Հարիսայի Տիրամայրը Հարիսայի Տիրամայրը 

Ֆրանչիսկոս Պապին արտահերթ միջամտութիւնը Լիբանանի համար. 400 կրթաթոշակ երիտասարդ ուսանողներուն։

Մայրիներու երկիրը, «Մեծն Լէբանանի» 100 ամեակի այս տարուան ընթացքին, կ՛ապրի ծանր ճգնաժամ մը, որ կը յառաջացնէ տառապանք եւ աղքատութիւն, եւ վտանգը կայ որ ան խլէ նաեւ յոյսը, յատկապէս երիտասարդ սերունդէն, որ դժուար կը նկատէ ներկան եւ անորոշ ապագան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հայրական հոգատարութեամբ շարունակեց այս ամիսներուն հետեւիլ սիրելի Լիբանանի իրավիճակին, երկիրը զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ որակած էր «Պատգամ Երկիր» եւ վայրը ուր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հրապարակեց “Ecclesia in Medio Oriente – Միջին Արեւելքի մէջ Եկեղեցի» յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը, եւ որ մշտապէս եղած է համակեցութեան եւ եղբայրութեան տիպար, որ Մարդկային Եղբայրութեան Փաստաթուղթը ուզեց նուիրել համայն աշխարհին։

Մայրիներու երկիրը,  «Մեծն Լէբանանի» 100 ամեակի այս տարուան ընթացքին, կ՛ապրի ծանր ճգնաժամ մը, որ կը յառաջացնէ տառապանք եւ աղքատութիւն, եւ վտանգը կայ որ ան խլէ նաեւ յոյսը, յատկապէս երիտասարդ սերունդէն, որ դժուար կը նկատէ  ներկան եւ անորոշ ապագան։

Այս իրողութեան դիմաց միշտ աւելի դժուար կը դառնայ լիբանանի ժողովուրդի զաւակներուն ապահովել կրթութեան հասանելիութիւնը, յատկապէս այն փոքր կեդրոններուն մէջ, ուր այդ կրթութիւնը ապահովուած էր եկեղեցական հաստատութիւններէն։

Որպէս մօտիկութեան շօշափելի նշան, Ֆրանչիսկոս Պապ, Պետական Քարտուղարութեան եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի միջոցաւ, որոշեց Լիբանանի մէջ Առաքելական Նուիրակութեան ուղարկել 200 հազար տոլարի գումար, որպէս  աջակցութիւն 400 կրթաթոշակներուն, այն յոյսով որ կարելի ըլլայ հաստատել զօրակցութեան դաշինք մը ու մաղթանքով՝ որ բոլոր ազգային ու միջազգային դերակատարները  պատասխանատուութեամբ շարունակեն հասարակաց բարքի փնտռտուքը, շրջանցելով ամէն բաժանում եւ մասնակի շահեր։

Այս միջամտութիւնը կ՛աւելանայ Միջին Արեւելիքի Եկեղեցիներուն ի նպաստ  արտակարգ իրավիճակներու կհիմնադրամին կողմէն  Քովիտ19 համաճարակի դիմագրաւման ի նպաստ  երաշխաւորուած ներդրումին։

Աստուածամայրը՝ որ կը հսկէ Լիբանանի վրայ, Հարիսայի լեռնէն, պահպանէ լիբանանցի ժողովուրդը Մայրիներու Երկրի սիրելի սուրբերուն հետ միասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2020, 12:15