Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան հակիրճ տեղեկութիւններ։

Նշենք որ վաղը՝ 24 մայիս 2020-ին, կը յիշատակուի Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 54րդ օրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 23 Մայիս 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի  իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Արժանթինի նորանշանակ դեսպան՝ Տիկին Մարիա Ֆերնանտա Սիլվա, հաւատարմագրերու ներկայացումին առիթով։ Քահանայապետը ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչ՝ Կարդինալ Մարք Ոելլէի եւ Իտալիոյ Քասթելլանա թեմին եպիսկոպոս գերապայծառ Քլաուտիօ Մանիակոյի։ Սրբազան Պապը հուսկ ընդունեց  Լացիօ Նահանգի Նախագահ՝ Տիար Նիքոլա Ծինկարեթթին։

Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 54րդ օր

Նշենք որ վաղը՝ 24 մայիս 2020-ին, կը յիշատակուի Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 54րդ օրը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ 24 Յունուար 2020-ին, լրագրողներու պաշտպան Սուրբ՝ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տէ Սալէսի ծիսական տօնին օրը հրապարակած էր պատգամը մը, որուն բնաբանն է «Որպէսզի դուն կարողանաս պատմել ու մտքիդ մէջ դրոշմել» (Ելից 10, 2). կեանքը պատմութիւն կը դառնայ», որուն առացնքը կը կազմէ պատմուածքի արժէքը։

Պատմութիւնները «մեզ կարող են օգնել հասկնալու ու ըսելու թէ ո՞վ ենք», որովհետեւ մարդը «պատմող էակ է», որ կարիքը ունի «պատմութիւններով զգեստաւորուիլ՝ պահպանելու համար սեփական կեանքը» կը գրէ ի մէջ այլոց պատգամին մէջ Սրբազան Պապը մատնանշելով՝ թէ «կ՛ապրինք  ժամանակահատուածի մը մէջ որ յատկանշուած է բաժնող Խօսքի ու անոր ենթակայական գործածութեամբ, ու թէ ի տես «կեղծ եւ չար» պատմութիւններու տարածումին, հարկաւոր է այնպէս ընել որ պատմագրութիւնը խօսի «մեր ու մեր մէջ գտնուող գեղեցիկի մասին», հարկաւոր է  «շնչել բարի պատմութիւններու ճշմարտութիւնը»։

Քահանայապետը կը հաստատէ որ  Սուրբ Գիրքը, Պատմութիւններու պատմութիւն է» ու թէ ան  «Աստուծոյ ու մարդկութեան միջեւ սիրոյ մեծ պատմութիւն է»։

Պատգամին կարեւոր մաս մը յատկացուած է «կործանիչ պատմութիւններուն», որոնց առընչութեամբ Քահանայապետը կը հրաւիրէ հեռու մնալ չարախօսութիւններէն, բռնութիւններէն ու կեղծիքներէն, որոնց պատճառաւ կը տարածուին «կործանիչ եւ սադրիչ պատմութիւններ», որոնք «կը մաշեցնեն եւ կը փճացնեն համակեցութեան փխրուն թելերը»։

Մարդկային արժանապատուութիւնը սպառնալիքի տակ է՝ ի տես յաճախ տարածուած «ոչ ստուգուած տեղեկութիւններուն»  եւ «անիմաստ ու կեղծ  համոզիչ խօսակցութիւններու» կրկնութեան։ «Այս բոլորին դիմաց հարկաւոր է քաջութեամբ գործել ու հակազդել՝ետ մղելու այդ սպառնալիքները» կը գրէ Սրբազան Պապը մաղթելով որ  «բազմաթիւ վէրքերէ տառապող աշխարհի մը մէջ իր տեղը գտնէ «ճշմարտութեան լոյսը» ։

«Laudato si' – Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին հրապարակման հինգերորդ տարեդարձ

Միշտ վաղը 24 Մայիսին կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Պապին՝ հասարակաց տան ու բնապահպանութեան նուիրուած «Laudato si' – Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին հրապարակման հինգերորդ տարեդարձը,  որուն առթիւ Մարդկային Համապարփակ ցարգացումի ծառայութեան բաժանմունքը՝ 16 -24  մայիս երկարող շաբաթը հռչակած է «Գովեալ Ըլլաս-ի շաբաթ» որուն ընթացքին, հակառակ քորոնաժահրին ու սահմանափակումներուն, աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ կազմակերպուեցան զանազան ձեռնարկներ, շեշտը դնելով մեր հասարակաց տունը խնամելու հարկաւորութեան վրայ ու մեր ընթացքը փոխելու հրամայականին վրայ։

Չինաստանի Եկեղեցւոյ համար աղօթքի օր

24 մայիսը է նաեւ Չինաստանի Եկեղեցւոյ համար աղօթքի օրը որ  հաստատուած  է Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի կողմէ 30 յունիս 2007ին։  24 մայիսը Չինաստանի մէջ նուիրուած է երանուհի Ամենասուրբ կոյս Մարիամին, օգնական քրիստոնէից տօնին, որուն առթիւ  Չինաստանի հաւատացեալները ամէն տարի կը հաւաքուին Շանկայի Շիշեան Մարեմեան սրբավայրին մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2020, 12:56