Ֆաթիմայի Տիրամայրը։ Ֆաթիմայի Տիրամայրը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց դիմել Աստուածամօր օգնութեան։

Դիմեցէք Տիրամօր օգնութեան։ Անոր մէջ կը գտնենք հոգատար եւ քնքուշ Մայր մը՝ անվտանգ ապաստանարան անբարենպաստ պայմաններու ընթացքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 13 մայիսին առաքելական պալատէն նախագահած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ուղիղ եթերով իրեն  հետեւող հաւատացեալները հրաւիրեց Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումին տօնին առթիւ, հայցելու Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի իւրաքանչիւրս դարձնէ հետեւողական՝ «Աստուծոյ եւ մերձաւորի նկատմամբ սիրոյ մէջ», ըսաւ Ան։

Լեհ հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը հրաւիրեց յիշել Ֆաթիմայի Տիրամօր աշխարհին տուած պատգամը ու նաեւ 1981-ի մայիս 13-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին դէմ գործադրուած մահափորձը. «Յովհաննէս Պօղոս Բ որ իր կեանքի փրկութեան մէջ կը տեսնէր Սուրբ Կոյսին Մայրական միջամտութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ   եւ հրաւիրեց իրենց աղօթքին մէջ՝ Մարիամի Անարատ սրտի բարեխօսութեամբ, հայցել աշխարհին համար խաղաղութիւն, համաճարակին աւարտը, ապաշխարութեան հոգին եւ դարձ։   

Հուսկ ողջունելով երիտասարդները,  տարեցները, հիւանդներն ու նորապսակները թելադրեց դիմել միշտ Տիրամօր օգնութեան։ «Անոր մէջ կը գտնենք հոգատար եւ քնքուշ Մայր մը, անվտանգ ապաստանարան անբարենպաստ պայմաններու ընթացքին», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ունկնդրութիւնը աւարտեց բոլորին շնորհելով առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2020, 10:29