Ֆրանչիսկոս Պապը գաղթական մօր ու երախայի հետ Ֆրանչիսկոս Պապը գաղթական մօր ու երախայի հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Յիսուսեաններու Ասթալլի կեդրոնին. «Շնորհակալութիւն ապաստանութեան իրաւունքը պաշտպանելու համար»։

«Ձերը՝ հիւրընկալութեան մշակոյթի օրինակ է։ Ձեզի մօտիկ եմ աղօթքով եւ սիրով» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը Յիսուսեաններու գաղթականներու ծառայութեան նուիրուած՝ Ասթալլի կեդրոնի տնօրէնին ուղղած նամակին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Գաղթականներով  զբաղող Յիսուսեաններու Ասթալլի կեդրոնը օրեր առաջ հրապարակեց գաղթականներու «առկախ կեանքին» հայող տարեկան տեղեկագիրը նկարագրելով՝ թէ անոնք կը գտնուին մէկ կողմէ համաճարակի լուծին տակ, որ կը դանդաղեցնէ եւ կը կասեցնէ առօրեայ կեանքը, եւ միւս կողմէ նոր երկրի մը մէջ նոր կեանք մը սկսելու անորոշութեան վիճակի ճնշումին տակ։

2019-ին Ասթալլի կերոնի ծառայութիւններէն օգտուեցան 20 հազար գաղթականներ եւ փախստականներ։

Տեղեկագիրի հրապարակումէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղեց Ասթալլի Կեդրոնի Տնօրէն՝ Յիսուսեան միաբան Հայր Քամիլլօ Ռիփամոնթիին, գնահատելով անոր քաջութիւնը, որով կը դիմագրաւէ գաղթականութեան մարտահրաւէրը, յատկապէս՝ ապաստանութեան իրաւունքի վերաբերող այսպիսի նուրբ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին։ 

«Թող որ ձեր օրինակը՝ ընկերութեան մէջ հրահրէ նորոգուած յանձնառում, հիւրընկալութեան եւ զօրակցութեան իսկական մշակոյթի մը ի նպաստ» կը մաղթէ Ֆրանչիսկոս Պապը նամակին մէջ, մտածումը յղելով  այն «հազարաւոր մարդոց՝ որոնք կը փախչին պատերազմէն, հալածանքներէն ու մարդկայնական ծանր տագնապներէն», որոնց Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ մօտիկութիւն եւ սէր, խրախուսելով «վստահութիւն եւ յոյս ունենալ՝ խաղաղ, արդար եւ ազգերու միջեւ եղբայրական աշխարհի մը վրայ»։

Սրբազան Պապը հուսկ կը նորոգէ գնահատանքն ու քաջալերանքը Ասթալլի կեդրոնի բոլոր համագործակիցներուն անոնց քրիստոնէական ու մարդկային արժէքներով վկայութեան համար, «որոնք, կը գրէ Ան, Եւրոպական քաղաքակրթութեան հիմքն են», ապա նամակը կ՛աւարտէ բոլորին վրայ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին եւ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2020, 18:00