շրջաբերականի մասին. ըսաւ Սրբազան Պապը, հրաւիրելով բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը մասնակից ըլլալու այդ տարուան, «հոգ տանելու համար հասարակաց տան ու դիւրաբեկ եղբայրներուն եւ քոյրերուն»
Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը

 

Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 մայիսին, «Ուրախ լեր» կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ուղիղ եթերով աղօթքին հետեւող հաւատացեալներուն, նախ երախտագիտութեամբ յիշեց Սալեզեան Միաբանութեան մօտ ընդունած հոգեւոր կազմաւորումը, ապա  յիշեցուց՝ թէ այսօր կը յիշատակուի «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականի հրատարակման հինգերորդ տարեդարձը, այս ուղղութեամբ մատնանշելով Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի ձեռնարկին՝ 16 - 24 մայիսը «Գովեալ Ըլլասի» շաբաթ հռչակելուն համար, ինչպէս նաեւ 24 մայիս 2020-էն մինչեւ 24 մայիս 2021 «Գովեալ ըլլաս»ի յատուկ տարի հռչակումին համար։

«Յատուկ տարի մը խորհրդածելու համար շրջաբերականի մասին» ըսաւ Սրբազան Պապը, հրաւիրելով բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը մասնակից ըլլալու այդ տարուան, «հոգ տանելու համար հասարակաց տան ու դիւրաբեկ եղբայրներուն եւ քոյրերուն»։ Սրբազան Պապը ակնարկեց նաեւ Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքին այս առթիւ հրապարակած յատուկ աղօթքին  ու հրաւիրեց տարուան ընթացքին կրկնել այդ աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2020, 12:56